Հայ գերիներու վերադարձին մասին մարդկային իրաւանց պաշտպան Սիրանոյշ Սահակեանի կարծիքը
“Սուրիացի վարձկաններու «արժէքը» գործարքային իմաստով շատ աւելի բարձր է, քան, իմ կարծիքով՝ պատկերացուցած են Հայաստանի իշխանութիւնները”,– այս մասին Panorama.am-ի հետ զրոյցի ընթացքին ըսած է միջազգային իրաւունքի մասնագէտ, գերիներու իրաւունքները ՄԻԵԱ-ի (Մարդկային Իրաւանց Եւրոպական Ատեան) մէջ ներկայացնող Սիրանոյշ Սահակեան՝ անդրադառնալով այսօր (Յունուար 14-ին) Պաքուէն 4 հայ գերիներու ազատ արձակման ու Հայաստանի կողմէ 2 սուրիացի վարձկաններու յանձնումին վերաբերեալ պաշտօնական տեղեկութիւններուն։
Panorama.am – Տիկին Սահակեան, ինչպէ՞ս կը գնահատէք չորս հայ գերիներու վերադարձը Հայաստան․ սա մարդասիրակա՞ն քայլ էր, թէ՞ այլ գործընթացի արդիւնք։
Սիրանոյշ Սահակեան – Բնականաբար, շատ ուրախալի է, որ գոնէ չորս հայ գերիներ, կամ աւելի ճիշդ՝ պատանդներ, վերադարձան Հայաստան։ Յատկապէս եթէ հաշուի առնենք, որ անոնցմէ երեքը արդէն բաւական երկար ժամանակ է կը գտնուէին Պաքուի բանտերուն մէջ, իսկ Վագիֆ Խաչատրեանը ունի լրջագոյն առողջական խնդիրներ։ Սակայն պէտք է ուշադրութիւն դարձնել նաեւ համաժամանակեայ այլ իրադարձութեան մը վրայ․ նոյն օրը հաղորդուեցաւ, որ երկու սուրիացի վարձկաններ Թուրքիոյ միջոցաւ վերադարձուած են Սուրիոյ իշխանութիւններուն։
Panorama.am – Այսինքն, ըստ ձեզի, խօսքը փոխանակմա՞ն մասին է։
Սիրանոյշ Սահակեան – Այո՛։ 2025 Դեկտեմբերին արդէն կը քննարկուէր նման հաւանական գործարքի տարբերակը։ Տեղեկութիւններ կային, որ կը բանակցուի ճիշդ վարձկաններու դիմաց հայ գերիներու ազատ արձակումը։ Պէտք է հասկնալ, որ վարձկանները զգալի հետաքրքրութիւն կը ներկայացնեն թուրք-սուրիական շրջանակներուն համար, քանի որ զիրենք կրնան ներգրաւել այլ առաքելութիւններու մէջ։ Անոնց «արժէքը» գործարքային իմաստով շատ աւելի բարձր է, քան, իմ կարծիքովս, պատկերացուցած են Հայաստանի իշխանութիւնները։ Իմ գնահատումով՝ սա անհաւասար գործարք է։ Փաստերը կը վկայեն, որ հարցերը կը շարունակեն լուծուիլ ոչ թէ մարդասիրական կամ իրաւական տրամաբանութեամբ, այլ՝ գործարքային մօտեցմամբ։ Այս երկու յանցագործներու յանձնումին դիմաց Հայաստանը կրնար աւելի մեծ թիւով հայեր հայրենադարձնել։
Panorama.am – Ըստ ձեզի՝ ինչո՞ւ ազատ չեն արձակուած Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան ներկայացուցիչները։ Ազերպայճանը այլ զիջումնե՞ր կ՚ակնկալէ։
Սիրանոյշ Սահակեան – Ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան հարցը շատ աւելի բարդ է։ Հոս մենք գործ ունինք քաղաքական հետապնդման եւ Արցախի քաղաքական միաւորի ապաօրինականացման պետական քաղաքականութեան հետ։ Իրատեսական չէր ակնկալել, որ այս փուլին անոնք կը վերադարձուին։ Ազերպայճանի քայլերը կանխատեսելի էին։ Անոնք նախ պէտք է վերադարձնէին այն անձերը, որոնք արդէն իսկ դատապարտուած են։ Իսկ Արցախի նախկին եւ ներկայ ղեկավարներուն համար տակաւին դատավճիռ չկայ։ Այդ բեմականացուած դատավարութիւններուն հիմնական իմաստը դատական վճիռներու ձեռքբերումն է։ Առանց ատոնց՝ Ազերպայճանը որեւէ պարագայի զանոնք ազատ չէր արձակեր։ Հետեւաբար, այս փուլին անոնց վերադարձը բացառուած էր։
Panorama.am – Ինչպէ՞ս կը պատկերացնէք հետագայ զարգացումները գերիներու հարցին մէջ։
Սիրանոյշ Սահակեան – Իմ գնահատումով՝ Ազերպայճանը պիտի գործէ հետեւեալ յաջորդականութեամբ․ նախ պիտի հայրենադարձնէ 2020-ին դատապարտուած գերիները, յետոյ՝ 15-ի դատավարութենէն ետք 8 քաղաքացիները, իսկ վերջաւորութեան, ամենախոշոր սակարկութեան առարկան պիտի դառնայ Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարներու ազատ արձակումը։ Այսինքն՝ անոնց վերադարձը պէտք է սպասել ամենավերջը։
Panorama.am – Կարելի՞ է ըսել, որ երկու սուրիացի վարձկանները Հայաստանի վերջին խաղաքարտն էին։
Սիրանոյշ Սահակեան – Եթէ կը խօսինք տեղական, որոշ, յստակ լծակներու մասին՝ այո՛, այդ ըստ էութեան վերջինն էր։ Սակայն Ազերպայճանը կ՚ակնկալէ նաեւ զիջումներ աւելի լայն, աշխարհաքաղաքական հարցերու մէջ։ Այդ աւելի մեծ օրակարգի ենթախորքին վրայ ալ կրնան տեղի ունենալ հետագայ ազատ արձակումները։ Սա նպատակային քայլ էր։ Նկատեցինք, որ ազերպայճանական կողմը որեւէ առերեւոյթ առնչութիւն ցոյց չտուաւ վարձկաններու հարցին մէջ։ Վարձկաններու փոխանցումը ներկայացուեցաւ իբրեւ թէ միջազգային իրաւական համագործակցութեան շրջանակի մէջ՝ Սուրիոյ հետ, ընդգծուեցաւ Հայաստան–Սուրիա եւ Հայաստան–Թուրքիա գիծը, իսկ հայ–ազերպայճանական բաղադրիչը դուրս մղուեցաւ։ Սա եղած է, որպէսզի Ազերպայճանը թէկուզ անուղղակի կերպով չընդունի վարձկանութեան մեղադրանքը։ Չմոռնանք, որ Արցախեան հակամարտութեան մէջ Թուրքիոյ միջոցաւ ներգրաւուած էին վարձկաններ՝ Ազերպայճանի ցուցումով, ինչ որ միջազգային իրաւունքի տեսանկիւնէն անթոյլատրելի է։
