Վարչապետը երթ կատարեց դէպի Ս. Աստուածածին եկեղեցի, իսկ Կաթողիկոսը խօսեցաւ բռնաճնշումներու մասին
Երեքշաբթի, Յունուար 6-ին, Սուրբ Ծննդեան տօնակատարութիւնները Հայաստանի մէջ ընթացան լարուած մթնոլորտի մէջ, ուր քաղաքական եւ հոգեւոր իշխանութիւններու միջեւ տարակարծութիւնները աւելի ցայտուն դարձան։
Վարչապետին երթը եւ պատգամը
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, Երեւանի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ Ս. Ծննդեան պատարագին մասնակցելէ ետք, գլխաւորեց երթ մը դէպի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցի։ Պատարագը մատուցեց վարչապետին միացած Անուշաւան եպիսկ. Ժամկոչեանը։
Երթին մեկնարկէն առաջ վարչապետը յայտարարած էր, որ այս քայլով կը նպատակադրեն արտայայտել իրենց վերաբերումը «Հայաստանեայց առաքելական Սուրբ եկեղեցւոյ փաստացի պետին եւ անոր մերձաւոր շրջապատին կողմէ Եկեղեցին որպէս հիպրիտային (խառնաձեւ) պայքարի գործիք՝ օտար ուժերու կողմէ Հայաստանի, անոր անկախութեան եւ ինքնիշխանութեան դէմ օգտագործելու գործելակերպին կապակցութեամբ»։

Վարչապետը երթի աւարտին ալ նշեց. «Մենք այսօր կը քալէինք՝ Յիսուս Քրիստոսին ըսելու, որ կ՚երթանք քու պատգամիդ ետեւէն եւ կը ստեղծենք խաղաղութիւն»։ Անդրադառնալով պատարագի «եւ վասն խաղաղութեան զՏէր աղաչեսցուք» խնդրանքին՝ Փաշինեան շեշտեց, թէ Աստուծոյ աղաչելուն զուգահեռ, պէտք է սեփական որոշումներով ու քայլերով կերտել այդ խաղաղութիւնը։
Ան վերահաստատեց իր այն պնդումը, թէ ոմանք կը փորձեն Եկեղեցին օգտագործել իբրեւ յենակէտ պետութեան դէմ։ Ան կրկին Գարեգին Բ. կաթողիկոսը անուանեց «եկեղեցւոյ փաստացի պետ» եւ պնդեց, թէ եկեղեցւոյ վերնախաւը կը գործէ աղանդաւորական տրամաբանութեամբ։ «Սա կը նշանակէ, որ Եկեղեցին պէտք է ազատենք հերձուածէն եւ վերադարձնենք ժողովուրդին»,– եզրափակեց վարչապետը։
Կաթողիկոսին պատգամը Մայր Աթոռէն
Նոյն ժամանակ, Գարեգին Բ. Ամենայն հայոց կաթողիկոսը Ս. Ծննդեան պատարագ մատուցեց Էջմիածնի Մայր տաճարէն ներս։ Իր պատգամին մէջ Վեհափառ Հայրապետը խստօրէն անդրադարձաւ ստեղծուած կացութեան՝ յայտարարելով. «Մեր Սուրբ Եկեղեցին կը շարունակէ ենթարկուիլ բռնաճնշումներու։ Այս իրավիճակը լուրջ հարուած է մեր ազգի ու պետութեան հեղինակութեան եւ խոր վէրք՝ հասցուած համայնքներուն ու հաւատացեալներուն»։
Կաթողիկոսը նշեց, որ Քրիստոսի ճամբէն շեղիլը աշխարհը կը դարձնէ անարդարութեան եւ թշուառութեան թատերաբեմ։ Ան ցաւով արձանագրեց, որ այսօրուան իրականութեան մէջ տկարացած են փոխադարձ հաւատքն ու վստահութիւնը, իսկ անյարգալից պահուածքը յաճախ կ՚ընկալուի իբրեւ քաջութիւն։
Գարեգին Բ. ընդգծեց, որ հակառակ «անօրինական ու կանոնախախտ գործողութիւններուն», Եկեղեցին կը մնայ ամուր եւ անսասան։ «Առաքելական մեր Մայր եկեղեցին պատմութեան ընթացքին ենթարկուած է բազում յարձակումներու, անցած է սոսկալի նեղութիւններու ու տառապանքներու ընդմէջէն, բայց երբեք յուսահատութեան գերի չէ դարձած»,– ըսաւ ան՝ յորդորելով ապաւինիլ Քրիստոսին, որ ճանապարհն է խաւարէն դէպի լոյս։ ■
