ԱՄՆ-ու կող­մէ Վե­նեզուելա­յի նա­խագահ Մա­տու­րո­յի առե­ւան­գումէն ետք Կրէօն­լանտին տի­րանա­լու սպառ­նա­լիքը, փոքր պե­տու­թիւննե­րուն վրայ զա­նազան մի­ջոց­նե­րով ազ­դե­լու, սպառ­նա­լու եւ յար­ձա­կելու կա­նաչ լոյս է։ ԱՄՆ-ն եթէ մին­չեւ հի­մա նման գոր­ծո­ղու­թիւններ ծա­ծուկ կեր­պով կը կա­տարէր իր շա­հերուն հա­կառա­կող վար­չա­կազ­մեր տա­պալե­լու հա­մար, ներ­կա­յիս այդ կը կիրարկէ ան­թա­քոյց կեր­պով իբր պե­տական ռազ­մա­վարու­թիւն ու կը յայ­տա­րարէ իր դիր­քո­րոշու­մը։ Այս առ­թիւ Արտաքին գործոց նա­խարար Մար­քօ Ռու­պիօ աներկբայ յայ­տա­րարեց, թէ Վե­նեզուելան Իրաք կամ Լի­պիա չէ, ան երկրա­գունդի Հիւ­սի­սային մա­սին կը պատ­կա­նի եւ պէտք չէ որ ԱՄ­Ն-ու հա­կառա­կորդնե­րուն ծա­ռայէ իբր կռուան, եւ թէ ան շրջա­փակու­մի մէջ պի­տի մնայ մին­չեւ որ ԱՄ­Ն-ու շա­հերը պաշ­տպանող կա­ռավա­րական ու­ժեր իշ­խա­նու­թեան գլուխ գան…

ԱՄՆ-ու՝ ար­տա­քին քա­ղաքա­կա­նու­թեան ռազ­մա­վարա­կան այս ու­ղին որ­դեգրե­լէն ետք, զար­մա­նալի չէ որ ռուս յայտնի հա­ղոր­դա­վար Սո­լովիով առի­թը չփախցնէ կոչ ուղղե­լու որ Ռու­սաստան եւս Հա­յաս­տա­նի դէմ «յա­տուկ ռազ­մա­կան մի­ջամ­տութիւն» կա­տարէ, այնպէս ինչպէս կա­տարեց Ուքրաինա­յին դէմ։ Սո­լովիով զգու­շա­ցուց նաեւ նախ­կին Սո­վետ. Միու­թեան թրքա­լեզու պե­տու­թիւննե­րը, որ որե­ւէ ձե­ւով ՕԹԱՆ-ին չմեր­ձե­նան։ Տրա­մաբա­նու­թիւնը շատ պարզ է ըստ Սո­լովիովի՝ «Մե­զի հա­մար Հա­յաս­տա­նի մէջ զար­գա­ցումնե­րը շատ աւե­լի ցա­ւալի են քան Վե­նեզուելա­յին­նե­րը։ Հա­յաս­տա­նը կորսնցնե­լը հսկայ խնդիր մըն է»։

Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խարա­րու­թիւնը քա­ջու­թիւնը ու­նե­ցաւ Սո­լովիովի յայ­տա­րարու­թիւննե­րուն հա­կազ­դե­լու եւ Հա­յաս­տա­նի մէջ Ռու­սաստա­նի դես­պան Սեր­կէյ Քո­փիր­քի­նը կան­չե­լով նա­խարա­րու­թիւն՝ անոր յանձնե­լու պաշ­տօ­նական բո­ղոքի նա­մակ մը։ Կրնանք հարց տալ թէ ի՞նչ կ՚ար­ժեն քա­ղաքա­վար բո­ղոք­նե­րը բիրտ ու­ժի գոր­ծա­ծու­թեան դի­մաց, երբ երկրա­գունդի ամէնէն հզօր պե­տու­թիւնը ինք կը մեր­ժէ խա­ղալ դի­ւանա­գիտա­կան խա­ղի օրէնքնե­րով, կը դի­մէ բիրտ ու­ժի, առանց մի­ջազ­գա­յին օրէն­քի կամ ՄԱ­Կ-ի Անվտան­գութեան խոր­հուրդի հաւանու­թեան, ինչ կա­րելի է սպա­սել Ռու­սաստա­նէն ալ։ 

Թրամ­փի վար­չա­կար­գի MAGA (Make America Great Again  — Ամե­րիկան վերստին հզօր դար­ձուր) ազ­գայնա­կան գա­ղափա­րախօ­սու­թիւնը թի­րախ կ՚առ­նէ Չի­նաս­տա­նը որ­պէս երկրա­գունդի երկրորդ տնտե­սական հզօ­րու­թիւն, որ ու­նի շուրջ մէկ մի­լիառ չորս հա­րիւր մի­լիոն բնակ­չութիւն։ ԱՄ­Ն-ու մի­ջազ­գա­յին յա­րաբե­րու­թիւննե­րու նոր 

յար­ձա­կողա­կան ուղղու­թիւնը եւ դաշ­նա­կից­նե­րու հետ հա­կառա­կու­թիւնը, իր տնտե­սական տի­րակա­լու­թիւնը վե­րահաս­տա­տելու նպա­տակը կը հե­տապնդէ։ Բ. աշ­խարհա­մար­տի աւար­տին՝ Պաղ պա­տերազ­մին ստեղ­ծեց ՕԹԱՆ-ն ու ամե­րիկեան տո­լարը դար­ձուց մի­ջազ­գա­յին ար­ժոյթ եւ զայն պար­տադրեց մի­ջազ­գա­յին առեւ­տուրին մէջ, յե­տոյ ալ  կեդրոնական դրամատուներուն համար հաստատեց տո­լարը ոս­կիի վե­րածե­լու արգելք։ Կրօ­նական գոր­ծօ­նը գոր­ծա­ծեց սո­վետ իշ­խա­նու­թեան դէմ պայ­քա­րի մէջ, ինչպէս՝ Աֆ­ղա­նիս­տա­նի թա­լիպան­նե­րը, Իրա­նի մէջ իս­լա­մական վար­չա­կար­գը, մին­չեւ «Իս­լա­մական պե­տու­թիւն» կազմակերպութեան երե­ւան գա­լը Արա­բական գա­րու­նի ըն­թացքին, որ նպաս­տեց Մի­ջին Արե­ւել­քի մէջ իրեն հա­կառա­կորդ իշ­խա­նու­թիւննե­րու տա­պալու­մին։ 

Կրօ­նական տար­րի գոր­ծա­ծու­թեան զու­գա­հեռ՝ տնտե­սական պատիժնե­րը, ինչպէս նաեւ մի­ջազ­գա­յին դրա­մատ­նա­յին հա­մակար­գը գոր­ծա­ծելու ար­գելքը եւ խառ­նա­ձեւ (hybride) պա­տերազ­մը, թուային գոր­ծիքնե­րու եւ ար­հեստա­կան բա­նակա­նու­թեան օգ­տա­գոր­ծումը դիւ­րա­ցու­ցին մի­ջամ­տութիւ­նը փոքր եր­կիրնե­րու ներ­քին քա­ղաքա­կանու­թեան մէջ։

Նո­րու­թիւնը ԱՄՆ-ու ար­տա­քին քա­ղաքա­կանու­թեան ներ­կայ ուղղու­թեան՝ ՕԹԱՆ-ի դաշ­նա­կից­նե­րուն հո­ղային ամ­բողջա­կանու­թեան ժխտումն է, ինչպէս՝ Դանիոյ Կրէօն­լանտին։ Ինչ որ կը նշա­նա­կէ թէ ԱՄՆ-ու ազ­գա­յին շա­հերը այ­լեւս չեն հա­մապա­տաս­խա­ներ արեւմտեան ազատ շու­կա­յակա­նու­թեան։ Մէկ խօս­քով ԱՄՆ-ն կը պատ­րաստուի նոր պա­տերազ­մի, պաշտպա­նելու հա­մար իր ազ­գա­յին շա­հերը, իր տնտե­սական կայսրու­թիւնը՝ ուր յատուկ կարեւորութիւն ունին մի­ջազ­գա­յին առեւ­տուրի եր­թե­ւեկե­լի ու­ղի­ներու վե­րահսկու­մը, քա­րիւ­ղի եւ այլ հան­քա­յին ար­տադրու­թիւննե­րու տի­րապե­տու­մը եւ տո­լարի պաշտպա­նու­թիւնը, որ վեր­ջերս մի­ջազ­գա­յին շու­կա­յի վրայ իբ­րեւ դրա­մանիշ մեծ ան­կում ապ­րե­ցաւ, Չի­նաս­տա­նի, Ռու­սաստա­նի, Իրա­նի եւ Պրիքս-ի այլ եր­կիրնե­րու կող­մէ այլեւս չգոր­ծա­ծուելով իր­բեւ մի­ջազ­գա­յին առեւ­տուրի արժոյթ։ 

Ժ.Չ. ■