Մարտ 18-ին, պաշտօնական բացումը կատարուած է Հալէպի միջազգային օդակայանին, ներկայութեամբ նաեւ Բերիոյ Հայոց թեմի, Ասորի ուղղափառ եւ Յոյն կաթողիկէ համայնքներու առաջնորդներուն եւ Սուրիոյ Հայ աւետարանական համայնքապետի ներկայացուցչին։
Բերիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Մակար արք. Աշգարեան խօսք առնելով քրիստոնեայ համայնքապետերուն անունով իր ուրախութիւնը յայտնած եւ շնորհաւորած է օդակայանին բացումը, մաղթելով որ այս յաղթանակը շարունակական ընթացք ունենայ տարբեր ոլորտներու մէջ։ Ապա դիտել տալով որ բացման արարողութիւնը կը զուգադիպի իսլամական եւ քրիստոնէական ծոմապահութեան օրերուն՝ մաղթած է, որ այս քայլը ընթացք ըլլայ Սուրիոյ ապահովութեան, կայունութեան եւ բարգաւաճման, որպէսզի ժողովուրդի բոլոր տարրերը ապրին խաղաղութեամբ ու համերաշխութեամբ։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։