Փարիզեան շրջանի Մոնթրէօյ քաղաքին մէջ այժմ կառուցուող հրապարակը, որ կը գտնուի Պուասիէռ-Աքասիա շրջանի եզերքին, Սիմոն-Սինիորէ եւ Փիէր-Տըժեթեռ փողոցներու խաչմերուկին վրայ, պիտի կրէ Պուասիէռի ամէնէն նշանաւոր լուսանկարիչին՝ Ռոժէ Գասպարեանի անունը։ Այս որոշումը կայացուցած էր քաղաքային խորհուրդը 2024 Սեպտեմբեր 25-ի նիստին։
2024-ի Փետրուարին մահացած Ռոժէ Գասպարեան հռչակ ձեռք բերած է 1960-ական թուականներուն՝ լուսանկարելով երաժշտութեան, շարժանկարի աստղերը եւ ճազի մեծագոյն երաժիշտները։ Ան նաեւ եղած է բնակիչներու առօրեայ կեանքի լուսանկարիչը (հարսնիքներու, անձնագրի նկարներու եւ այլն) Պուասիէռ արուեստանոցին մէջ, զոր իր դուստրը՝ Մաշան, վերածած է արուեստանոց-ցուցասրահի։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։