ԼՈՍ ԱՆՃԸԼԸՍ – «Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս» վարժարանի ընդարձակման եւ զարգացման ծրագրերուն համար 5 միլիոն տոլար հանգանակուած է

Մեր պաշտօնակից «Ասպարէզ»էն կը տեղեկանանք, որ Մարտ 15-ին, Լոս Անճըլըսի Mission Hills շրջանի «Landmark» շքեղ հանդիսասրահին մէջ, 750 հոգիի մասնակցութեամբ նշուած է հայակերտման գործին մէջ նշանակալի ներդրում ունեցող, համայնքի հեղինակաւոր կրթահամալիրներէն՝ «Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս» ազգային վարժարանի 55-ամեակը, որ նշանաւորուած է պատմական իրադարձութեամբ:

Յոբելինական տարեդարձի առիթով կրթօճախին ի նպաստ հանգանակուած է 5 միլիոն տոլար, որ կարելիութիւն կ՚ընձեռէ իրականութիւն դարձնելու վարժարանի մասնաշէնքի ընդարձակման վաղեմի երազանքը:

Վարժարանը հզօրացնելու գաղափարին շուրջ համախմբուած են կրթօճախի հոգաբարձութեան կազմը, Ազգային վարչութեան ատենապետն ու անդամները, ՀՅԴ Բիւրոյի եւ ԱՄՆ-ու Արեւմտեան շրջանի կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչները, Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ հոգաբարձուները, ՀՅԴ «Գարեգին Նժդեհ» կոմիտէութեան, ՀՕՄ-ի Հոլիվուտի «Մայր» մասնաճիւղի, ՀՄԸՄ-ի եւ Հայ դատի յանձնախումբի անդամները, վարժարանի մանկավարժները, շրջանաւարտները, ծնողներն ու բարերարները:

Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան վարժարանի տնօրէնուհի դոկտ. Սիւզի Օհանեանին յանձնած է Արամ. Ա. կաթողիկոսի՝ այս առիթով յղած օրհնութեան գիրը։

«Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս» ազգային վարժարանի տարեկան տօնահանդէսը վկայութիւնը եղած է յանուն նուիրական գաղափարի համայնքի միասնութեան եւ համախմբման ուժին, որ նոր էջ պիտի բանայ ոչ միայն կրթօճախի, այլեւ համայն համայնքի կեանքին մէջ։

Օրինակելի նախաձեռնութիւն մը։