Դեսպան Տըքոթինյի. «Քանի որ խաղաղութեան պայմանագիր չկայ տակաւին, զինեալ բախումի վտանգը կը մնայ եւ կրնայ վերսկսիլ»

Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Օլիվիէ Տըքոթինյի «Ռատիոլուր»-ի հետ բացառիկ հարցազրոյցին խօսած է Փաշինեան-Մաքրոն հանդիպման վերջին պատգամներուն, պաշտպանական գործակցութեան ծիրէն ներս 2025-ի ծրագրերուն մասին։

Անդրադարձ կատարուած է պատմական հայկական Սիւնիքի նկատմամբ Պաքուի բացայայտ նկրտումներուն, Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութեան աշխատանքի արդիւնքներուն, Մինսքի խումբի ապագային եւ Սիւնիքի մէջ Ֆրանսայի պատուոյ հիւպատոսութիւն բանալու ծրագրերուն։ Դեսպանը ներկայացուցած է, թէ արցախահայերու երաշխաւորուած ապահով վերադարձի ի՞նչ գործնական գործիքակազմ կը պատկերացնէ, եւ թէ ֆիզիքապէս ինչպէ՞ս կարելի կը նկատէ շրջանի հաղորդակցութեան ուղիներու ապաշրջափակումը։

“Խաղաղութեան համաձայնագրի հիմքը պէտք է ըլլան 1991-ի Ալմաթիի հռչակագրի սկզբունքները, այսինքն՝ միջազգային սահմանները պէտք է ըլլան նախկին խորհրդային հանրապետութիւններու վարչական սահմանները, ինչ որ կը նշանակէ, թէ գրաւող զօրքերը, որոնք կը գտնուին այդ սահմաններէն անդին, պէտք է վերադառնան իրենց տեղերը։ Հայաստան այս առումով միջոցներու ձեռնարկեց՝ պարպելով զանոնք, այսպէս կոչուած չորս գիւղերը, նոյնիսկ եթէ այդ գիւղերը բնակեցուած չէին։ Ազերպայճան նոյն միջոցներուն պէտք է ձեռնարկէ իր կողմէ”,– յատկապէս ընդգծած է դեսպանը։

«Արեւմտեան Ազերպայճան» խօսոյթին մասին, որով Պաքու նկատի ունի Հայաստանի ինքնիշխան տարածքի շարք մը հատուածներ, դեսպան Տըքոթինյի ըսած է. “Շատ պարզ է իրականութեան մէջ։ Միջազգային իրաւունքի տեսանկիւնէն կայ երկու օրինական իրականութիւն՝ Հայաստանի Հանրապետութիւնը՝ միջազգայնօրէն ճանչցուած իր սահմաններով եւ Ազերպայճանի Հանրապետութիւնը՝ միջազգայնօրէն ճանչցուած իր սահմաններով եւ վերջ”։

Ինչ կը վերաբերի Պաքուէն հնչող յայտարարութեան, թէ «Ֆրանսան եւ Հայաստանին զէնք մատակարարող միւս երկիրները պէտք է չեղեալ նկատեն այդ պայմանագրերը», եւ թէ «Հայաստան առաքուած զէնքերը պէտք է վերադարձուին», դեսպանը շեշած է. “Փարիզի դիրքորոշումն է պաշտպանութեան մարզին մէջ համագործակցութիւնը շարունակել Հայաստանի հետ։ Եւ կը շարունակուի նոյն նպատակով՝ օգնել Հայաստանին՝ պաշտպանելու իր տարածքը, իր բնակչութիւնը եւ իր ինքնավարութիւնը”։