Փաշինեանը՝ Իսրայէլի որոշումին չարձագանգելու մասին

Փաշ-չափ

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Յունիս 29-ին լրագրողներուն հետ կարճ զրոյցի մը ընթացքին անդրադարձած է Իսրայէլի կառավարութեան կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման որոշումին չարձագանգելու հարցին:

“Արձագանգի կարիք չենք տեսներ, որովհետեւ կը կարծենք, որ Հայոց ցեղասպանութիւնի որպէս զէնք գործածելու նիւթին մէջ չմտնելը կը բխի Հայաստանի Հանրապետութեան շահերէն”,– լրագրողի մը հարցումին ի պատասխան ըսած է Փաշինեան: