Մոսկուա կը բողոքէ Զելենսքիի երեւանեան ելոյթին դէմ

Գուրգէն Արսէնեան

Դեսպան Գուրգէն Արսէնեան

Հայաստանի դեսպանը կանչուած է Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւն

Մայիս 7-ին,  Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւն կանչուած է Հայաստանի դեսպան Գուրգէն Արսէնեանը։ Ան ընդունուած է Ռուսաստանի Արտաքին գործոց փոխնախարար Միխայիլ Կալուզինի կողմէ։

«Դիւանագիտական առաքելութեան ղեկավարին յայտնուեցաւ, թէ բացարձակապէս անընդունելի է Եւրոպական Միութեան հովանիին ներքեւ վերջերս կայացած ձեռնարկներու ծիրին մէջ, Քիեւի նացիական վարչակարգի պարագլուխ Վ. Զելենսքիին “ամպիոն” տրամադրելը՝ Ռուսաստանի հասցէին ահաբեկչական սպառնալիքներ հնչեցնելու համար»,– նշուած է Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան հրապարակած պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ:

Նախարարութիւնը նաեւ ընդգծած է. «Մոսկուայի մէջ այս կապակցութեամբ արդարօրէն վրդոված են եւ Երեւանի կողմէ պատշաճ բացասական գնահատականի բացակայութիւնը կը նկատեն… ռուս-հայկական յարաբերութիւններու գործընկերային բնոյթին չհամապատասխանող»։

Ըստ ռուսական աղբիւրին՝ դեսպան Արսէնեան խոստացած է Մոսկուայի ներկայացուցած մտահոգութիւնները հաղորդել Երեւանին։ Հայկական կողմը այս միջադէպին գծով առայժմ պաշտօնական արձագանգ չէ կատարած։

Յիշեցնենք, որ Ուքրաինայի նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքի Երեւանի մէջ ունեցած իր ելոյթին ընթացքին յայտարարած էր, թէ Մոսկուա այս տարի որոշած է իր զօրահանդէսը կազմակերպել առանց ռազմական ծանր կառքերու, քանի որ «կը վախնան նաեւ, որ զօրահանդէսի պահուն Կարմիր հրապարակին վրայ անօդաչու սարքեր բզզան»։