ՖՐԱՆՍԱ – Ծերակոյտի Ֆրանսա-Հայաստան բարեկամութեան եւ Արցախի միջազգային տեղեկատուական խումբերը՝ Հայաստանի եւ Ազերպայճանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիրը ստորագրելու կոչ կ՚ընեն

 

ՄԱՄԼՈՅ ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

«Ծերակոյտի Ֆրանսա-Հայաստան միջխորհրդարանական բարեկամութեան խումբի նախագահ Ժիլպէր-Լիւք Տըվինազ եւ Արցախի միջազգային տեղեկատուական խումբի նախագահ Էթիէն Պլան կ՚ողջունեն Հայաստանի յանձնառութիւնը՝ Ազերպայճանի հետ խաղաղութեան պայմանագրի վերաբերեալ համաձայնութիւնը: Անոնք կոչ կ՚ընեն արագ ստորագրութեամբ զայն կեանքի կոչելու՝ Հարաւային Կովկասի համար կայուն խաղաղութեան հոլովոյթի մը ուղղութեամբ յառաջանալու նպատակով:

Այս համաձայնագրի ստորագրութիւնը պէտք է ըլլայ Հայաստանի եւ Ազերպայճանի միջեւ բանակցութիւններու առաջին քայլը: Նպատակն է հասնիլ յարաբերութիւններու կարգաւորման՝ յարգելով երկու պետութիւններու ինքնիշխանութիւնն ու տարածքային ամբողջականութիւնը:

Քանի դեռ այս համաձայնագիրը ստորագրուած չէ, Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութիւնը, որուն գործունէութիւնը երկարաձգուած է մինչեւ 2027 թուական, պէտք է շարունակէ իր աշխատանքը: Անոր դերը էական է, նկատի ունենալով, որ դէտերուն ներկայութիւնը նշանակալիօրէն նուազեցուցած է առճակատման գօտիներուն մէջ միջադէպերու թիւը:

Այս համաձայնագրի կնքումը պէտք է յանգեցնէ Ազերպայճանի կողմէ ապօրինաբար բանտարկուած բոլոր բանտարկեալներու ազատ արձակման եւ Արդարադատութեան միջազգային ատեանի 2023 Նոյեմբեր 17-ի որոշումի իրագործման, որ կը վերահաստատէ Լեռնային Ղարաբաղի հայ բնակչութեան՝ ապահով եւ անարգել վերադարձի իրաւունքը:

Այսօր կարեւոր է Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան մասին խորհիլ, “փոխշահաւէտ” համագործակցութեան հեռանկարներով, բաց միջավայրի մը մէջ, որ նպաստաւոր է տարածաշրջանի ժողովուրդներու փոխանակումներուն եւ բարգաւաճման համար:

2025 Մարտ 18»