Կողոպտուած են «Գանձասար»-ի գրասենեակներն ալ
Մեր աշխատակիցը՝ Լեւոն Շառոյեան Հալէպէն կը հաղորդէ հետեւեալ տեղեկութիւնները քաղաքին մէջ վերջին շրջանին յաճախադէպ դարձած խիստ մտահոգիչ երեւոյթներուն մասին.
«Երկու֊երեք շաբաթէ ի վեր ու յա՛տկապէս վերջին քանի մը օրերուն հալէպցիք կ՚ապրին լուրջ տագնապ մը, որ կ՚առնչուի քաղաքին ներքին ապահովութեան։
Արդարեւ, այս օրերուն, քաղաքացիին խօսակցութեան գլխաւոր նիւթն է թաղերու, շէնքերու եւ բնակարաններու ապահովութեան հարցը։ Գողութեան ու կողոպուտի դէպքերը մագլցում արձանագրած են խելքի պտոյտ պատճառող համեմատութեամբ ու մարդիկ հարց կու տան, թէ ո՞վ պիտի պաշտպանէ զիրենք, իրենց ընտանիքը, իրենց ունեցուածքը՝ ամէն տեղ ու գիշեր֊ցերեկ «որս» փնտռող յելուզակներու, գողերու, խաբեբայ անձերու եւ մինչեւ իսկ մարդասպաններու ճիրաններէն…։ Ականջալուր ենք նաեւ առեւանգումի դէպքերու։
Կացութիւնը չափազանց վտանգաւոր դարձած է ու լուրջ։ Մեր բնակած հայահոծ թաղերն ու բնակարանները եւս զերծ չեն «արհեստավարժ» գողերու թիրախ դառնալէ…։
Ուրբաթ, Փետրուար 14-ին ցաւով լսեցինք, որ նախորդ գիշեր կողոպտուած էր համայնքային «Գանձասար» շաբաթաթերթին խմբագրատունը (Մունշիէ)։ Եւ ոչ միայն։ Նոյն բարձրայարկ շէնքին (որ ազգային կալուած է) գրեթէ բոլոր սեփական դարմանատուները թիրախ դարձեր էին աւազակախումբի մը կազմակերպեալ թալանին…։ Նիւթական վնասները շատ մեծ են։
Շաբաթ, Փետրուար 14-ին, Սիւլէմանիէի «Վենեզուելլա» քրիոստոնէաբնակ թաղին մէջ եւս պատահեցաւ վախազդու դէպք մը։ Երեկոյեան ժամը 5.30-ի շուրջ անծանօթ անձ մը շէնքերէն մէկուն Գ. յարկը բարձրանալով՝ թակեց հայ ընտանիքի մը դուռը։ Ընտանիքին հայրն ու մայրը այդ պահուն տունը չէին, բայց տան մէջ էին անոնց զաւակները՝ 2 անչափահաս աղջիկներ։ Անոնք խոհեմաբար դուռը չբացին ու ներսէն ձայն տուին, թէ ո՞վ էր դուռը թակողը։ Պատասխան չստացան։ Անծանօթը կրկին ու կրկին դուռը զարկաւ` աւելի ուժգին ու կոպիտ ձեւով։ Հայ աղջնակները դուռը չբացին։ Այն ատեն, ահաւասիկ, պատահեցաւ աւելի’ սարսափելին. անծանօթը երկաթէ կտորով մը սկսաւ դռան ապակիէ փեղկը ծեծել ու փշրել…։
Կրնաք երեւակայել հայ երկու անպաշտպան աղջնակներուն սարսափն ու իրարանցումը այդ պահուն, մանաւանդ որ նոյն յարկին վրայ դռկից դրացի ալ չկար…։
Բարեբախտաբար, մետասաներորդ ժամուն, օգնութեան փութացին վերի՝ Դ. յարկի հայ դրացուհիները, որոնց գալով՝ անծանօթ աւազակը արագօրէն հեռացաւ շէնքէն ու կորսնցուց իր հետքը…։
Պատմեցի դէպքը հարազատօրէն։
Ո՞վ առաջքը պիտի առնէ նմանօրինակ դէպքերու։ Ոստիկանութի՞ւնը, որ դեռ անկազմակերպ վիճակ մը ունի քաղաքին մէջ ու բաւարար չափով տարրեր ալ չունի ձեռքի տակ։ Գիշերապահ շրջուն խմբակնե՞րը, որոնք ամէն տեղ չեն կրնար հասնիլ։ Ո՞վ։
Գո՛նէ քրիստոնեայ համանքները պէտք է անյապաղ միջոցներ որոնեն ու պետութեան հետ գործակցաբար` առաջքը առնեն աղէտալի նոր պատահարներու։
Մտահոգ ենք ու խռովեալ»։
Լ. Շ.
«Գանձասար»-ն ալ իր կարգին հետեւեալը կը հաղորդէ.
«Այս օրերուն Հալէպի ապահովական վիճակը մտահոգիչ դարձած է՝ ոստիկանութեան եւ քաղաքի ապահովական համակարգի ցարդ անկազմակերպ ըլլալուն հետեւանքով։
Գրասենեակներու, բնակարաններու, ինքնաշարժներու կողոպուտ տեղի կ՚ունենայ օրական դրութեամբ։
Կողոպուտի ենթակայ դարձած է նաեւ Մունշիէ շրջանի ազգային «Արարատ» շէնքը իր բոլոր սեփական դարմանատուներով եւ գրասենեակներով, որոնց կարգին նաեւ «Գանձասար»-ի խմբագրատունը։
Ուստի հարկ է զգուշ ըլլալ, գրասենեակներու, գործատեղիներու, բնակարաններու ապահովական անհրաժեշտ կարիքները կրկնապատկել եւ ուշ ժամերուն փողոց չմնալ»։
«Գանձասար»
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։