Սուրէն Պապիկեան եւ դեսպան Օլիվիէ Տըքոթինյի քննարկած են պաշտպանութեան բնագաւառին մէջ Հայաստան-Ֆրանսա համագործակցութեան ծրագրերը

Փետրուար 21-ին, Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեան ընդունած է Ֆրանսայի դեսպան Օլիվիէ Տըքոթինյին։

Պաշտպանութեան նախարարութեան համաձայն՝ հանդիպումին քննարկուած են պաշտպանութեան բնագաւառին մէջ Հայաստան-Ֆրանսա համագործակցութեան ծրագրերն ու յառաջիկայ ընելիքները, ինչպէս նաեւ երկու երկիրներու Պաշտպանութեան նախարարներու միջեւ գոյացած համաձայնութիւններու իրականացման ընթացքը։

Կողմերը կարծիքներ փոխանակած են միջազգային եւ տարածաշրջանային վերջին զարգացումներուն շուրջ։