Ուաշինկթընի Ազգային տաճարին մէջ Հայաստանի դեսպանութեան կողմէ կազմակերպուած է հանդիսաւոր ընդունելութիւն՝ Սուրբ Ծննդեան հրաշափառ տօնին եւ ԱՄՆ-ու 250-ամեակին առթիւ։

Ձեռնարկին ելոյթներով հանդէս եկած են ԱՄՆ-ու մէջ Հայաստանի դեսպան Նարեկ Մկրտչեան, Սպիտակ տան Հաւատքի հարցերու գրասենեակի գլխաւոր խորհրդական, նախագահ Տանըլտ Թրամփի հոգեւոր հովիւ Փոլա Ուայթ-Քէյն, Հայաստանեայց առաքելական Սուրբ եկեղեցւոյ ԱՄՆ-ու Արեւմտեան եւ Արեւելեան թեմերու առաջնորդներ՝ Յովնան արք. Տէրտէրեանն ու Մեսրոպ եպիսկ. Պարսամեանը, ինչպէս նաեւ ԱՄՆ-ու Աղօթքի ազգային նախաճաշի շարժման առաջամարտիկ, հոգեւոր հովիւ Քրիս Հալվըրսըն։

Հայաստանի դեսպանութեան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, որ ձեռնարկի ընթացքին Նարեկ Մկրտչեան ընթերցած է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի՝ ներկաներուն յղած ուղերձը։

Ձեռնարկին ներկայ եղած են ԱՄՆ-ու կառավարութեան բարձրաստիճան պաշտօնեաներ, կրօնական տարբեր կառոյցներու ներկայացուցիչներ, դեսպաններ, Հայաստանի պատուոյ հիւպատոսներ եւ ԱՄՆ-ու հայ համայնքի ներկայացուցիչներ։

Դեսպանը իր ելոյթին մէջ շնորհաւորած է Սուրբ Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնը, ընդգծած՝ Հայաստան–ԱՄՆ յարաբերութիւններուն մէջ քրիստոնէական արժէքներու դերը, կարեւոր համարած՝ ԱՄՆ-ու առաջնորդութիւնը կրօնական ազատութիւններու հարցին մէջ, շնորհակալութիւն յայտնած՝ Ուաշինկթընի Ազգային տաճարին ընդունելութեան համար եւ նոր ձեռքբերումներ մաղթած ԱՄՆ-ին՝ 250-ամեակին առթիւ։

Փոլա Ուայթ-Քէյն իր ելոյթին մէջ շնորհակալութիւն յայտնած է դեսպանին՝ Սուրբ Ծննդեան ընդունելութեան կազմակերպման համար, կարեւոր համարած է վարչապետ Փաշինեանի նուիրումը հայ ժողովուրդին եւ ընդգծած, որ Հայաստան՝ որպէս աշխարհի առաջին քրիստոնեայ երկիր, պատմութեան ընթացքին յաղթահարելով բազմաթիւ փորձութիւններ, պահպանած է իր հոգեւոր ժառանգութիւնը եւ դարձած՝ հաւատքի վկայութիւն աշխարհի համար։ Ուայթ-Քէյն ընդգծած է, որ Միացեալ Նահանգներ կանգնած է հայ ժողովուրդի կողքին՝ յանուն հաւատքի, գործընկերութեան եւ ընդհանուր նպատակներու։

Հոգեւոր հովիւ Քրիս Հալվըրսըն իր խօսքին մէջ յատկապէս ընդգծած է վարչապետ Փաշինեանի կողմէ Հայաստանի մէջ «Աղօթքի նախաճաշ»-ի կազմակերպման նախաձեռնութեան կարեւորութիւնը՝ նշելով, որ ան կը վկայէ հաւատքի, միասնութեան եւ առաջնորդութեան արժէքներուն նկատմամբ Հայաստանի յանձնառութիւնը։

Ձեռնարկի մասնակից հոգեւոր առաջնորդները շնորհաւորած են ներկաները Սուրբ Ծննդեան հրաշափառ տօնին առթիւ եւ հանդէս եկած՝ աղօթքներով, իսկ մշակութային բաժնի ծիրէն ներս հնչած են կատարումներ՝ Վիեննայի երաժշտութեան եւ կատարողական արուեստի համալսարանի դասախօս, դաշնակահարուհի Նարէ Արղամանեանի, մենակատար Էտիթա Տոլունց-Քալայճեանի եւ երգեհոնահար Արմինէ Խաչատրեանի մասնակցութեամբ։ Ձեռնարկի ընթացքին ցուցադրուած են նաեւ հայ նկարիչ Արմէն Քանքանեանի արուեստի գործերը։

Ընդունելութեան աւարտին Ուաշինկթընի Սուրբ Մարիամ Աստուածածին եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ դպրոցի սաներուն կատարմամբ հնչած է «Հայր մեր» աղօթքը։