Երեւան կը հակադարձէ Ազերպայճանի տեղեկատուական յարձակումներուն

Արդէն քանի մը օր է, որ Ազերպայճան կը շարունակէ իրականութեան չհամապատասխանող տեղեկութիւններով յարձակումը Հայաստանի դէմ՝ պարբերաբար յայտարարելով հայ-ազերպայճանական սահմանին հրադադարի խախտումներու մասին։ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը արդէն տասնեակէ մը աւելի հաղորդագրութիւններով հերքած է, իսկ Արտաքին գործոց նախարարութիւնը անդրադարձած է Ազերպայճանի՝ նման կեղծ պնդումներով անպատասխանատու կեցուածքին։

Երեւան յիշեցուցած է նաեւ, որ Պաքուի պատասխանին կը սպասեն հայկական կողմի տարբեր առաջարկները։ Օրինակ՝ սահմանային հատուածներէն զօրքերու փոխադարձ կարգով հեռացման առաջարկը ներկայացուած է 2021-ին, որուն Ազերպայճան չէ համաձայնած։ Դրական արձագանգ չկայ նաեւ հրադադարի խախտման հետաքննական գործիքակազմեր ստեղծելու հայկական առաջարկին մասին։

Ազերպայճանի՝ վերջին օրերու գործողութիւնները՝ Ազգային ժողովի «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութեան անդամ Արսէն Թորոսեան կը գնահատէ որպէս տեղեկատուական գրգռութիւն, որ քանի մը նպատակ ունի։

«Առաջինը՝ մեր երկրի ներքին կայունութիւնը խաթարելն է։ Նման դէպքեր անցեալին արդէն պատահած են, որ բոլորս ահ ու սարսափի մէջ ապրինք։ Մեր գերատեսչութիւններու, ինչպէս նաեւ Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութեան պարզաբանումները, ըստ էութեան, կը փարատեն այդ կասկածները, հաստատելով որ կրակոց չկայ։ Երկրորդը, կը կարծեմ, այն է, որ Ազերպայճանի համար քիչ մը անսպասելի էր խաղաղութեան պայմանագրի արագ համաձայնութեան արժանանալը։ Թերեւս նաեւ արգելք եղաւ իրենց քաղաքական “գինը” բարձրացնելուն»։

Թորոսեանի համոզումով՝ Հայաստանի ընելիքներուն մէջ ոչինչ պէտք է փոխուի, պարզապէս պաշտպանական կառոյցները պէտք է պատրաստ ըլլան ապահովելու Հայաստանի սահմաններու անվտանգութիւնը։

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Անի Բադալեան եւս անդրադարձած է Ազերպայճանի ամբաստանութիւններուն։ Մասնաւորապէս՝ զինման, սահմանամերձ հատուածներու մէջ Հայաստանի կողմէ հարուածային սպառազինութիւն տեղակայելու եւ ուժային բեմագրութեան պատրաստուելու մասին Ազերպայճանի ստայօդ յայտարարութիւնները՝ Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը հետեւեալ ձեւով մեկնաբանած է.

«Հայաստանի օրակարգին վրայ գտնուող ո՞ր հարցի լուծումն է, որ կրնայ ենթադրել ուժային բեմագրութիւն։ Նման մեկնաբանութեան առիթ կրնար տալ միայն Հայաստանի աւելի քան 200 քառակուսի քիլոմեթր բռնագրաւուած տարածքներու հարցը, որու մասին Հայաստան յստակ արտայայտուած է, թէ զայն ուժային ճանապարհով լուծելու խնդիր չի դներ, որովհետեւ սահմանի զատման հոլովոյթը եւ հիմա արդէն՝ խաղաղութեան պայմանագրի համաձայնութեան արժանացած բնագիրը այդ խնդիրը խաղաղ ճանապարհով լուծելու բոլոր կարելիութիւնները ստեղծած են։ Հայաստան ուժային նշեալ բեմագրութեան կրնայ պատրաստուիլ՝ դիմադրելու համար հաւանական յարձակումի մը եւ սա որեւէ երկրի օրինական իրաւունքն է, իսկ սահմանամերձ հատուածներու մէջ Հայաստանի բոլոր քայլերը կը համապատասխանեն բացառապէս պաշտպանական տրամաբանութեան»։

Հայկական կողմը կը շարունակէ պնդել, որ պատրաստակամ է հետաքննելու հրադադարի խախտումները, եթէ Ազերպայճանէն փաստական տուեալներ ներկայացուին։ Սակայն, ցարդ, մերկապարանոց յայտարարութիւններէ բացի, Պաքու որեւէ փաստ չէ ներկայացուցած հայկական կողմին։

Ինչ կը վերաբերի տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններու վերաբացման պարտաւորութիւնները չկատարելու մասին Ազերպայճանի ամբաստանութեան, Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը պարզաբանէ, որ տարածաշրջանային տնտեսական եւ երթեւեկութեան հաղորդակցութիւններու բացման հարցին մէջ Հայաստան միակողմանի պարտաւորութիւններ չունի։ Ազերպայճանի արեւմտեան շրջաններու եւ Նախիջեւանի միջեւ երթեւեկութեան կապի առանձին օրակարգը բաղադրիչն է ապաշրջափակման ընդլայնուած օրակարգին, որ կը ներառէ նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան ապաշրջափակումը։

Փաշինեանի դիմագիրքեան գրառումը

Միւս կողմէ, վարչապետ Փաշինեան Դիմագիրքի իր էջին կատարած է հետեւեալ գրառումը.

«Հայաստանի եւ Ադրբեջանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագրի նախագիծը համաձայնեցուած է եւ սպասում է ստորագրման։ Ես պատրաստ եմ իմ ստորագրութիւնը դնել այդ փաստաթղթի ներքոյ։ Ադրբեջանի նախագահ Իլհամ Ալիեւին առաջարկում եմ սկսել խորհրդակցութիւններ Հայաստանի եւ Ադրբեջանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագրի համաձայնեցուած նախագծի ստորագրման շուրջ»։