Պաքուն ՀՀ քաղաքացիներուն համար անանուն տեղեկութիւն տրամադրելու գործիքակազմ կը ստեղծէ

Շարաֆաթ

Պաքուն յատուկ գործիքակազմ մը կը ստեղծէ, որուն միջոցով Ազերպայճանի եւ Հայաստանի քաղաքացիները կարելիութիւն պիտի ունենան, առանց իրենց ինքնութիւնը բացայայտելու, տեղեկութիւններ տրամադրելու ղարաբաղեան պատերազմներուն ընթացքին անհետացած անձերուն, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանին մէջ գտնուող զանգուածային թաղման վայրերուն վերաբերեալ:

Այս մասին Յունիս 30-ին յայտարարած է Ազերպայճանի Պետական անվտանգութեան ծառայութեան փոխտնօրէն Շարաֆաթ Հասանով:

“Տրամադրուած տեղեկութիւնը պիտի օգտագործուի բացառապէս մարդասիրական նպատակներով, իսկ զայն տրամադրող անձը որեւէ պարագայի պատասխանատւութեան պիտի չենթարկուի”,– նշած է ազերպայճանցի պաշտօնատարը։

Հասանով նաեւ նշած է, թէ Ազերպայճանը բաց է հայկական կողմին հետ համագործակցելու՝ անհետացածներու խնդրին լուծման հարցով: