Վարչապետը երթ կատարեց դէպի Ս. Աստուածածին եկեղեցի, իսկ Կաթողիկոսը խօսեցաւ բռնաճնշումներու մասին

Երեքշաբ­թի, Յու­նուար 6-ին, Սուրբ Ծննդեան տօ­նակա­տարու­թիւննե­րը Հա­յաս­տա­նի մէջ ըն­թա­ցան լա­րուած մթնո­լոր­տի մէջ, ուր քա­ղաքա­կան եւ հո­գեւոր իշ­խա­նու­թիւննե­րու մի­ջեւ տա­րակար­ծութիւննե­րը աւե­լի ցայ­տուն դար­ձան։

Վար­չա­պետին եր­թը եւ պատ­գա­մը

Վար­չա­պետ Նի­կոլ Փա­շինեան, Երե­ւանի Սուրբ Գրի­գոր Լու­սա­ւորիչ եկե­ղեց­ւոյ մէջ Ս. Ծննդեան պա­տարա­գին մաս­նակցե­լէ ետք, գլխա­ւորեց երթ մը դէ­պի Սուրբ Աս­տուածա­ծին եկե­ղեցի։ Պա­տարա­գը մա­տու­ցեց վար­չա­պետին միացած Անու­շա­ւան եպիսկ. Ժամ­կո­չեանը։

Եր­թին մեկ­նարկէն առաջ վար­չա­պետը յայ­տա­րարած էր, որ այս քայ­լով կը նպա­տակադ­րեն ար­տա­յայ­տել իրենց վե­րաբե­րու­մը «Հա­յաս­տա­նեայց առա­քելա­կան Սուրբ եկե­ղեց­ւոյ փաս­տա­ցի պե­տին եւ անոր մեր­ձա­ւոր շրջա­պատին կող­մէ Եկե­ղեցին որ­պէս հիպ­րի­տային (խառ­նա­ձեւ) պայ­քա­րի գոր­ծիք՝ օտար ու­ժե­րու կող­մէ Հա­յաս­տա­նի, անոր ան­կա­խու­թեան եւ ինքնիշ­խա­նու­թեան դէմ օգ­տա­գոր­ծե­լու գոր­ծե­լակեր­պին կա­պակ­ցութեամբ»։

Վար­չա­պետը երթի աւարտին ալ նշեց. «Մենք այ­սօր կը քա­լէինք՝ Յի­սուս Քրիս­տո­սին ըսե­լու, որ կ՚եր­թանք քու պատ­գա­միդ ետե­ւէն եւ կը ստեղ­ծենք խա­ղաղու­թիւն»։ Անդրա­դառ­նա­լով պա­տարա­գի «եւ վասն խա­ղաղու­թեան զՏէր աղա­չես­ցուք» խնդրան­քին՝ Փա­շինեան շեշ­տեց, թէ Աս­տուծոյ աղա­չելուն զու­գա­հեռ, պէտք է սե­փական որո­շումնե­րով ու քայ­լե­րով կեր­տել այդ խա­ղաղու­թիւնը։

Ան վե­րահաս­տա­տեց իր այն պնդու­մը, թէ ոմանք կը փոր­ձեն Եկե­ղեցին օգ­տա­գոր­ծել իբ­րեւ յե­նակէտ պե­տու­թեան դէմ։ Ան կրկին Գա­րեգին Բ. կա­թողի­կոսը անուանեց «եկե­ղեց­ւոյ փաս­տա­ցի պետ» եւ պնդեց, թէ եկե­ղեց­ւոյ վեր­նա­խաւը կը գոր­ծէ աղան­դա­ւորա­կան տրա­մաբա­նու­թեամբ։ «Սա կը նշա­նակէ, որ Եկե­ղեցին պէտք է ազա­տենք հեր­ձուածէն եւ վե­րադարձնենք ժո­ղովուրդին»,– եզ­րա­փակեց վար­չա­պետը։

Կա­թողի­կոսին պատ­գա­մը Մայր Աթո­ռէն

Նոյն ժա­մանակ, Գա­րեգին Բ. Ամե­նայն հա­յոց կա­թողի­կոսը Ս. Ծննդեան պա­տարագ մա­տու­ցեց Էջ­միած­նի Մայր տա­ճարէն ներս։ Իր պատ­գա­մին մէջ Վե­հափառ Հայ­րա­պետը խստօ­րէն անդրա­դար­ձաւ ստեղ­ծուած կա­ցու­թեան՝ յայ­տա­րարե­լով. «Մեր Սուրբ Եկե­ղեցին կը շա­րու­նա­կէ են­թարկուիլ բռնաճնշումնե­րու։ Այս իրա­վիճա­կը լուրջ հա­րուած է մեր ազ­գի ու պե­տու­թեան հե­ղինա­կու­թեան եւ խոր վէրք՝ հաս­ցուած հա­մայնքնե­րուն ու հա­ւատա­ցեալ­նե­րուն»։

Կա­թողի­կոսը նշեց, որ Քրիս­տո­սի ճամ­բէն շե­ղիլը աշ­խարհը կը դարձնէ անար­դա­րու­թեան եւ թշուառու­թեան թա­տերա­բեմ։ Ան ցա­ւով ար­ձա­նագ­րեց, որ այ­սօ­րուան իրա­կանու­թեան մէջ տկա­րացած են փո­խադարձ հա­ւատքն ու վստա­հու­թիւնը, իսկ ան­յարգա­լից պա­հուած­քը յա­ճախ կ՚ըն­կա­լուի իբ­րեւ քա­ջու­թիւն։

Գա­րեգին Բ. ընդգծեց, որ հա­կառակ «անօ­րինա­կան ու կա­նոնա­խախտ գոր­ծո­ղու­թիւննե­րուն», Եկե­ղեցին կը մնայ ամուր եւ ան­սա­սան։ «Առա­քելա­կան մեր Մայր եկե­ղեցին պատ­մութեան ըն­թացքին են­թարկուած է բա­զում յար­ձա­կումնե­րու, ան­ցած է սոս­կա­լի նե­ղու­թիւննե­րու ու տա­ռապանքնե­րու ընդմէ­ջէն, բայց եր­բեք յու­սա­հատու­թեան գե­րի չէ դար­ձած»,– ըսաւ ան՝ յոր­դո­րելով ապա­ւինիլ Քրիս­տո­սին, որ ճա­նապարհն է խա­ւարէն դէ­պի լոյս։ ■