Ազերպայճան միջազգային հետախուզում յայտարարած է Ռուսաստանի երեք քաղաքացիներու նկատմամբ
Ազերպայճանի գլխաւոր դատախազութիւնը Օգոստոս 17-ին միջազգային հետախուզում յայտարարած է Ռուսաստանի երեք քաղաքացիներու նկատմամբ՝ զանոնք մեղադրելով «երկրի հողային ամբողջականութեան խաթարման ու սահմանադրական կարգի տապալման ուղղուած կոչեր հնչեցնելու, ինչպէս նաեւ ազգամիջեան թշնամանք հրահրելու» յանցանքով։
Ազերպայճանական աղբիւրներու համաձայն՝ հետախուզում յայտարարուած է «Մոսկուա 24» հեռատեսիլի լրագրող Իվան Քնիազեւի, Ռուսաստանի երթեւեկութեան նախարարի խորհրդական, քաղաքական արհեստագիտութեան մասնագէտ Ալեքսէյ Չատաեւի եւ մամլոյ փորձագէտ Սեմիոն Ուրալովի նկատմամբ։
Ազերպայճանի դատախազութեան պնդումով՝ վերոնշեալ անձերը Յուլիսին եւ Օգոստոսին հեռարձակուած հաղորդումներու ընթացքին «բռնութիւն կիրարկելու կոչեր հնչեցուցած են Ազերպայճանի Հանրապետութեան եւ անոր որոշ քաղաքացիներուն դէմ»։
Յատկանշական է, որ այս որոշումին զուգահեռ, նոյն օրը Ռուսաստանի տարածքէն արտաքսուած է Մոսկուայի ազերպայճանական համայնքի ղեկավար Պախթիար Հասանովը։
