«Հայաստան» դաշինքը իր քարոզարշաւը սկսած է Էջմիածնէն

691899508_1510221307130746_7992275666620783510_n

Մայիս 8-ին, Էջմիածնէն սկսած է «Հայաստան» դաշինքի նախընտրական քարոզարշաւը, ուր տեղի ունեցած հանրահաւաքին ընթացքին ներկայացուած է դաշինքին ծրագիրը:

ՀՅԴ-ի անդամ Սեւակ Նազարեան բացումը կատարելով յայտարարած է, որ «Հայաստան» դաշինքը «եկած է պայքարը աւարտին հասցնելու եւ Հայոց պատմութեան այս ամօթալի էջը վերջնապէս դարձնելու»:

Հանրահաւաքին ելոյթներով հանդէս եկած են դաշինքի գլխաւոր դէմքերը։

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան շեշտած է Էջմիածնէն սկսելու խորհուրդը. “Այսօր մեր ինքնութիւնը վտանգուած է, իսկ անոր պահապան Հայ առաքելական եկեղեցին՝ թիրախաւորուած։ Հայաստանի ինքնիշխանութիւնը յանձնուած է օտարներուն, որոնք վարչախումբին հետ կը պայքարին մեր ինքնութեան դէմ”, ըսած է ան։

«Առաջ» կուսակցութեան ղեկավար Սեւակ Խաչատրեան յիշեցուցած է Վաղարշապատի ընտրութիւններուն իրենց ապահոված 10.000 քուէները՝ զանոնք որակելով որպէս իշխանութիւններէն ձերբազատելու եւ երկրին մէջ իրական սիրոյ ու եղբայրութեան մթնոլորտ վերահաստատելու ժողովուրդի պահանջ։

Երեսփոխան Քրիստինէ Վարդանեան անդրադարձած է Մայիս 8-ի խորհուրդին՝ նշելով. “Ճիշդ ութ տարի առաջ մեզի դրախտային երկիր խոստացան, բայց մեզ առաջնորդեցին դէպի դժոխքի դռները, բերին թռիչքային սղաճ եւ կրկնապատկուած պետական պարտք”։

Երեսփոխան Աննա Գրիգորեան  իր կարգին ընդգծած է. “Միասին պիտի փակենք փաշինեանական պատերազմի եւ նուաստացման էջը ու հեռացնենք Ալիեւի խամաճիկ իշխանութիւնները”։

Ռոբերտ Քոչարեանի եզրափակիչ խօսքը

Հանրահաւաքը եզրափակուած է դաշինքի առաջնորդ, Հայաստանի երկրորդ նախագահ Ռոբերտ Քոչարեանի ելոյթով։ Ան նշած է, որ Հայաստանի պատմութեան մէջ երբեք նման ընտրութիւններ չեն եղած, ուր պայքարը կը մղուի յանուն ինքնութեան, եկեղեցիի եւ ազգային արժէքներու պահպանման։

“Այսօր իշխանութիւններուն հիմնական նախընտրական խօսոյթը պատերազմն է, որովհետեւ ուրիշ ըսելիք չունին”,– ըսած է Քոչարեան՝ ներկայացնելով անվտանգութեան իր մոտելը. ժամանակակից եւ մարտունակ բանակ, ուժեղ առաջնորդ եւ հզօր դաշնակից։

“Մեզի պատերազմով կը սպառնան, բայց կայ պարզ ճշմարտութիւն մը՝ պատերազմը կը սկսի այն ատեն, երբ նախայարձակը վստահ է իր յաղթանակին: Մենք կը ձգտինք խաղաղութեան, բայց ան պէտք է ըլլայ երաշխաւորուած: Չի կրնար խաղաղութիւն կոչուիլ վիճակ մը, երբ ամէն ինչ կախեալ է մէկ մարդու քմահաճոյքէն. սա նուաստացում է, եւ մենք թոյլ պիտի չտանք”,– եզրափակած է Քոչարեան։

Հանրահաւաքը աւարտած է դէպի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին կատարուած երթով: