Հելսինքեան քաղաքացիական ժողովի Վանաձորի գրասենեակի փաստաբան Սամսոն Գալստեան, որու ներկայութեան պատահած է միջադէպը
Մարդկային իրաւանց պաշտպանութեան Հելսինքեան քաղաքացիական ժողովի Վանաձորի գրասենեակը կը հաղորդէ, որ իր երկրին մէջ քրէական գործով հետապնդուող Ռուսաստանի քաղաքացի Ռոման Շքլովերին հեռաձայնած են Հայաստանի ոստիկանութեան Երեւանի Մետրոպոլիտենի պահպանութեան բաժնէն եւ հրաւիրած բաժանմունք՝ որոշ պարզաբանումներ ստանալու նպատակով։ Ոստիկանները անոր յայտնած են, որ Ռուսաստանի մէջ իր դէմ քրէական գործ կայ յարուցուած, բայց տակաւին խափանման միջոցը չէ որոշուած։
Այս ընթացքին, Հելսինքեան քաղաքացիական ժողովի Վանաձորի գրասենեակի փաստաբան Սամսոն Գալստեանի ներկայութեան՝ ոստիկանատուն ներխուժած են Ռուսաստանի անվտանգային մարմիններու ներկայացուցիչներ՝ հաւանաբար Անվտանգութեան դաշնակցային ծառայութեան (FCB – նախկին KGB) աշխատակիցներ եւ հայ ոստիկաններու ներկայութեան Շքլովերը փորձած են համոզել, որ ինքնակամ հետեւի իրենց ու յանձնուի Ռուսաստանին, խոստանալով, որ «իր հետ ամէն ինչ լաւ պիտի ըլլայ»։ Շքլովեր մերժած է համագործակցիլ FCB-ի աշխատակիցներուն հետ։
«Կը ստացուի, որ Ռուսաստանի անվտանգութեան աշխատակիցները ազատ ելք ու մուտք ունին Հայաստանի Հանրապետութեան ոստիկանատուներ, անարգել կրնան հանդիպիլ հոն գտնուող Ռուսաստանի քաղաքացիներուն հետ եւ զանոնք յորդորեl ինքնակամ յանձնուyլov Ռուսաստանին», –կը նշէ Հելսինքեան քաղաքացիական ժողովի Վանաձորի գրասենեակը։
Կազմակերպութիւնը խստօրէն կը դատապարտէ թէ՛ Ռուսաստանի իրաւապահ մարմիններու ներկայացուցիչներու ակնյայտ ապօրինի գործողութիւնները ինքնիշխան պետութեան տարածքին մէջ, թէ՛ ալ կը պահանջէ հայաստանեան իրաւապահ մարմիններէն անյապաղ միջոցներու ձեռնարկել ոչ միայն դադրեցնելու նման ապօրինութիւնները, այլեւ նման ապօրինի գործողութիւն կատարողներու նկատմամբ յարուցել քրէական հետապնդում։
Սա, Ռուսաստանի անվտանգութեան մարմիններու՝ Հայաստանի մէջ ռուսաստանցիներ հետապնդելու առաջին պարագան չէ։ 2024 Մարտին Հայաստան ապաստանած ռուս քաղաքացիներ իրենց բնակութեան վայրերուն մօտ նկատած էին Ռուսաստանի զինուորական համազգեստով անձեր, որոնք բացայայտօրէն կը հետեւէին իրենց, կը հետաքրքրուէին՝ ովքեր կը բնակին իրենց կողմէ վերահսկուող բնակարաններուն մէջ։
Հելսինքեան քաղաքացիական ժողովը պարզած էր, որ զինուորական համազգեստով ռուսական իրաւապահ մարմիններու ներկայացուցիչները կ’օգտագործէին պաշտօնապէս չարձանագրուած, հայկական պետական համարանիշով մարդատար ինքնաշարժ, որ նախատեսուած է բացառապէս հետախուզական գործողութիւններու համար։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։