«Ռուսաստան պէտք չէ ճանչնայ ՀՀ ընտրութիւններու արդիւնքները»

Զաթուլին

Զաթուլին. «Եթէ Նիկոլ Փաշինեան յաղթէ յառաջիկայ ընտրութիւններուն, Ռուսաստան պաշտօնապէս պէտք չէ ճանչնայ արդիւնքները»

Եթէ Նիկոլ Փաշինեան յաղթէ յառաջիկայ խորհրդարանական ընտրութիւններուն, Ռուսաստան պաշտօնապէս պէտք չէ ճանչնայ անոնց արդիւնքները: Այս մասին «НСН» լրատու գործակալութեան յայտնած է Ռուսաստանի Պետական տումայի Անկախ Պետութիւններու Համագործակցութեան (ԱՊՀ՝ նախկին խորհրդային պետութիւններու մեծ մասը համախմբող) հարցերու յանձնաժողովի փոխնախագահ Քոնսթանթին Զաթուլին։

“Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երբեք չէ թաքցուցած իր հակառուսական հայեացքները, եւ Հայաստանի Հանրապետութեան՝ Ռուսաստանի հետ յարաբերութիւններու լիակատար խզման միտումը պիտի շարունակուի անոր վերընտրուելու պարագային: Հետեւաբար, եթէ ան ընտրուի՝ պարզապէս, Ռուսաստան պաշտօնապէս պէտք չէ ընդունի ընտրութիւններուն արդիւնքները”,– նշած է Զաթուլին։

«Ան Ռուսաստանի անվերապահ թշնամին է» 

Զաթուլինի կարծիքով՝ Փաշինեան Ռուսաստանի անվերապահ թշնամին է, որ իշխանութեան ղեկին յայտնուելով, մինչեւ որոշ ժամանակ մը ստիպուած էր քօղարկել իր մտադրութիւններն ու նպատակները:

“Մենք մեզի թոյլ տուինք յոյսեր փայփայել, թէ ան պիտի յարմարի, պիտի սիրէ, եւ ոչ մէկ տեղ պիտի երթայ։ Իսկ ան մեզ օգտագործեց։ Չէ՞ որ ան բոլորովին չէր թաքցներ իր տեսակէտները նախքան վարչապետ դառնալը”,– ըսած է պաշտօնատարը՝ աւելցնելով. “Ան կը գրէր, որ պէտք է ձերբազատիլ ամբողջ անցեալէն, Ռուսաստանէն, պէտք է դուրս գալ ՀԱՊԿ-էն, Եւրասիական միութենէն եւ պէտք է հեռացնել Գիւմրիի մեր ռազմակայանը։ Պարզապէս մեր կողմէ անմտութիւն էր կարծել, թէ ան, գալով իշխանութեան, յանկարծ ամբողջութեամբ մեր կողմը պիտի անցնի կամ պիտի մոռնայ իր համոզումները”։

Ըստ անոր, Փաշինեան այս առումով լիովին հետեւողական մարդ է. “Անկասկած, ան խորամանկ է։ Ուստի պարտադիր չէր, որ ան այդ ամէնը բարձրաձայն ըսէր, յատկապէս երբ Քրեմլինի մէջ հանդիպում կ՚ունենար Փութինի հետ։ Բայց հիմա ան այդ դիմակներն ալ մէկդի նետեց։ Անոնք մէկդի նետուեցան 2022-ին, որովհետեւ մենք առճակատման մէջ մտանք այն Արեւմուտքին հետ, ուր ան կը ձգտի երթալ։ Եւ ան սկսաւ իրականացնել այդ քաղաքական ուղեգիծը հետզհետէ աւելի լկտի, ծաւալուն եւ լայնածաւալ կերպով։ Անոր շրջապատն ալ առհասարակ չի քաշուիր այդ ուղեգիծը յայտնելէ”։

Զաթուլին նաեւ մտահոգութիւն յայտնած է, որ Փաշինեանի խմբակը իր գործողութիւններով բախման կ՚առաջնորդէ Ռուսաստանի եւ Հայաստանի ժողովուրդները, որուն պատճառով յարաբերութիւնները պիտի տուժեն ոչ միայն քաղաքական մակարդակի վրայ։

Յիշեցնենք, որ նախապէս Փաշինեան Երեւանի մէջ ընդունած էր Վոլոտիմիր Զելենսքին եւ եւրոպացի առաջնորդները։ Ռուսաստանի նախագահի օգնական Եուրի Ուշաքով ընդգծած էր, որ հայկական իշխանութիւնները կը փափաքին երկու աթոռի վրայ նստիլ, ինչ որ, սակայն, ըստ անոր՝ ժխտականօրէն կ՚անդրադառնայ Ռուսաստանի հետ երկկողմանի յարաբերութիւններուն վրայ։ Զաթուլին վստահ է, որ Հայաստանի վարչապետը երբեք չէ թաքցուցած իր հակառուսական հայեացքները եւ հետեւողական է իր քաղաքականութեան մէջ, ուստի իմաստ չունի սպասել, որ ան ընտրութիւն կատարէ ի նպաստ Ռուսաստանի։