Բեմադիր Զաքար Դեմիրճեանի «Օձի ապուր» ժապաւէնը ներառուած է Անսիի կենդանապատկեր կարճ ֆիլմերու միջազգային փառատօնի (Յունիս 8-14) «Հեռանկարներ» անուանակարգին մէջ: Լուրը կը հաղորդէ Հայաստանի շարժանկարի հիմնադրամը։
Ժապաւէնը ռազմաճակատ մեկնող զինուորի մը մէկ օրուան պատմութիւնն է, որուն համար ճամբուն վրայ պատահած դէպքերը երանելի իրականութեան պատկերացման հիմք կը դառնան։ Ռումբի պայթումէն երեւակայականն ու յուշերը կը խառնուին եւ ցնորքի կը վերածուին։
Ֆիլմը պատրաստուած է Հայաստանի շարժանկարի հիմնադրամի, Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարզանքի նախարարութեան աջակցութեամբ։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։