Ալէն Սի­մոնեանի ներգրա­ւուած մի­ջադէ­պը

Ալէն Սիմոնեան

Ազ­գա­յին ժո­ղովի նա­խագահ Ալէն Սի­մոնեանի ներգրաւ­մամբ, Մարտ 26-ին խորհրդա­րանի հա­րեւա­նու­թեամբ տե­ղի ու­նե­ցած մի­ջադէ­պէն ետք, Դե­միր­ճեան փո­ղոցէն եր­կու անձ ներ­կա­յացուած է հա­մայնքա­յին ոս­տի­կանու­թեան Արաբ­կի­րի բա­ժին։

Թէ ի՛նչ հիմ­նա­ւորու­մով քա­ղաքա­ցինե­րը հսկո­ղու­թեան տակ առ­նուած են՝ յստակ չէ: Ոս­տի­կանու­թիւնը առայժմ կը մեր­ժէ յա­ւելեալ մեկ­նա­բանու­թիւն կա­տարել:

Ան­հետ կոր­սուածի հա­րազատ Ար­սէն Ղու­կա­սեան «Ազա­տու­թեան» յայտնած է, որ հսկո­ղու­թեան տակ առ­նուած­ներն են գոր­ծիչ Մի­քայէլ Մար­գա­րեանն ու «Հա­մահայ­կա­կան ճա­կատ» կու­սակցու­թեան ան­դամ Ար­սէն Վար­դա­նեանը:

Ազ­գա­յին ժո­ղովի նա­խագա­հին ներգրա­ւու­մով եւ փո­խադարձ հայ­հո­յանքնե­րով մի­ջադէ­պը տե­ղի ու­նե­ցած է Դե­միր­ճեան փո­ղոցին վրայ:

Ան­հետ կոր­սուած զի­նուոր­նե­րու հա­րազատ­նե­րը քա­նի մը օր է կը հա­ւաքուին խորհրդա­րանի շէն­քին առ­ջեւ՝ պա­հան­ջե­լով Ազ­գա­յին Ժո­ղովէն հրա­պարա­կել 44-օրեայ պա­տերազ­մի զե­կոյ­ցը:

Մի­քայէլ Մար­գա­րեանի դի­մագիր­քեան էջի ուղղա­կի սփռու­մէն պարզ կը դառ­նայ, որ Ալէն Սի­մոնեանի հետ վէ­ճը կը սկսի այն պա­հուն, երբ Ազ­գա­յին ժո­ղովի նա­խագա­հը կը մեր­ժէ խօ­սիլ Մար­գա­րեանի հետ:

Վի­ճաբա­նու­թեան ըն­թացքին, ըստ տե­սանիւ­թե­րուն, կը հնչեն սե­ռական բնոյ­թի փո­խադարձ հայ­հո­յանքներ:

Աւելի ուշ, Ազ­գա­յին ժո­ղովի նա­խագա­հը Դի­մագիր­քի իր էջին վրայ հրա­պարա­կուած տե­սանիւ­թով մը պար­զա­բանած է մի­ջադէ­պը՝ զայն որա­կելով «սադ­րանքնե­րու շա­րան»։ Ան հաս­տա­տած է, որ ան­հետ կոր­սուած­նե­րու հա­րազատ­նե­րուն հետ զրու­ցե­լէ ետք, զինք մի­տումնա­ւոր կեր­պով գրգռած են իրեն ծա­նօթ հա­մացան­ցա­յին գոր­ծիչ մը ու անոր ըն­կե­րակ­ցող կու­սակցա­պետ մը։ Ըստ Սի­մոնեանի պնդու­մին՝ ինք պար­զա­պէս կո­պիտ կեր­պով պա­հան­ջած է հե­ռու մնալ, սա­կայն երի­տասար­դը չէ են­թարկուած անվտան­գութեան աշ­խա­տա­կից­նե­րուն եւ հնչե­ցու­ցած է սե­ռական հայ­հո­յանքներ, որոնց ինք հա­կադար­ձած է, իսկ մի­ջամ­տող երկրորդ ան­ձը հե­ռացուած է ոս­տի­կան­նե­րուն կող­մէ։ Խորհրդա­րանի նա­խագա­հը խստիւ դա­տապար­տած է որոշ քա­ղաքա­կան շրջա­նակ­նե­րու կող­մէ ան­հետ կոր­սուած զի­նուոր­նե­րու հա­րազատ­նե­րուն ցա­ւին շա­հագոր­ծումը՝ սե­փական նպա­տակ­նե­րուն հաս­նե­լու հա­մար։

Նա­խապէս, 44-օրեայ պա­տերազ­մի հան­գա­մանքնե­րը ու­սումնա­սիրող յանձնա­ժո­ղո­վի նա­խագահ Անդրա­նիկ Քո­չարեան շեշ­տած էր, որ զե­կոյ­ցը հան­րութեան չէ հա­սած Ալէն Սի­մոնեանի որո­շու­մին պատ­ճա­ռով, իսկ զե­կոյցն ու անոր հիմք հան­դի­սացած բո­լոր փաս­տա­թուղթե­րը կը պատ­րաստուին տրա­մադ­րե­լու նաեւ իրա­ւապահ մար­միննե­րուն:

44-օրեայ պա­տերազ­մի հան­գա­մանքնե­րը քննող յանձ­նա­ժողո­վը Ազ­գա­յին Ժո­ղո­վին մէջ ձե­ւաւո­րուած էր 2022-ին՝ իշ­խա­նու­թեան նա­խաձեռ­նութեամբ, եւ գոր­ծած էր առանց ընդդի­մադիր­նե­րու մաս­նակցու­թեան. վեր­ջիններս ի սկզբա­նէ պոյ­քո­թի են­թարկած էին զայն՝ պնդե­լով, որ «պա­տերազ­մի պար­տութեան պա­տաս­խա­նատու­նե­րը չեն կրնար առար­կա­յական քննու­թիւն կա­տարել»:

«Նկա­տի առ­նե­լով, որ 44-օրեայ պա­տերազ­մի հան­գա­մանքնե­րը ու­սումնա­սիրող քննիչ յանձնա­ժողո­վի զե­կոյ­ցը, պայ­մա­նաժա­մերու ան­հա­մապա­տաս­խա­նու­թեան պատ­ճա­ռով, իրա­ւական առու­մով ան­կա­րելի դար­ձած է ընդգրկել Ազ­գա­յին ժո­ղովի լիագու­մար նիս­տե­րու օրա­կար­գին մէջ, բո­լոր հա­ւանա­կան իրա­ւական շա­հագրգիռ կող­մե­րուն հետ քննար­կումնե­րէ ետք որո­շում կա­յացուած է զե­կոյ­ցը ղրկել Ազ­գա­յին ժո­ղովի առա­ջին բա­ժին, ուր գաղտնիու­թեան ար­տօ­նու­թիւն ու­նե­ցող իւ­րա­քան­չիւր երես­փո­խան կրնայ եր­թալ եւ ծա­նօթա­նալ անոր», «Ազա­տու­թեան» ըսուած է խորհրդա­րանէն: ■