Ուրբաթ, Մարտ 14-ին, Պանիէօ քաղաքի Փօլ Վայան-Գութիւրիէ սրահին մէջ շուրջ երեսուն հոգիէ բաղկացած լսարանը մեծ հետաքրքրութեամբ ունկնդրեց Հիլտա Գալֆայեան-Փանոսեանը, որ կը ներկայացնէր իր «Արդարները Հայոց ցեղասպանութեան դէմ-յանդիման» ֆրանսերէն գիրքը (« Les “Justes” face au Génocide des Arméniens »), հրատարակուած «Գիրք» հրատարակչատան կողմէ անցեալ Դեկտեմբերին։ Ներկաներէն մէջ պէտք է նշել պարոն Ռոպէր Օրիւսքոյի եւ տիկին Լօռանս Սալէօնի բարեկամական ներկայութիւնը, որոնք համապատասխանաբար Գաշանի եւ Պանիէօյի քաղաքապետարանի խորհրդականներն են՝ պատասխանատու՝ Յիշողութեան հարցերու, ինչպէս նաեւ Պանիէօ-Վանաձոր քոյր քաղաքներու յանձնաժողովի երկու ներկայացուցիչներ։
Ցեղասպանութեան 110-րդ տարելիցի նախօրեակին, Ֆրանսահայ Կապոյտ Խաչի Պանիէօյի «Իսահակեան» մասնաճիւղը կարեւոր նկատած էր կազմակերպել այս հանդիպումը՝ բնաբանի մը շուրջ, որ թէեւ ծանօթ է, բայց քիչ մշակուած է հրապարակումներու մէջ, այսքան համապարփակ կերպով։ Այս է որ Հիլտա Գալֆայեան-Փանոսեան յաջողած է ընել իր գիրքին մէջ, որ կը ներկայացնէ, բազմաթիւ փաստաթուղթերով, երէկուան «Արդարները», բոլոր ազգութիւններէ, ներառեալ թուրքերը, եւ ժամանակակից «Արդարները», հիմնականին մէջ թուրքեր, որոնք չեն վարանիր վերահաստատելու Պատմական ճշմարտութիւնը՝ իրենց կառավարութիւններու պաշտօնական կեղծիքներուն դիմաց։
Մօտ երկու ժամ, այնքան խանդավառ իր նիւթով, որուն վրայ աշխատած էր հինգ տարի, Հիլտան անդրադարձաւ այդ «Արդարներուն», երբեմն կարդալով հատուածներ անոնց գրութիւններէն կամ յայտարարութիւններէն։
Բարեկամական հիւրասիրութիւն մը թոյլ տուաւ մասնակիցներուն աւարտել երեկոյթը բաժակի մը շուրջ, համտեսելով խաչուհիներուն պատրաստած անուշեղէնները։
ԽԱՉՈՒՀԻ ՄԸ
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։