Իրանի մէջ համացանցը կը մնայ խափանուած. ցոյցերու ընթացքին սպանուածներուն թիւը «կրնայ գերազանցել 30 հազարը»
Իրանի տարածքին համացանցի խափանումը հիմնականին մէջ կը պահպանուի, մինչ բողոքի վերջին ցոյցերուն ընթացքին սպանուածներուն թիւը, համաձայն ստացուող հաղորդումներուն, կը շարունակէ աճիլ: TIME հանդէսի Յունուար 25-ի հրապարակման համաձայն՝ երկրի Առողջապահութեան նախարարութեան երկու բարձրաստիճան պաշտօնեաներ յայտարարած են, որ միայն Յունուար 8-ին եւ 9-ին փողոցներուն մէջ սպանուածներուն թիւը կրնայ գերազանցել 30 հազարը:
Թուային իրաւունքներու խնդիրներով զբաղող NetBlocks կազմակերպութիւնը նոյն օրը՝ Յունուար 25-ին յայտարարած է, որ Իրանի մէջ համացանցը խզուած է արդէն 400 ժամէ աւելի՝ նշելով, թէ կարճատեւ վերականգնումները կրնան կապի վերահաստատման կեղծ տպաւորութիւն ստեղծել: Ըստ NetBlocks-ի՝ խափանումը շրջանցող գործիքներու, ներառեալ VPN-ի օգտագործումը սահմանափակ առցանց հաղորդակցութեան կարելիութիւն կ՚ընձեռէ:
Իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնները կը շեշտեն, որ համացանցի խզումը կը խոչընդոտէ ցուցարարներուն կազմակերպուելու կարելիութիւնը եւ կը սահմանափակէ տեղեկատւութեան հոսքը, ինչ որ կը դժուարացնէ զոհերու թիւին անկախ ճշդումը:
ԱՄՆ-ու մէջ գործող HRANA իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնը կը հաղորդէ, որ զոհերուն հաստատուած թիւը այժմ 5 հազար 459 է, իսկ տակաւին ճշդուող դէպքերուն թիւը 17 հազար 31 է:
Զոհերու մասին TIME-ի հրապարակած վերոնշեալ տուեալը շուրջ տասը անգամ կը գերազանցէ Իրանի Գերագոյն ազգային խորհուրդին յայտարարած պաշտօնական տուեալը՝ 3 հազար 117 զոհ, սակայն մօտ է միջազգային գնահատականներուն:
Մարդկային իրաւանց հարցերու ՄԱԿ-ի զեկուցող Մայ Սաթօն, յատկապէս Յունուար 22-ին յայտարարած է, որ Իրանի մէջ սպանուած քաղաքացիական անձերուն թիւը կրնայ անցնիլ 20 հազարը:
Amnesty International հեղինակաւոր իրաւապաշտպան կազմակերպութեան համաձայն ալ՝ Իրանի մէջ սպանութիւնները «աննախադէպ աստիճանի» են:
