Սանքթ Փէօլթընի հաւաքին մութ կէտերը

ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ

Փետ­րուար 17-19 Աւստրիոյ Սանքթ Փէօլ­թըն քա­ղաքին մէջ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջ­միածնէն հա­զարա­ւոր քի­լոմեթր հե­ռու, Գա­րեգին Բ. Վե­հափա­ռին կազ­մա­կեր­պած Եպիս­կո­պոսաց հա­ւաքը աւար­տեց իր աշ­խա­տանքնե­րը։

Ինչպէս Մայր Աթո­ռը սրբու­թիւն սրբոց հա­մարող հա­յոր­դի­ներուն կող­մէ կ՚ակնկա­լուէր, Գե­րաշ­նորհ Սրբա­զան­նե­րը իրենց ուխտին եւ կո­չու­մին հա­մահունչ յայ­տա­րարու­թեամբ մը հան­դէս եկան, որուն մէջ անոնք կը ցու­ցա­բերեն Սուրբ Էջ­միած­նին եւ Ամե­նայն Հա­յոց կա­թողի­կոսին հան­դէպ հա­ւատար­մութեան ու ծա­ռայութեան ան­խախտ կե­ցուածք. «Մենք՝ Ամե­նայն հա­յոց կա­թողի­կոսու­թեան՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջ­միած­նի, Երու­սա­ղէմի Հա­յոց պատ­րիար­քութեան եւ Կ. Պոլ­սոյ Հա­յոց պատ­րիար­քութեան քսան­հինգ եպիս­կո­պոս­ներս, գո­հու­թիւն եւ փառք կը մա­տու­ցա­նենք երկնա­ւոր Տի­րոջ, որ շնոր­հը պար­գե­ւեց մե­զի Մեծ Պահ­քի շրջա­նի սկիզբը աղօ­թական միու­թեամբ վե­րանո­րոգե­լու Իջ­ման Սուրբ Սե­ղանին առ­ջեւ կնքած եպիս­կո­պոսա­կան մեր ուխտը…»։

Եպիս­կո­պոսա­կան հա­ւաքին տրուած այս բա­ցատ­րութիւննե­րը աւե­լի մեծ հար­ցադրումներ կը ստեղ­ծեն, քան թէ լու­ծումներ եւ լու­սա­բանումներ կ՚առա­ջադ­րեն։

Տա­կաւին յստակ չէ, թէ ի՛նչ անհրա­ժեշ­տութիւն կար եկե­ղեցա­կան ժո­ղովը երկրէն դուրս գու­մա­րելու, նոյ­նիսկ եթէ սե­պենք, թէ կա­ռավա­րու­թեան կող­մէ ճնշում կար եկե­ղեցա­կան­նե­րու վրայ։ Հայ առա­քելա­կան եկե­ղեցին այդ աս­տի­ճան ինքզինք ան­զօ՞ր կը զգայ դի­մադ­րե­լու կա­ռավա­րու­թեան պա­հանջնե­րուն. եթէ ար­դար է, այսքա՞ն է 1700-ամեայ այս հաս­տա­տու­թեան հո­գեւոր ու­ժը, դի­մադ­րո­ղակա­նու­թիւնը։ Օտար լու­ծի տակ կա­րելի է դի­մանալ, դի­մադ­րել, հայ­րե­նի հո­ղին վրայ՝ ո՞չ։

Ին­չո՞ւ Երու­սա­ղէմի եւ Կոս­տանդնու­պոլսոյ պատ­րիարքնե­րը չմաս­նակցե­ցան այս հա­ւաքին եւ ին­չո՞ւ Արամ Վե­հափա­ռը չմաս­նակցե­ցաւ. եթէ իրա­պէս այսքան հա­լածուած է Հայ առա­քելա­կան եկե­ղեցին Հա­յաս­տա­նի մէջ, հարկ էր, որ անոր ամբողջ կազ­մը պայ­քա­րէր՝ պաշտպա­նելու զայն իր իսկ պե­տու­թեան դէմ։

Ին­չո՞ւ Էջ­միածի­նը չդի­մեց Սահ­մա­նադ­րա­կան դա­տարան՝ դա­տապար­տե­լու կա­ռավա­րու­թեան հա­կասահ­մա­նադ­րա­կան քայ­լե­րը եւ ար­գի­լելու անոր «հա­կա-եկե­ղեցա­կան» քա­ղաքա­կանու­թիւնը, եթէ իրա­պէս այդ էր գլխա­ւոր մտա­հոգու­թիւնը։

Ին­չո՞ւ դա­տապար­տել կա­ռավա­րու­թիւնը, երբ ան սահ­մա­նադ­րութեամբ իրա­ւասու է ընդդիմանալու ազ­գա­յին ինքնու­թեան կա­րեւո­րագոյն հաս­տա­տու­թեան՝ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ երկրէն դուրս եպիս­կո­պոսա­կան ժո­ղով գու­մա­րելու որո­շու­մին, այնպի­սի ժա­մանակ մը, երբ պե­տու­թիւնը պէտք ու­նի ազ­գա­յին բո­լոր հաս­տա­տու­թիւննե­րու նե­ցու­կին՝ դի­մադրելու հա­մար բո­լոր տե­սակի թշնա­մական յար­ձա­կումներուն ու խառ­նա­ծին պա­տերազմնե­րուն։

Նոյ­նիսկ եթէ օտար երկրի մէջ պի­տի ըլ­լար, ին­չո՞ւ այդ հա­ւաքը չկազ­մա­կեր­պուեցաւ Հայ առա­քելա­կան եկե­ղեց­ւոյ նուիրա­պետու­թեան մնա­ցեալ երեք աթոռ­նե­րէն մէ­կուն՝ Երու­սա­ղէմի, Կոս­տանդնու­պո­լսոյ կամ Ան­թի­լիասի մէջ, կամ Հայ առա­քելա­կան եկե­ղեց­ւոյ պատ­կա­նող թե­մի մը մէջ։ Աւե­լի շեշ­տուած կեր­պով օտար­նե­րուն ու­շադրու­թի՞ւնը գրա­ւելու հա­մար։ Քա­րոզ­չա­կա՞ն նպա­տակով։

Եպիս­կո­պոսա­կան ժո­ղովին օրա­կար­գը եւս մեծ հար­ցադրումներ կը ստեղ­ծէ. բա­ցի Վե­հափա­ռի հրա­ժարա­կանը պա­հան­ջած բա­րեկարգման խմբա­կին մաս կազ­մած Յով­նան արք. Տէր­տէ­րեանի բա­նախօ­սու­թեան նիւ­թէն՝ «Եկե­ղեց­ւոյ առա­քելու­թիւնը ար­դի ժա­մանա­կաշրջա­նին եւ առ­կայ մար­տահրա­ւէր­նե­րը հայ­րե­նիքի եւ սփիւռքի մէջ», որուն մէջ կայ ար­դի ժա­մանակ­նե­րու Եկե­ղեց­ւոյ առա­քելու­թեան հար­ցադրումը, մնացեալ նիւթերը կը մնան զուտ քաղաքական՝ հեռու հաւատքի, կրօնական ու հոգեւոր կեանքին առնչուող ստոյգ օրակարգէն։ Վերջին եր­կու Եպիս­կո­պոսա­կան ժո­ղով­նե­րը նո­ւիրո­ւած էին Ցե­ղաս­պա­նու­թեան նա­հատակ­նե­րու սրբա­դաս­ման եւ Մկրտու­թեան կար­գի բա­րեկարգման։ Ներ­կայ հա­ւաքը դժբախ­տա­բար չանդ­րա­դար­ձաւ ար­դէն տաս­նա­մեակ­նե­րէ ի վեր՝ Եկե­ղեց­ւոյ վեր­նա­խաւին վար­քին վերաբերող հան­րա­յին հար­ցադրումնե­րուն, մին­չեւ վար­չա­պետ Փա­շինեանի այդ նիւ­թե­րը հան­րայնաց­նե­լու պահը։

Եռօրեայ նիս­տե­րուն ըն­թացքին քննու­թեան առ­նո­ւած միւս օրա­կար­գի նիւ­թե­րը եղած են՝ «Եկե­ղեցի-պե­տու­թիւն յա­րաբե­րու­թիւննե­րուն ներ­կայ կա­ցու­թիւնը եւ Եկե­ղեց­ւոյ շուրջ ստեղ­ծո­ւած իրա­վիճա­կը Հա­յաս­տա­նի մէջ» (զե­կու­ցող՝ Տ. Գրի­գոր եպիս­կո­պոս Խա­չատ­րեան),

– «Եկե­ղեց­ւոյ ինքնա­վարու­թեան պաշտպա­նու­թիւնը քա­ղաքական շահար­կումներէն եւ ստեղծուած իրավիճակին յաղթահարման ուղիները» (զեկուցող՝ Տ. Աշոտ եպիսկոպոս Մնացականեան)։ 

Ժ.Չ. ■