Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքութեան կողմէ ներկայացուած իրաւարարական բողոքի դատական ունկնդրութեան օր նշանակուած է 2025 Փետրուար 24-ը: Այս դիմումը ներկայացուած է առկախելու համար Պատրիարքութեան դարերէ ի վեր պատկանող անշարժ գոյքերու բռնագրաւման հոլովոյթը, որ կը միտի հատուցել իբրեւ թէ 1994-էն ի վեր կուտակուած Արնոնա (քաղաքային հարկ) պարտքերը:
Եթէ, Աստուած մի՛ արասցէ, Պատրիարքութեան խնդրանքը մերժուի, Երուսաղէմի քաղաքապետարանը պիտի բռնագրաւէ Պատրիարքութեան պատկանող անշարժ գոյքերը եւ զանոնք աճուրդի պիտի հանէ՝ գանձելու համար վիճարկուող պարտքերը, որոնք երբեք չեն ապացուցուած դատական ընթացակարգերու մէջ եւ ցարդ ընդհանրապէս, երբեք չեն կիրարկուած:
Պատրիարքարանի դիմումը կը թիրախաւորէ գանձման գործակալին գործողութիւնները,– Երուսաղէմի քաղաքապետարանի աշխատակից մը,– որ «որոշած» է թէ Պատրիարքութիւնը կը պարտի աստղաբաշխական գումար մը, առանց նկատի առնելու վաղեմութեան ժամկէտը եւ առանց տրամադրելու ենթադրեալ պարտքի հիմքի յստակ բացատրութիւնը: Բացի ատկէ, ենթադրեալ պարտքի զգալի մաս մը կը վերաբերի գոյքի մը, որ իրականութեան մէջ վարձակալութեան տրուած է նոյնինքն Երուսաղէմի քաղաքապետարանին:
Նոյն քաղաքապետութեան աշխատակիցը կը մերժէ վերանայիլ իր իսկ սահմանած պարտքի վաւերականութիւնը, վկայակոչելով ձեւական ընթացակարգային հիմքեր, թէ բողոքի պայմանաժամը լրացած է: Սակայն, մենք ապացուցած ենք, որ պահանջները սահմանուած պայմանաժամերուն երբեք պատշաճ կերպով չեն փոխանցուած Պատրիարքութեան: Հակառակ ասոր, աշխատակիցը արձակած է բռնագրաւման հրաման մը, որպէսզի Պատրիարքութեան գոյքերը հատուցեն իր սահմանած պարտքը եւ որ գործադիր մարմինը պարտաւոր է հետեւելու այս հրամանին, որպէս դատական որոշում:
Այլ խօսքով, քաղաքապետութեան աշխատակիցը կը գործէ որպէս դիմող, դատաւոր եւ գործադիր՝ բոլորը միասին, ծառայելով իր գործատուի՝ քաղաքապետարանի շահերուն:
Հետեւաբար, Պատրիարքութիւնը ներկայացուցած է Երուսաղէմի քաղաքապետարանին եւ անոր գանձման գործակալին դէմ իրաւարարական բողոք մը, որուն դատական ունկնդրութիւնը նախատեսուած է 2025 Փետրուար 24-ին:
Դիմումը ներկայացնելու պահուն, գործադիր ընթացակարգերը առժամաբար կասեցուած են: Յամենայն դէպս, եթէ դիմումը մերժուի, ոչ միայն քաղաքապետարանը կը ստանայ արտօնութիւն անմիջապէս վերսկսելու գոյքերու բռնագրաւումը, այլեւ կը ստեղծէ վտանգաւոր իրաւական նախադէպ մը, որ կրնայ օրինականացնել Իսրայէլի մէջ քրիստոնէական կրօնական հաստատութիւններուն եւ համայնքներուն պատկանող ինչքերու սեփականազերծումը: Սա, սեփականատէրերուն պիտի պատճառէ շատ աւելի մեծ վնաս, քան ենթադրեալ պարտքերու վիճարկելի գումարը:
Որքան որ գիտենք, Հայոց պատրիարքարանը ընտրուած միակ քրիստոնէական համայնքն է,– եւ գուցէ թիրախաւորուած,– որ կը դիմագրաւէ այսպիսի աննախադէպ ու անդառնալի միջոց մը՝ այսպէս կոչուած Արնոնայի պարտքի պատճառով։ Երուսաղէմի քաղաքապետարանի վարքը այս հարցին մէջ յատկապէս անպատշաճ է, քանի որ ա՛ն սկսած է այս յարձակողական գործընթացը, մինչ ի՛նք՝ քաղաքապետարանը Պատրիարքարանին պարտական է միլիոնաւոր շեքէլներ (1 շեքէլ = 0,27 եւրօ)՝ ուշացած վարձավճարներու պատճառով։ Սակայն, Պատրիարքարանը ձեռնպահ մնացած է դատական գործընթաց սկսելէ՝ վճարումը պարտադրելու համար, եւ փոխարէնը սկսած է երկար բանակցութիւններ քաղաքապետարանին հետ՝ պարտքի հարցը բարեկամաբար լուծելու ջանքով։ Երուսաղէմի քաղաքապետարանի վարքը նաեւ յատկապէս անպատշաճ է, քանի որ այս յարձակողական գործընթացը սկսած է՝ հակառակ 2018-ին Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի կողմէ եւ այն օրերու նախարար Ցախի Հանեկպիի նախագահութեամբ ստեղծուած կառավարական յանձնաժողովին։
Սոյն յանձնաժողովին յանձնարարուած էր Արնոնայի հարցին լուծումներ գտնել՝ Սուրբ Երկրի քրիստոնէական համայնքներու ղեկավարներուն հետ բանակցութեան եւ համագործակցութեան միջոցով։ Այս յանձնաժողովը կը շարունակէ գործել եւ ունեցած է բազմաթիւ հանդիպումներ, որոնք դրական արդիւնքներու յանգած են։ Հայոց պատրիարքութեան դէմ գործադիրի գրասենեակէն հրահանգուած պահանջագիր ներկայացնելը, զայն ստիպելը վճարելու այսպէս կոչուած Արնոնայի պարտքը եւ աւելի՛ն՝ շարունակել անոր ունեցուածքի բռնագրաւումը, կրնայ վտանգի ենթարկել Հայոց պատրիարքութեան երկարատեւ առաքելութիւնը Սուրբ Երկրին մէջ, ուր գործուն է 7-րդ դարէն ի վեր։ Աւելի՛ն, սա կրնայ սպառնալ հայկական համայնքի՝ Սուրբ Երկրին մէջ շարունակական ներկայութեան, որ կ՚երկարի մինչեւ 4-րդ դար։
Սա քաղաքապետարանին կողմէ յստակ փորձ է խարխլելու Հայոց պատրիարքութիւնը՝ զայն տնտեսական ճնշման ենթարկելով եւ առանձնացնելով, Սուրբ Երկրի մէջ անոր ներկայութիւնը նուազեցնելու նպատակով։ Արնոնայի այսպէս կոչուած պարտքին վերաբերեալ որեւէ դատական որոշում վտանգաւոր նախադէպ պիտի ստեղծէ՝ քրիստոնէական այլ համայնքներու վրայ եւս անոր կիրարկման սպառնալիքով։ Սա կրնայ խորապէս բացասական ազդեցութիւն ունենալ Սուրբ Երկրին մէջ ընդհանրապէս քրիստոնէական ներկայութեան, ինչպէս նաեւ կրօնական, մշակութային, կրթական եւ հովուական գործունէութեան վրայ բոլոր քրիստոնէական հաստատութիւններու, որոնք ներկայիս կը գործեն տարածաշրջանին մէջ։
Մենք կոչ կ’ուղղենք Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուին, Ներքին գործոց նախարար Մոշէ Արպելին եւ կառավարական յանձնաժողովի ղեկավար Ցախի Հանեկպիին՝ վճռականօրէն միջամտելու եւ անմիջապէս սառեցնելու քաղաքապետարանի կողմէ Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքութեան դէմ ձեռնարկուած բոլոր գործողութիւնները։ Մենք նաեւ կը թելադրենք իրենց վերսկսիլ կառավարական յանձնաժողովի հանդիպումները՝ այս հարցին բարեկամական լուծում գտնելու համար, միմիայն բանակցութեան միջոցով, յանձնաժողովին կողմէ հաստատուած շրջանակին մէջ։
Դիւան՝ Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքութեան
***
ԱՐՆՈՆԱՅԻ ՀԱՐՑՈՎ ՀՐԱՏԱՊ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՍՈՒՐԲ ԵՐԿՐԻ ՊԱՊԱԿԱՆ ՆՈՒԻՐԱԿԻՆ ՀԵՏ
Չորեքշաբթի, Փետրուար 19-ի առաւօտուն, Արնոնայի հարցով Երուսաղէմի հայոց պատրիարքութեան Կալուածոց տեսուչ՝ Կորիւն եպիսկոպոս Բաղդասարեան եւ Դիւանապետ՝ Աղան վարդապետ Գոգչեան հրատապ հանդիպում մը ունեցած են Սուրբ Երկրի Պապական նուիրակ՝ Ատոլֆօ արք. Թիթօ Իլանայի հետ:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։