Հայաստանի նոր դեսպանատան բացումին առիթով

ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ

Ապրիլ 28-ին, Փա­րիզի 16-րդ թա­ղամա­սին մէջ, Ֆրան­սա­յի եւ Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խարար­ներ Ժան-Նոէլ Պա­ռոյի եւ Արա­րատ Միր­զո­յեանի կող­մէ կա­տարուեցաւ Հա­յաս­տա­նի նոր դես­պա­նատան բա­ցու­մը։ Ու­րա­խալի երե­ւոյթ է տես­նել, որ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պետու­թիւնը, ան­կա­խու­թե­նէն 35 տա­րի ետք, կա­րողու­թիւնը ու­նե­ցաւ իր սե­փական մի­ջոց­նե­րով գնե­լու դես­պա­նատան նոր շէն­քը, ինչպէս նաեւ՝ դար­ձեալ իր նիւ­թա­կան մի­ջոց­նե­րով կա­տարե­լու անոր պատ­շա­ճեց­ման ու կա­հաւոր­ման աշ­խա­տանքնե­րը։

Ան­կա­խու­թե­նէն ի վեր Ֆրան­սա­յի մէջ Հա­յաս­տա­նի դես­պա­նու­թիւնը շատ կա­րեւոր դի­ւանա­գիտա­կան աշ­խա­տանք տա­րած է Ֆրան­սա-Հա­յաս­տան յա­րաբե­րու­թիւննե­րու զար­գացման ուղղու­թեամբ, որոնք Մա­յիս 5-ին՝ նա­խագահ Մաք­րո­նի Հա­յաս­տան այ­ցի ծի­րէն ներս, պի­տի յան­գին եր­կու եր­կիրնե­րուն մի­ջեւ ռազ­մա­վարա­կան դա­շին­քի ստո­րագրման։

Ֆրան­սա-Հա­յաս­տան յա­ր­աբե­րութիւննե­րը դրա­կան անդրա­դարձ ու­նին նաեւ Եւ­րո­պա-Հա­յաս­տան դի­ւանա­գիտա­կան կա­պերուն վրայ, որոնք Հա­րաւա­յին Կով­կա­սի ան­կա­յուն տա­րածաշրջա­նին մէջ կ՚ամ­րապնդեն Հա­յաս­տա­նի անվտանգութիւ­նը, ժո­ղովրդա­վարա­կան կառոյցներն ու տնտե­սական զար­գա­ցու­մը։

Որ­քան Ֆրան­սա-Հա­յաս­տան դի­ւանա­գիտա­կան յա­րաբե­րու­թիւն­նե­րը կը զար­գա­նան, այնքան Հա­յաս­տան-ֆրան­սա­հայ սփիւռք յա­րաբե­րու­թիւննե­րը կ՚ապ­րին դժուար պահեր։ Նկա­տի ունենա­լով սփիւռքա­հայու­թեան բազ­մա­տար­րութիւնն ու անոր ան­կազմա­կերպ վի­ճակը՝ բնա­կանա­բար կա­րելի չէ ակնկա­լել, որ ան ամ­բողջա­պէս եւ միահա­մուռ կեր­պով նե­ցուկ կանգնի Հա­յաս­տա­նի պե­տու­թեան եւ կա­ռավա­րու­թեան։ Սփիւռքա­հայու­թիւնը նաեւ ինքն իրեն նե­ցուկ կանգնե­լու լուրջ խնդիր ու­նի։ Սա­կայն, ցան­կա­լի պի­տի ըլ­լար, որ գո­նէ անոր հա­մագա­ղու­թա­յին ներ­կա­յացուցչա­կան մար­միննե­րը՝ ինչպէս CCAF-ն ու Հայ առա­քելա­կան եկե­ղեցին, Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պետու­թեան հան­դէպ որ­դեգրէին դրա­կան չէ­զոքու­թեան դիր­քո­րոշում մը՝ յար­գե­լով ժո­ղովրդա­վարա­կան ընտրու­թիւննե­րով երկրի իշ­խա­նու­թեան գլուխ ան­ցած պե­տական գոր­ծիչնե­րու կա­ռա­վա­րական որո­շումնե­րը։

Բայց դժբախ­տա­բար, իրա­վիճա­կը այլ է։ Եւ ահա, Հա­յաս­տա­նի նոր դես­պա­նատան բա­ցու­մը առիթ կը հան­դի­սանայ, որ CCAF-ը հա­ղոր­դագրու­թիւն մը հրա­պարա­կէ՝ յայտնե­լով իր դժգո­հու­թիւնը բաց­ման արա­րողու­թեան պաշ­տօ­նապէս հրա­ւիրուած չըլ­լա­լուն հա­մար։

Նկա­տի ունենա­լով անցնող քա­նի մը տա­րինե­րուն CCAF-ի ղե­կավա­րու­թեան ան­հանդուրժող ու նուաս­տա­ցու­ցիչ վե­րաբեր­ումը Հա­յաս­տա­նի վար­չա­պետին եւ Սփիւռքի գոր­ծե­րու յանձնա­կատա­րին հան­դէպ՝ ինչպէս CCAF-ի տա­րեկան ընթրի­քին յանձնա­կատա­րի հրա­ւէրին ջնջու­մը, կամ ՀՅԴ «Նոր Սե­րունդ»-ի ան­դամնե­րուն կող­մէ վար­չա­պետի շա­րասիւ­նին վրայ հաւ­կիթ ու այլ իրեր նե­տելու մի­ջադէ­պը, զար­մա­նալի չէ, որ Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խարա­րու­թիւնը հա­մանա­խագահ­նե­րը չհրա­ւիրէր սոյն հան­դի­սու­թեան։

Նոյն հա­ղոր­դագրու­թեան մէջ կը նշուի նաեւ Հայ առա­քելա­կան եկե­ղեց­ւոյ առաջ­նորդին չհրա­ւի­րուելու պա­րագան։ Լաւ պի­տի ըլ­լար, որ Եկե­ղեցին ինք իր դիր­քո­րոշու­մը յայտնէր, որով­հե­տեւ երբ Ֆրան­սա­յի Հայ առա­քելա­կան թե­մը Հա­յաս­տա­նի կա­ռավա­րու­թեան դէմ քա­ղաքա­կան ցոյց կը կազ­մա­կեր­պէ, ան բնաւ CCAF-ի հա­մանա­խագահ­նե­րու միջ­նորդու­թեան անհրա­ժեշ­տութիւ­նը չի տես­ներ։

CCAF-ի հա­­ղոր­­դագրու­­թիւնը ցոյց կու տայ նաեւ շշմե­­ցու­­ցիչ շփոթ մը դես­­պա­­­նատան ներ­­կա­­­յացուցչա­­կան հան­­գա­­­ման­­քին վե­­րաբե­­րեալ. «Դես­­պա­­­նատու­նը կը ներ­կա­յաց­նէ հայ­կա­կան պե­տու­թիւնը եւ ան­կէ ան­դին, հայ ժո­ղովուրդը իր ամ­բողջու­թեամբ եւ բազ­մա­զանու­թեամբ»։ Տա­րօրի­նակ բա­նաձե­ւում մըն է ասի­կա ֆրան­սա­հայու­թիւնը ներ­կա­յաց­նել յա­ւակ­նող կազ­մա­կեր­պութեան մը կող­մէ, որ մէկ կող­մէ կը յայտարարէ, թէ դեսպանութիւնը կը ներկայացնէ հայ ժողովուրդը իր ամբողջութեամբ, իսկ միւս կողմէ իր տարեկան ճաշին կը մերժէ դեսպանատան բուն տանտիրոջ՝ Հայաստանի պետական ներ­կա­յացու­ցիչնե­րուն մուտքը… Ամէն պա­րագա­յի, պէտք է յստա­կաց­նել, որ դես­պա­նատու­նը կը ներ­կա­յաց­նէ մի­միայն Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պետու­թիւնը, եւ ան ոչ մէկ օրի­նական իրա­ւասու­թիւն ու­նի ներ­կա­յաց­նե­լու ֆրան­սա­հայ քա­ղաքա­ցին։

Ան­շուշտ, ցան­կա­լի պի­տի ըլ­լար, որ CCAF-ը, իբ­րեւ ֆրան­սա­հայ հա­մագա­ղու­թա­յին կազ­մա­կեր­պութիւն, սահ­մա­նէր Հա­յաս­տա­նի հետ յա­րաբե­րելու ճա­նապար­հա­յին քար­տէս մը՝ Հա­յաս­տա­նի կա­ռավա­րու­թեան ու պե­տու­թեան հետ առողջ յա­րաբե­րու­թիւններ մշա­կելու հա­մար, են­թա­կայ չըլ­լա­լով այլ կեդ­րոննե­րէ տրուած հրա­հանգներու։ 

Ժ.Չ. ■