Սահ­մա­նադ­րա­կան դա­տարա­նի նո­րըն­տիր դա­տաւո­րի ան­կա­խու­թիւնն ու անա­չառու­թիւնը՝ կաս­կա­ծի տակ

Սահմանադրական

Մէկ տաս­նեակէ աւե­լի քա­ղաքա­ցիական հա­սարա­կու­թեան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­ներ դա­տա­պար­տած են Վլա­տի­միր Վար­դա­ն­եանի առա­ջ­ա­դ­րու­մը Սահ­մա­նադ­րա­կան դա­տա­րա­նի դա­տա­ւո­րի պաշ­տօ­նին՝ յայ­տա­րա­րե­լով, որ այս որո­շու­մը կը վտան­գէ դա­տարա­նի ան­կա­խու­թեան եւ անա­չառու­թեան նկատ­մամբ հան­րա­յին վստա­հու­թիւնը։ Իշ­խա­նու­թեան «Քա­ղաքա­ցիա­կան պայ­մա­նագիր» կու­սակցու­թեան եօթը տա­րի ան­դա­մակ­ցած եւ ըն­դա­մէ­նը քա­նի մը օր առաջ կու­սակցու­թե­նէն հե­ռացած Վար­դա­նեանը ար­դէն իսկ ընտ­րուած է այդ պաշ­տօ­նին:

Հա­յաս­տա­նեան քա­ղաքա­ցիական հա­սարա­կու­թեան ներ­կա­յացուցիչ­նե­րը կը շեշ­տեն, որ թէեւ Վար­դա­նեան վար դրած է իր երես­փո­խանա­կան լիազօ­րագիրն ու դադ­րե­ցու­ցած ան­դա­մակ­ցութիւ­նը խորհրդա­րանա­կան մե­ծամաս­նութիւն կազ­մող քա­ղաքա­կան ու­ժին, անոր եր­կա­րամ­եայ քա­ղաքա­կան եւ կու­սակցա­կան գոր­ծունէու­թիւնը լուրջ կաս­կած­ներ կը յա­րու­ցէ են­թա­կային ապա­գայ անա­չառու­թեան վե­րաբե­րեալ: Յայ­տա­րարու­թեան մէջ կը նշուի, որ անա­չառ դէ­տի մը տե­սան­կիւնէն, նման քա­ղաքա­կան կա­պը ինքնին կը հա­կասէ պատ­շաճ տնօրինման։

Կազ­մա­կեր­պութիւննե­րը նաեւ կը յի­շեց­նեն, որ նա­խապէս՝ Սերժ Սարգսեանի շրջա­նին նմա­նատիպ իրա­վիճակ ստեղ­ծուած էր Հրայր Թով­մա­սեանի՝ Սահ­մա­նադ­րա­կան դա­տարա­նի դա­տաւոր եւ ապա նա­խագահ ընտրուելու հո­լովոյ­թին ըն­թացքին: Այն ատեն եւս քա­ղաքա­կան ան­թա­քոյց կա­պը դար­ձած էր քննա­դատու­թեան թի­րախ, եւ Նի­կոլ Փա­շինեան այդ նշա­նակու­մը որա­կած էր Սերժ Սարգսեանի կող­մէ «գոր­ծուղում»՝ Սահ­մա­նադ­րա­կան դա­տարան։ ■