Նիսի Սուրբ Աստուածածին հայկական եկեղեցին վերընդգրկուած է թեմի կազմին մէջ

Ֆրանսայի հայոց թեմի առաջնորդի գրասենեակին հրապարակած մէկ հաղորդագրութենէն կը տեղեկանանք, թէ Նիսի Սուրբ Աստուածածին հայկական եկեղեցին, որ երկար տարիներու խոր վէճերէ ետք արտաքսուած էր Հայ առաքելական եկեղեցիէն եւ հետեւաբար թեմէն, ներկայիս դարձեալ վերընդգրկուած է թեմի կազմին մէջ։

Ստորեւ՝ հաղորդագրութիւնը.

Թեմական պատգամաւորական ընդհանուր ժողով՝ կարեւոր որոշումներ

Շաբաթ, Մարտ 15-ին, աղօթքէն ետք, տեղի ունեցաւ Թեմական պատգամաւորներու տարեշրջանային ընդհանուր ժողովը Լիոնի «Կարպիս Մանուկեան» սրահին մէջ։ Առաջնորդ Գրիգոր եպիսկոպոսի բարձր հովանաւորութեամբ, ժողովը վարեց Թեմական պատգամաւորական ժողովի փոխնախագահ Ժերար Սահակ Շխըրտըմեան՝ քանի որ նախագահ Ժիլպէր Տէրտէրեան առողջական պատճառներով չէր կրցած մասնակցիլ։

Օրակարգ

  • Աղօթք եւ Առաջնորդի պատգամը,
  • Բարոյական եւ ֆինանսական զեկուցումներ՝ ներկայացուած Թեմական խորհուրդի քարտուղար Սերժ Սարգիս Վարդանեանի եւ գանձապահ Արմենակ Գուզոյեանի կողմէ,
  • Թեմական խորհուրդի նախագահ Ռիշար Կազարեանի ողջոյնի խօսքը, որ անդրադարձաւ թեմական կեանքի կարեւոր կէտերուն,
  • Քննարկումներ՝ թեմական կեանքին համար կենսական հարցերու շուրջ։

Կէսօրէ ետք տեղի ունեցած արտակարգ ընդհանուր ժողովին՝ պատմական որոշում մը կայացուեցաւ՝

  • Նիսի Սուրբ Աստուածածին հայկական եկեղեցւոյ կրօնական միութեան թեմի կազմին մէջ վերընդգրկումը։

Այս որոշումը նոր էջ մը կը բանայ մեր եկեղեցւոյ համար։ Յառաջիկայ օրերուն, վարչական քայլերու պիտի ձեռնարկուին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի եւ Նիսի դատարանին մէջ, որպէսզի այս վերամիացումը պաշտօնապէս հաստատուի եւ անցումը յաջողութեամբ կատարուի։

  • Պաշտօնական յայտարարութիւն՝ հայ գերիներու ազատ արձակման համար

Ժողովի ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ հրատապ ուրիշ հարցի մը եւս՝ Ազերպայճանի մէջ անօրինի պահուող 23 հայ ռազմագերիներու վիճակին։

Խոր քննարկումներէ ետք, ժողովը միաձայնութեամբ որոշեց պատրաստել պաշտօնական յայտարարութիւն մը՝ անոնց ազատ արձակման կոչով։ Այս յայտարարութիւնը, զոր պիտի ստորագրէ Առաջնորդ հայրը՝ պատգամաւորական ժողովին անունով, պիտի ուղարկուի իշխանութիւններուն։

Ան կոչ կ՚ընէ Ֆրանսայի իշխանութիւններուն՝  միջամտելու միջազգային մակարդակի վրայ, որպէսզի ռազմագերիները, որոնք անմարդկային պայմաններու մէջ կը պահուին եւ միջազգային իրաւունքի կոպիտ խախտումներու զոհ են, ազատ արձակուին։

Թեմը այսպէսով անգամ մը եւս կը վերահաստատէ իր յանձնառութիւնը՝ հայ ժողովուրդի իրաւունքներուն եւ արդարութեան պաշտպանութեան։

Մենք մեր սրտանց շնորհակալութիւնը կը յայտնենք բոլոր հոգեւորականներուն եւ պատգամաւորներուն, իրենց յանձնառութեան ու թանկագին ներդրումին համար։

Թող Աստուած օրհնէ եւ առաջնորդէ զիրենք իրենց առաքելութեան մէջ։

ԱՌԱՋՆՈՐԴԻ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ