Հայաստան−Ռուսաստան՝ լարուած յարաբերութիւններ

ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ

Մայիսի սկզբին, Երե­ւանը դար­ձաւ մի­ջազ­գա­յին դի­ւանա­գիտու­թեան ու­շադրու­թեան կեդ­րո­նը։ Այս եւ­րո­պամէտ մի­ջոցա­ռումնե­րը ան­պա­տաս­խան պի­տի չմնա­յին Ռու­սաս­տա­նի, ինչպէս նաեւ Հա­յաս­տա­նի մէջ անոր յա­րող ու­ժե­րուն կող­մէ։ Իսկ Ուքրաինա­յի նա­խագահ Զե­լենսքիի ներ­կա­յու­թիւնը աւե­լի բռնկեց ար­դէն չա­փազանց լա­րուած կա­ցու­թիւնը։ Դեռ նախ­քան Եւ­րո­պական քա­ղաքա­կան հա­մայնքի (ԵՔՀ) մայիսեան վեհա­ժողո­վին կա­յացու­մը, Ռու­սաստա­նի բարձրա­գոյն իշ­խա­նու­թիւննե­րը շեշ­տած էին, թէ Հա­յաս­տան չի կրնար միաժա­մանակ ան­դա­մակ­ցիլ թէ՛ Եւ­րա­սիական տնտե­սական միու­թեան (ԵԱՏՄ) եւ թէ՛ Եւ­րո­պական Միու­թեան։

Հա­յաս­տա­նի խորհրդա­րանա­կան ընտրար­շա­ւին մաս­նակցե­լու պատ­ճա­ռով, վար­չա­պետ Փա­շինեանի կող­մէ Մա­յիս 9-ի Մոս­կո­վեան Յաղ­թա­նակի շքեր­թի հրա­ւէրին մեր­ժումէն ետք, նա­խագահ Փու­թին, աւե­լի հե­ռու եր­թա­լով, մամ­լոյ ասու­լի­սի ըն­թացքին պնդեց. «Իմ կար­ծի­քով, ճիշդ պի­տի ըլ­լար,– թէ՛ բնակ­չութեան, Հա­յաս­տա­նի քա­ղաքա­ցինե­րուն, թէ՛ մե­զի հան­դէպ, որ­պէս գլխա­ւոր տնտե­սական գոր­ծընկեր,– որ Հա­յաս­տան հնա­րաւո­րինս շուտ հան­րա­քուէ մը կազմակերպէր Եւ­րոպական Միու­թեան ան­դա­մակ­ցութեան ուղ­ղութեան մա­սին»։ Եւ աւել­ցուց, որ նման քայ­լի ար­դիւնքին հի­ման վրայ Ռու­սաստանն ալ «իր ընտրու­թիւնը կ՚ընէ, եւ ապա կը դի­մենք դէ­պի մեղմ, քա­ղաքա­կիրթ եւ եր­կուստեք օգ­տա­ւէտ ապա­հար­զան»։

Հա­յաս­տա­նի Արտաքին գործոց նա­խարար Արա­րատ Միր­զո­յեան Փու­թի­նին պա­տաս­խա­նեց, թէ՝ «Հա­յաս­տան կը գոր­ծադրէ եւ ապա­գային ալ պիտի գոր­ծադրէ բո­լոր ջան­քե­րը, որ­պէսզի Ռու­սաստա­նի հետ ու­նե­նայ բնականոն գոր­ծընկե­րային առողջ յա­րաբե­րու­թիւններ»։ Իսկ վար­չա­պետ Նի­կոլ Փա­շինեան, մեր­ժե­լով Ռու­սաստա­նի նա­խագահ Փու­թի­նի եր­կու յատ­կանշա­կան առա­ջարկնե­րը՝ յայ­տա­րարած էր, թէ կա­ռավա­րու­թիւնը մտա­դիր չէ Եւ­րո­պական Միու­թեան եւ ԵԱՏՄ-ի մի­ջեւ ընտրու­թեան հան­րա­քուէ կազ­մա­կեր­պել, ինչպէս նաեւ չ՚ըն­դունիր ապա­հար­զա­նի գա­ղափա­րը։

Փու­թի­նի ակ­նարկնե­րը ցոյց կու տան Հա­յաս­տա­նի հան­դէպ Ռու­սաստա­նի տակաւին շարունակուող գա­ղու­թա­տիրա­կան մտայ­նութիւ­նը։ Կայ թա­քուն սպառ­նա­լիք մըն ալ Փու­թի­նի ձե­ւակեր­պումին մէջ, լուռ զուգահեռի մը գծումով հայաս­տանեան ներկայի կացութեան հետ. յի­շեցո՛ւ­մը Ուքրաինա­յի դէմ պա­տե­րազ­մի դրդա­պատ­ճա­ռին։ Կրնայ «ար­դար» թուիլ, որ ան պա­հան­ջէ Հայաստանէն հան­րա­քուէի կազ­մակերպու­մ, բայց երբ խօս­քը կը վե­րաբե­րի Ազեր­պայճա­նին, Ղա­զախստա­նին եւ կամ այլ թրքա­խօս  պե­տու­թիւննե­րուն, որոնք Ռուսաստա­նի քի­թին տակ ստեղ­ծե­­ցին Թրքա­խօս պե­տու­թիւննե­րու կազ­մա­կեր­պութիւ­նը (Թուրքիոյ նա­խաձեռ­նութեամբ), նոյն պա­հան­ջը չդրուեցաւ անոնց առջեւ։

Պէտք է ըն­դունինք, որ Հա­յաս­տան եւ Ազեր­պայճան նոյն ռազ­մա­վարա­կան կշի­ռը չու­նին Մոս­կուայի աչ­քին։ Ազեր­պայճա­նի ետին կայ Թուրքիան եւ քա­րիւ­ղը։ Իսկ Հա­յաս­տա­նի պա­րագա­յին, Մոս­կուան դեռ ու­նի իր Գիւմրիի ռազ­մա­կայա­նը, ինչպէս նաեւ Հա­յաս­տա­նի կա­րեւո­րագոյն պե­տական են­թա­կառոյցնե­րը, որոնք տնտե­սական մեծ լծակ­ներ են։ Ու­նի նաեւ Ռու­սաստա­նի հայ­կա­կան հա­մայնքը, ուրկէ շա­տեր, կա­մայ թէ ակա­մայ, կ՚աշ­խա­տին ի նպաստ Ռու­սաստա­նի։

Յու­նիս 7-ին Հա­յաս­տա­նի խորհրդա­րանա­կան ընտրու­թիւննե­րուն առ­թիւ, Ռու­սաստան կ՚օգ­տա­գոր­ծէ տնտե­սական գոր­ծօ­նը,նպաս­տա­ւորե­լու հա­մար ռու­սա­մէտ քա­ղաքա­կան ու­ժե­րը։ Ան Հա­յաս­տա­նի մե­ծագոյն տնտե­սական գոր­ծընկերն է։ Հա­յաս­տան Ռու­սաստա­նէն կը ստա­նայ ցած գի­նով կազ, քա­րիւղ եւ ճար­տա­րարուես­տի ոլոր­տի այլ ապ­րանքներ։ Մեծ է Հա­յաս­տա­նէն գիւ­ղատնտե­սական ապ­րանքնե­րու ար­տա­ծման ծա­ւալը դէ­պի Ռու­սաստան։ Առեւտրա­կան շրջա­նառու­թիւնը կը հաս­նի շուրջ 7 մի­լիառ տո­լարի։ Պար­բե­րաբար, իբր ազդարարութիւն, տար­բեր դրդա­պատ­ճառնե­րով, կարգ մը ապ­րանքնե­րու մուտքի ար­գելքներ կը դրուին Ռու­սաստա­նի կող­մէ, ինչ­պէս ան­ցեալ ամիս՝ «Ջերմուկ»-ի հանքային ջուրերու վաճառքին վրայ։

2020-ի Ար­ցա­խեան պա­տերազ­մի ընթացքին Ռու­սաստա­նի կողմ­նակ­ցութիւ­նը Ազեր­պայճա­նին եւ Հա­յաս­տա­նի հան­դէպ իր դաշ­նակ­ցա­յին պար­տա­ւորու­թիւննե­րու դրժումը, հա­յու­թեան հա­մար մե­ծագոյն դա­ւաճա­նու­թիւնն էր։ Նոյ­նը կրկնուե­ցաւ Ար­ցա­խի բնակ­չու­թեան տեղա­հանման ատեն եւ այդ թուա­կա­նէն ետք բազ­միցս՝ Հա­յաս­տա­նի վրայ ազերպայ­ճա­նական յար­­ձա­­­կումնե­­րու ընթացքին։ Ոչ մէկ երաշ­­խիք կայ, որ Ռու­­սաս­տան ապա­­գային աւե­­լի լաւ վե­­րաբե­­րում պի­­տի ցու­­ցա­­­բերէ Հա­­յաս­­տա­­­նի հան­­դէպ։ Այս պայ­­մաննե­­րուն մէջ, ռու­­սա­­­կան միահե­­ծան ազ­­դե­­­ցու­­թիւնը հա­­ւասա­­րա­կշռե­­լու հա­­մար, Փա­­շինեանի կա­­ռա­վա­­րու­­թեան եւ­­րո­­­պական արե­­ւելու­­մը այ­­լընտրանք չու­­նի։ Բայց սա չի նշանակեր, որ մի­ջազ­գա­յին ներ­կայ տագ­նա­պալի իրա­վիճա­կին մէջ ան ան­պայման յա­ջող ելք պիտի ու­նե­նայ։

Ժ.Չ.