Սիփան Կոմիտաս երգչախումբի հարիւրամեակի համերգը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, Մարտ 14-ին, Փարիզի նշանաւոր Սէն-Ռոք եկեղեցւոյ մէջ: Այս ձեռնարկը յարգանքի տուրք մատուցեց մաէսթրօ Կարպիս Ափրիկեանին՝ երգչախումբի նախկին ղեկավարին, որ մահացաւ 2024-ին։ Ան աւելի քան 50 երկար տարիներ ղեկավարած էր երգչախումբը:
2023 Դեկտեմբերէն ի վեր, երգչախումբին երաժշտական եւ գեղարուեստական ղեկավարութիւնը ստանձնած է երաժշտահան, ջութակահար եւ խմբավար Դաւիթ Փիվազեան, որ ծնած է 1993-ին, Երեւան:
Համերգի ծրագիրը,– շատ հարուստ եւ մեծապէս որակաւոր,– բաղկացած էր հայկական ծիսական եւ աւանդական երգերու խառնուրդէ մը, գլխաւորաբար Կոմիտասի եւ Ափրիկեանի գործերը ներառող:
Առաջին մաս.
Մեծ հաճոյքով ունկնդրեցինք.
Երկրորդ մաս.
Ներկայ եղանք Սիփան-Կոմիտաս երգչախումբի բարձրագոյն որակի ելոյթին, ի յիշատակ իր առասպելական ղեկավարին՝ Կարպիս Ափրիկեանին:
Նախ, UniArt լարային քառեակը (գեղարուեստական ղեկավար՝ Մարիա Քրիսթիանի), ընկերակցութեամբ մեներգիչներ Աննա Քասեանի, Ատամ Պարոյի, Արտաւազդ Սարգսեանի եւ դաշնակահարուհի Էլիզապէթ Քալֆօղլուի, մեզի հրամցուց.
Յետոյ, երգչախումբը երգեց.
Վերջապէս, իբրեւ պսակումը երեկոյթին, համերգը աւարտեցաւ Երեւանի քայլերգով՝ «Երեւան Էրեբունի»-ով (Է. Յովհաննիսեանի, Պարոյր Սեւակի խօսքերով), որ ընդունուած էր 2004-ին՝ նշելու համար քաղաքի 2750-րդ տարեդարձը:
Մեծ թիւով հանդիսականները այս վերջին գործը երգեցին երգչախումբին հետ եւ երկար վայրկեաններ յոտնկայս ծափահարեցին:
Այս համերգը անգամ մը եւս լուսարձակի տակ բերաւ հայկական երաժշտութեան հարստութիւնը:
Շանթ ՈՍԿԵՐԻՉԵԱՆ
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։