Փակուող յաջորդակա՞ն լիբանանահայ դպրոց…
Screenshot
Նուազ քան մէկ շաբաթ է Լիբանան վերադարձած եմ, ու գրեթէ ամէնուր ծանօթներուս նեղ շրջանակին մէջ քննարկուող լուրերէն մէկն ալ Սահակեան վարժարանի փակումն է, որուն որոշումը կ’ըսեն թէ կայացուած է։
Մինչեւ Կիլիկիայէն հազարաւոր հայերու Սուրիա եւ Լիբանան ժամանելը՝ 1921-ի աշունէն սկսեալ, Պէյրութի մէջ կը գործէր (դատելով մեզի հասած պատմական տուեալներէ, հաւանաբար՝ որոշ ընդհատումներով) միայն մէկ հայկական աշխարհիկ կրթօճախ՝ հայ առաքելական Ս. Նշան եկեղեցիին կից մանկապարտէզն ու նախակրթարանը։ 1960-ականներու կէսերուն, այս դպրոցը վերակոչուեցաւ անոր նորակառոյց շէնքի բարերար Սուրէն Խանամիրեանի անունով։ Տասնամեակ մը ետք, անիկա յայտնուեցաւ քաղաքացիական պատերազմի գլխաւոր ռազմաճակատներէն մէկուն վրայ։ Դպրոցի շէնքը դարձաւ անգործածելի եւ ուսուցիչներն ու աշակերտները հնարաւորինս տեղափոխուեցան Պէյրութի արուարձաններէն Ֆանար, ուր միացուեցան արդէն գործող, աւելի փոքր հայ առաքելական համայնքային (այսպէս կոչուած՝ «ազգային») մէկ այլ վարժարանի հետ։ Մի քանի տարի առաջ ալ, Խանամիրեանն ու Պէյրութի բոլոր «ազգային» միւս դպրոցները իրենց հերթին միաւորուեցան ու ստեղծուեցաւ Ազգային Միացեալ Վարժարանը։ «Հանգուցեալ» Ս. Նշան դպրոցն այսպէսով գոնէ դեռ ժառանգ մը ունի, յանձին՝ Միացեալ Վարժարանին։
Եթէ Սահակեանի փակման լուրերը ճիշդ են, կը թուի թէ անիկա պիտի վախճանի … անժառանգ։ Սահակեանը կիլիկեհայերու գալուստէն ետք Պէյրութի նաւահանգիստին կից յառաջացած հիւղաւանին (camp) առաջին վարժարանն էր։ Ստեղծուած էր բնազդաբար՝ 1922-ին՝ վրանի մը տակ եւ կոչուած՝ օրուան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Սահակ Բ. Խապայեանի անունով։ Դպրոցին հիմնադրման պաշտօնական թուականը համարուած է 1923-ը՝ քանի որ այդ տարի, Սահակ Վեհափառ՝ իմանալով ժողովուրդին ինքնաբուխ այս քայլը, իր օրհնութեան գիրը կը ղրկէ, կը ներկայացնէ վեց յօդուածներէ բաղկացած կանոնագիր մը ու կը թելադրէ ընտրել հոգաբարձութիւն մը։ Տասը տարի ետք՝ 1933-ին, հիւղաւանի տխրահռչակ հրդեհին ժամանակ, հրոյ ճարակ կը դառնայ Սահակեանի փայտաշէն կառոյցը, յորմէ հետէ դպրոցը կ’ունենայ նոր, բայց դարձեալ համեստ շէնք մը՝ Պէյրութի այդ ժամանակ նորակառոյց Նոր Հաճըն թաղամասին մէջ։ Վարժարանն այդտեղ պիտի գործէր չորս տասնամեակ։ 1930-ականներու կիսուն արդէն ընթացք առած էր Պէյրութի հայաբնակ թաղամասերուն եւ «ազգային» վարժարաններուն կուսակցական գունաւորում ստանալու երեւոյթը. Ս. Նշան վարժարանը կ’իյնայ Հ. Յ. Դաշնակցութեան ազդեցութեան տակ, Նոր Հաճընն ու Սահակեանը՝ հնչակեաններու։ Դեռ չեմ կրցած ճշդել թէ Սահակեանը ե՛րբ դուրս կու գայ «ազգային» վարժարաններու ցուցակէն, բայց կարծեմ 1960-ականներուն է, որ հնչակեանները կը ստեղծեն իրենց ուրոյն կրթական ու բարեսիրական միութիւնը, որուն հոգածութեան առարկայ կը դառնայ նաեւ Սահակեանը։ 1974-ին, հնչակեանները ի վերջոյ կը յաջողին Պէյրութի արուարձաններէն Սին էլ-Ֆիլի մէջ կառուցել տալ Սահակեանի նոր շէնք մը։ Դրամահաւաքին կարեւոր մասը եղած էր Լիբանանէն դուրս։ Ամերիկահայ գլխաւոր բարերարին անունով դպրոցը կը վերանուանուի Սահակեան-Լեւոն Մկրտիչեան։ Վրայ կը հասնի, սակայն, քաղաքացիական պատերազմը, կը նօսրանայ լիբանանահայ գաղութը, եւ չեն իրականանար նոր դպրոցին հետ կապուած յոյսերը։
Հայկական պաղ պատերազմի գագաթնակէտին, Պէյրութի մէջ հնչակեան կուսակցութեան ազդեցութեան ներքոյ էին Սահակեանն ու «ազգային» վարժարաններէն Սահակ-Մեսրոպեանն ու Ռուբինեանը։ Կարելի է թերեւս անուղղակիօրէն ասոնց վրայ աւելցնել հնչակեան գործիչ Արմէն Ղարիպի (Նազարէթ Ղարիպեան) անհատական վարժարանն ու Զահլէ քաղաքի «ազգային» Պալըգճեան վարժարանը։ Այս բոլորը վերջին տասնամեակներուն մէկ առ մէկ փակուեցան՝ հայկական վարժարան յաճախող դպրոցականներու ընդհանուր թիւի անկման հետեւանքով։ Առանց Սահակեանի, հնչակեաններուն համար աւելի պիտի դժուարանայ կուսակցականներու նոր սերունդ հասցնելը՝ քանի որ տարբեր կուսակցութիւններու համար իրենց ազդեցութեան ներքոյ անցած դպրոցները աւանդաբար եղած են նոր անդամներու դարբնոցներ։
Երեւանի թիւ 119 աւագ դպրոցը արժանաբար կը կրէ լիբանանահայ մանկավարժ, հայաստանցիները գուցէ ըսէին՝ «լեգենդար», Բենիամին Ժամկոչեանի անունը։ Անոր վաստակը գլխաւորաբար տասնամեակներով Սահակեան վարժարանի տնօրէնը եղած ըլլալուն մէջ կը կայանայ։ Թերեւս յետ այսօրիկ այդ դպրոցը, Ժամկոչեանի պաշտած Հայաստանի մայրաքաղաքին մէջ, համարենք կիլիկեհայ գաղթականներու Պէյրութի մէջ կառուցած առաջին «ազգային» վարժարանին ժառանգը…
Յ.Գ. Խմբանկարները Ս. Նշան (1910) եւ Սահակեան (1931) վարժարաններէն են։
Արա ՍԱՆՃԵԱՆի
դիմագիրքեան էջէն
