Մարդկային իրաւանց պաշտպանը դատապարտած է վարչապետին վարքը
Մարդկային իրաւանց պաշտպան (ՄԻՊ) Անահիտ Մանասեան դատապարտած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Արցախէն բռնի տեղահանուած կնոջ միջեւ Երեւանի մեթրոյին մէջ տեղի ունեցած միջադէպը: Լրագրողներու հետ զրոյցին՝ Մանասեան շեշտած է, որ կը դատապարտէ նման վարքը անկախ անկէ, թէ ան կը վերաբերի վարչապետին կամ որեւէ այլ քաղաքական ուժի:
ՄԻՊ-ը միեւնոյն ժամանակ դրական գնահատած է, որ վարչապետը միջադէպէն ետք ներողութիւն խնդրած եւ որոշ քայլերու ձեռնարկած է:
Յիշեցնենք, որ վարչապետին կողմէ արցախցի կնոջ ուղղուած «փախածներով չփորձէք ասել, որ ես Ղարաբաղ եմ տուել» արտայայտութենէն ետք, ՄԻՊ-ը յայտարարած էր, որ բռնի տեղահանուած անձերու հետ հաղորդակցութիւնը պէտք է իրականացուի պատշաճ զգայունութեամբ՝ հաշուի առնելով անոնց խոցելի վիճակը եւ յարգելով միջազգային իրաւական չափանիշերը: ■
