Պոլիս կը վերագտնէ իր մշակութային զարկերակը
Պոլսոյ Եսայեան միութեան նախաձեռնութեամբ 2026-ի Մարտ ամիսը դարձաւ «Հանդիպում»-ներու ամիս, հանդիպումներու փառատօն։ Սա անսպասելի երեւոյթ մըն է Սփիւռքի տարածքին։ 50 ձեռնարկ՝ պար, երաժշտութիւն, գրականութիւն, ցուցահանդէս, բեմական ներկայացում, շարժանկար… Եւ բազմատեսակ աշխատանոցներ, որոնք տեղի ունեցան Պոլսոյ հայկական վարժարաններէն սկսեալ մինչեւ միութենական կեդրոններու եւ ոչ-հայկական համերգասրահներու ու թանգարաններու մէջ։
Յայտագրին բազմազանութիւնն ու մասնակիցներու բազմատարրութիւնը նոր շունչ եւ նոր աւիւն կը բերեն համայնքային մշակութային կեանքին։ Համայնքային կեանքը կը բացուի դուրսին, հանրութեան. այս շարժումին նախաձեռնողները երիտասարդներ են, ընկերներ, որոնց մէկ մասը բարեկամացած է «Զարմանազան» ամառնային ճամբարին մէջ։ Անոնք կ՚ապրին բազմամշակութային իրականութեան մէջ եւ կ՚ուզեն վերագտնել իրենց ինքնութեան ոչ լիարժէք ապրուած տարրը՝ հայկականը, որ մինչ այդ մնացած էր ներամփոփ, դէպի դուրսը չբացուած, առանց արտաքին ներկայացուցչութեան՝ պատմութեան եւ մութ անցեալի անցքերուն մէջ կարծրացած կաղապարներով։ Դիւրին գործ չէ։ Արդեօք հասունցա՞ծ է պահը՝ տէր կանգնելու անոր, մութին մէջ մնացածը դուրս բերելու, ամբողջանալու, եւ լիովին ապրելու համար դարը, վայրը, ժամանակն ու իրականութիւնը՝ իր ամբողջ բարդութեամբ, տագնապով, խռովքով եւ հաճոյքով։
Բարեբախտաբար, «Հանդիպում»-ներէն դուրս ծրագրուած էին նաեւ այլ հանդիպումներ։ Ուշադրութեան արժանի էին երեք բեմական ներկայացումներ, որոնցմէ երկուքը կը կեդրոնանային յիշողութեան եւ անցեալի ժառանգութեան արժեւորման վրայ։
Առաջինը «Յանկարծ» թատերախումբի բեմադիր Եղիա Աքկիւնի եւ Սահակեան-Նունեան վարժարանի աշակերտներուն համատեղ թատերական աշխատանոցի բեմադրութիւնն էր՝ «Յիշելը արգիլուած է» վերնագրով։ Այդ հաւաքական աշխատանքի արտայայտութիւնը կը բեմականացնէր յիշողութեան տագնապը նոյնիսկ պատանի սերունդին մօտ։ Թէեւ ան ներկայացուեցաւ հայ հասարակութեան՝ Սամաթիոյ դպրոցի Հրաչեայ Աճառեան սրահին մէջ, բայց արդէն ծրագրուած էր, որ փառատօնի մը ծիրէն ներս ներկայացուի նաեւ Պոլսոյ ոչ-հայ հանրութեան։ Արդէն իսկ «Յանկարծ» թատերախումբը երկլեզու բեմադրութիւններ կը կատարէ՝ հայերէն եւ թրքերէն։
Երկրորդը Կեդրոնական վարժարանի ներկայացումն էր՝ «Վերյիշում հինգ հաստատութիւններու», որ նուիրուած էր հայկական Պոլիսը մշակութային ու կրթական օճախ դարձնող տեսլականի տէր հինգ հեղինակութիւններու՝ Ս. Փրկիչ հիւանդանոցի հիմնադիր Յարութիւն ամիրա Պէզճեանին (1832), Գալֆայեան որբանոցի հիմնադիր Սրբուհի մայրապետ Գալֆայեանին (1866), Կեդրոնական վարժարանի հիմնադիր Ներսէս պատրիարք Վարժապետեանին (1886), Գարակէօզեան վարժարանի հիմնադիր Տիգրան Գարակէօզեանին (1913) եւ Սուրբ Խաչ դպրեվանքի հիմնադիր Գարեգին պատրիարք Խաչատուրեանին (1953)։ Հիմնադիրները «խօսք առին» արհեստական բանականութեան միջոցով։ Բեմադրութիւնը յագեցած էր պարով եւ վաւերագրական լուսանկարներով, որոնք կը յաւերժացնէին այս տեսլապաշտ անձերուն նուիրումը. չէ՞ որ յաճախ ճիշդ անոնց ձգած կտակին շնորհիւ է, որ դարաւոր հաստատութիւնները գոյատեւած են մինչեւ այսօր։
Երրորդը Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի տնօրէնութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած միջվարժարանային չորրորդ թատերական փառատօնն էր՝ նուիրուած Մարտ 27-ի Թատրոնի միջազգային օրուան։ Ձեռնարկը կը վարէր փառատօնի համակարգող Սիլվա Պալճըն։ Դպրոցական խումբերը բեմադրեցին հայ դասական հեղինակներու թատերակներ։ Պոլսոյ դպրոցներուն մէջ թատերական փառատօնի յաջողութիւնը եզակի երեւոյթ է։ Գեղարուեստական թատրոնը արուեստներու համադրում մըն է, ուր բեմը լեզուին կու տայ մարմին, տիպար, տարածք եւ հաւաքական ինքնութեան արտայայտութեան կարգավիճակ։ Երեւոյթ մը, որ արեւմտահայերէնի նման գոյութենական պայքար մղող լեզուի մը համար հիմնական նուաճում է։
Սփիւռքի մէջ Պէյրութը դարձած էր արեւմտահայ մշակոյթի օրրանը։ Ան ունէր պետականութեան գրեթէ բոլոր ստորոգելիները՝ պետական ներկայացուցչութիւն՝ երեսփոխան, նախարար, քաղաքապետութիւն, կաթողիկոսութիւն, դպրոցներ, համալսարան, դարմանատուն, ծերանոց, կուսակցութիւններ, տնտեսական լծակներ եւ համայնքային ինքնավարութիւն… կարգավիճակ մը, որ անցեալին ունէր Պոլիսը։ Հակառակ Օսմանեան կայսրութենէն Թուրքիոյ Հանրապետութիւն անցման ժամանակ ապրած իր արհաւիրքներուն, պոլսահայ համայնքը դեռ ունի վերականգնելու եւ ստեղծագործելու ներուժ։
Ժ.Չ. ■
