Գերմանիոյ Նաումպուրկ քաղաքին մէջ «Արմաւիր» անունը կրող ծառուղիի պաշտօնական բացում
Գերմանական Նաումպուրկ քաղաքին մէջ, տեղւոյն ամէնամեայ «Հուսիթեան բալի փառատօն»-ի ծիրէն ներս, պաշտօնապէս բացուած է հայկական Արմաւիր քաղաքի անունը կրող ծառուղի մը:
Բացման արարողութեան ներկայ գտնուած են Արմաւիրի քաղաքապետ Վարշամ Սարգսեան, Նաումպուրկի քաղաքապետ Արմին Միւլլեր եւ Գերմանիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան Վիքթոր Ենգիբարեան՝ շրջանային պաշտօնատարներու, ինչպէս նաեւ Ֆրանսայի եւ Գերմանիոյ գործընկեր քաղաքներէ ժամանած պատուիրակութիւններու ընկերակցութեամբ:
Արմաւիրն ու Նաումպուրկը զուգորդ քաղաքներ դարձած են 2025 թուականին: Անկէ ի վեր երկու քաղաքապետարանները կը համագործակցին կրթական փոխանակման, խաղողագործութեան եւ տնտեսական զարգացման ոլորտներուն մէջ:
«Հուսիթեան բալի փառատօն»-ի բացատրութիւնն ու պատմութիւնը
«Հուսիթեան» անուանումը կու գայ 15-րդ դարու չեխական կրօնական եւ քաղաքական շարժումէ մը, որուն հետեւորդները կը կոչուէին հուսիթներ՝ ի պատիւ իրենց հոգեւոր առաջնորդ, աստուածաբան եւ բարենորոգիչ Եան Հուսի։ Իսկ գերմանական Նաումպուրկ քաղաքի գլխաւոր տօնակատարութիւնը հիմնուած է այս զօրքերուն հետ կապուած դարաւոր ու գեղեցիկ աւանդազրոյցի մը վրայ:
Ըստ պատմութեան, 1432 թուականին չեխական հուսիթեան զօրքերը պաշարած էին Նաումպուրկ քաղաքը, եւ անիկա կործանման եզրին էր: Փրկութեան վերջին յոյսով տոգորուած՝ քաղաքի բնակիչները ճերմակ հագուստներ կը հագցնեն իրենց երեխաներուն եւ զանոնք կ՚ուղարկեն թշնամիի բանակատեղին՝ գթութիւն հայցելու: Տեսնելով անմեղ մանուկները՝ հուսիթներու հրամանատար Փրոքոփ Մեծը կը յուզուի, կը հրաժարի քաղաքը քանդելու իր մտադրութենէն եւ, որպէս բարեացակամութեան նշան, երեխաներուն քաղցր բալեր կը նուիրէ:
Այդ օրուընէ ի վեր, ի յիշատակ քաղաքի հրաշափառ փրկութեան, Նաումպուրկի մէջ ամէն տարի կը նշուի այս իւրայատուկ փառատօնը, որուն ընթացքին սպիտակազգեստ երեխաներուն առատօրէն բալ կը բաժնուի։
