Հայաստանի մէջ կայ ոլորտ մը, որ յեղափոխութենէն առաջ կը գտնուէր ընդհանրապէս իշխանութեան ձեռքը, իսկ յեղափոխութենէն ետք՝ ընդդիմադիր դաշտին մէջ գործող կեդրոններու ազդեցութեան տակ. խօսքը լրասփիւռներու էական մէկ հատուածին մասին է։

Այս մասին Դիմագիրքի իր էջին վրայ գրած է «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութեան երեսփոխանուհի Արուսեակ Մանաւազեան՝ շարունակելով.

«Մինչեւ յեղափոխութիւնը բազմաթիւ լրասփիւռներ նիւթապէս կախեալ էին իշխանութենէն եւ այդ պատճառով սահմանափակ էին իրենց քննադատութեան մէջ։

Յեղափոխութենէն ետք այդ իրավիճակը փոխուեցաւ. այսօր մամլոյ զգալի հատուածը այլեւս չի գանձատրուիր իշխանութեան կողմէ, սակայն յայտնուած է ընդդիմադիր դաշտին մէջ գործող մեծ գանձատրական կեդրոններու ազդեցութեան տակ՝ Կարապետեան, Քոչարեան, Սարգսեան։

Արդիւնքը՝ ստեղծուած է միջավայր մը, ուր մեծ նիւթական միջոցներ ունեցող շրջանակները կը փորձեն բուռն կերպով յառաջ մղել իրենց քաղաքական օրակարգը՝ յաճախ կիրարկելով ապատեղեկատւութիւն, միակողմանի ներկայացում եւ սուր հակաքարոզչութիւն իշխանութեան դէմ։

Հանրային դաշտին մէջ լայնօրէն կը շրջին տեղեկութիւններ, ըստ որոնց քաղաքական որոշ ուժեր իրենց ի նպաստ գործող մամուլի աշխատակիցներուն կը վճարեն միլիոններու հասնող աշխատավարձեր։ Արդիւնքը այն կ՚ըլլայ, որ մարդիկ առանց որեւէ դժուարութեան մէկ կողմ կը նետեն լրագրական բարոյագիտութիւնը, կը զբաղին ինքնագովազդով եւ զուգահեռաբար իշխանութիւններուն դէմ ատելութեան խօսք կը տարածեն։

Խնդիրը քննադատութեան մէջ չէ. քննադատութիւնը անհրաժեշտ է որեւէ առողջ քաղաքական համակարգի մէջ։ Խնդիրը գործիքակազմին մէջ է, երբ մամուլը կը դադրի գործելէ հանրային շահին համար եւ կը սկսի ծառայել որոշ գանձատրողներու կամ քաղաքական կեդրոններու նպատակներուն։

Այդ պահէն սկսեալ լրագրական բարոյագիտութիւնը կը մղուի երկրորդ կարգ, իսկ տեղեկատուական դաշտը կը վերածուի շահարկման գործիքի։

Նոյն այդ լրասփիւռները, որպէս ռազմավարական կանոն, ամբողջութեամբ ընդդիմադիր դիրք չեն բռներ. անոնք ընտրողաբար հարթակ կը տրամադրեն տարբեր ուժերու ներկայացուցիչներուն, սակայն զիրենք գանձատրողներուն նոյնիսկ ամէնէն վատորակ կամ անիմաստ գրառումները աշխուժօրէն կը տարածեն։

Այս համայնապատկերին վրայ որակեալ, անկախ եւ հաւասարակշռուած մամուլը հազուադէպ կ՚երեւի. ան պարզապէս չի կրնար նիւթապէս մրցիլ հզօր, բայց բովանդակային առումով դատարկ եւ ցած որակով արտադրանքին հետ։

Սա լրագրական ազատութեան դէմ խօսք չէ, ընդհակառակն՝ ակնկալիքը այն է, որ լրագրողներն ու լրասփիւռները ըլլան այնքան անկախ եւ արհեստավարժ, որ կարենան առարկայօրէն քննադատել իշխանութիւնները՝ միաժամանակ չլռելով միւս քաղաքական դերակատարներու սխալներուն մասին։

Այս երկրին մէջ կան նաեւ բազմաթիւ դրական գործընթացներ, որոնք նոյնպէս արժանի են լուսաբանման»։