Search
Close this search box.

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ. Պայտըն դարձեալ որոշած է շրջանցել Պաքուի զինումը արգիլող օրէնքը

Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ հակառակ Հայաստանի եւ Արցախի դէմ շարունակուող Ազերպայճանի բռնարարքներուն, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն դարձեալ որոշած է շրջացնել Ազատութեանց զօրակցութեան բանաձեւի թիւ 907 յաւելուածը, որ կը պահանջէ Ազերպայճանի բռնատիրական իշխանութիւններուն ամերիկեան ռազմական օժանդակութիւնները կասեցնել:

«Նախագահ Պայտընի որոշումը կանաչ լոյս կը բանայ Ազերպայճանին ռազմական աջակցութիւն տրամադրել փափաքողներուն դիմաց եւ աւելիով կը քաջալերէ ապօրինաբար հայ պատերազմական գերիներ պահող Ալիեւի վարչակարգը, որ մահացու յարձակումներ գործէ Արցախի վրայ եւ բռնագրաւուած պահէ Հայաստանի հողերը»,– կը յայտնէ Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեան, աւելցնելով որ՝ հակառակ Պայտընի որոշումին, Հայ դատը պիտի շարունակէ Գոնկրէսին միջոցաւ իր ջանքերը, կասեցնելու համար Պաքուին տրամադրուող ռազմական աջակցութիւնները։

Հայ դատը կը շեշտէ, թէ յատկապէս 44-օրեայ պատերազմին եւ Արցախի ու Հայաստանի վրայ ազերպայճանական շարունակուող յարձակումներուն լոյսին տակ, Պաքուին ռազմական օժանդակութիւններ տրամադրելու ներկայ ընթացքը պէտք չէ շարունակուի:

1992-ին վաւերացուած յաւելուածը 2002-էն ի վեր ամբողջութեամբ չի գործադրուիր, որովհետեւ նախագահին տրուած է զայն շրջանցելու իրաւասութիւնը եւ այդ թուականէն ետք բոլոր նախագահները շահագործած են այդ իրաւունքը, որուն պատճառով Ազերպայճան միայն 2002-էն 2020-ի միջեւ ստացած է առնուազն 808 միլիոն տոլարի ռազմական աջակցութիւն: