ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ

Հայաստա­նի հա­մար պատ­մա­կան իրա­դար­ձութիւն էր Մա­յիսի սկիզ­բին հիւ­րընկա­լել Եւ­րո­պական քա­ղաքա­կան հա­մայնքի (ԵՔՀ) վե­հաժո­ղովը, Եւ­րո­պական Միու­թիւն — Հա­յաս­տան վե­հաժո­ղովը եւ Հա­յաս­տան — Ֆրանսա երկկող­մա­նի պե­տական հան­դի­պու­մը, որուն ըն­թացքին տե­ղի ունե­ցաւ Հա­յաս­տան — Ֆրան­սա ռազ­մա­վարա­կան դա­շին­քի ստո­րագ­րու­թիւ­նը։ Մի­ջազ­գա­յին բարձր մա­կար­դա­կի այս հան­դի­պումնե­րուն կա­յացու­մը Երե­ւանի մէջ դի­ւանա­գիտա­կան մեծ յաղ­թա­նակ մըն է Հա­յաս­տա­նի հա­մար, որ Եւ­րո­պայի ծայ­րա­մասը գտնուող եւ պատ­մա­կանօ­րէն Ռու­սաստա­նի ար­բա­նեակ նկա­տուող փոքր եր­կիր մը վե­րածեց Եւ­րո­պական հա­մայնքի 40 եր­կիրնե­րու ղե­կավար­նե­րու հան­դիպման վայ­րի, որոնցմէ շա­տերը առա­ջին ան­գամ ըլ­լա­լով ոտք կը կո­խէին էին։

Եւ այս դի­ւանա­գիտա­կան յաղ­թա­նակը կա­րելի եղած էր իրա­կանաց­նել, ինչպէս Եւ­րո­պական խոր­հուրդի նա­խագահ Ան­թո­նիօ Գոշ­թան շեշ­տեց ԵՔՀ-ի բաց­ման արա­րողու­թեան ըն­թացքին, շնոր­հիւ Հա­յաս­տան — Ազեր­պայճան խա­ղաղու­թեան գոր­ծընթա­ցին, ինչպէս նաեւ Հա­յաս­տան — Թուրքիա մեր­ձե­ցու­մին։ Իսկ նա­խա­գահ Մաք­րո­նի հա­մար, Երե­ւանի մէջ ԵՔՀ-ի կա­յացու­մը կ՚ամ­րագրէ այն ժո­ղովրդա­վարա­կան ձեռքբե­րումնե­րը, զորս Հա­յաս­տան իրա­կանա­ցու­ցած է այս վեր­ջին տա­րինե­րուն՝ յատ­կա­պէս Թաւ­շեայ յե­ղափո­խու­թե­նէն ետք։

Սոյն հան­դի­պումնե­րը նաեւ պատ­մա­կան երե­ւոյթ են Եւ­րո­պայի հա­մար, քա­նի որ առա­ջին ան­գամ ըլ­լա­լով Գա­նատան, իբ­րեւ ոչ-եւ­րո­պական եր­կիր, մաս­նակցե­ցաւ այս վե­հաժո­ղովին՝ ար­ձա­նագ­րե­լով այն խզու­մը, որ տե­ղի ու­նե­ցած է Թրամ­փի ԱՄՆ-ու եւ Գա­նատա­յի մի­ջեւ, եւ վեր­ջի­նիս յա­րու­մը եւ­րո­պական ար­ժէքնե­րուն։

Բնա­կանա­բար, Եւ­րո­պայի երե­ւան­եան այս հան­դի­պումնե­րուն գլխա­ւոր թի­րախը կը հան­դի­սանար Ռու­սաս­տա­նը, որուն հա­մար Զե­լենսքիի ներ­կա­յու­թիւնը՝ պատ­մա­կանօ­րէն իրեն դաշ­նա­կից Հա­յաս­տա­նի մէջ, կրկնա­կի հա­րուած մըն է Հա­յաս­տան — Ռու­սաստան եւ Հա­յաս­տան — ԱՊՀ — ԵԱՏՄ — ՀԱՊԿ ռազ­մա­վարա­կան դա­շինքնե­րուն։ Այս կէ­տին վրայ յատ­կանշա­կան էին նա­խագահ Մաք­րո­նի յայ­տա­րարու­թիւննե­րը, ուր ան անդ­րա­դար­ձաւ Հա­յաս­տա­նի համար՝ Ռու­սաստա­նի անվստա­հելի դաշ­նա­կից ըլ­լա­լու հան­գա­ման­քին, յատ­կա­պէս 2020-ի պա­տերազ­մի ըն­թացքին։ Ան յի­շատա­կեց նաեւ ռու­սա­կան զօր­քե­րու վտան­գա­ւոր ներ­կա­յու­թիւնը, որուն դի­մաց անհրա­ժեշտ էր Եւ­րո­պական Միու­թեան դի­տոր­դա­կան առա­քելու­թիւնը՝ Հա­յաս­տա­նի անվտան­գութիւ­նը ապա­հովե­լու հա­մար։

Հա­կառակ անոր որ Ազեր­պայճան պաշ­տօ­նապէս հրա­ւիրուած էր, պա­տուի­րակու­թիւն չա­ռաքեց Հա­յաս­տան։ Այ­սուհան­դերձ, առի­թը տրուեցաւ Իլ­համ Ալիեւին առ­ցանց հաղորդե­լու իր պատ­գա­մը, ուր յատ­կանշա­կան էր եր­կու կէտ. առա­ջինը՝ Ազեր­պայճա­նի կող­մէ Հա­յաս­տա­նին քա­րիւ­ղի եւ այլ ապ­րանքնե­րու հայ­թայթման, ինչպէս նաեւ եր­կա­թու­ղիի միջոցով տնտե­սական կա­պի ապա­հովման ընդգծումը։ Երկրորդ՝ Եւ­րո­պական խորհրդա­րանի (ԵԽ) «հա­կաազեր­պայճա­նական դիր­քո­րոշ­ման» խիստ քննա­դատու­թիւնը եւ Ազեր­պայճան — Եւրոպական խորհրդա­րան հա­մագոր­ծակցու­թեան կա­սեց­ման յայ­տա­րարու­թիւնը, յատ­կա­պէս վերջինիս կող­մէ հայ­կա­կան պատ­մամշա­կու­թա­յին ժա­ռան­գութեան աւեր­ման վե­րաբե­րեալ բանաձեւի քուէար­կութեան պատ­ճա­ռով։

Պատ­մու­թեան ըն­­թացքին Հայ­­կա­­­կան լեռ­­նաշխար­­հը գտնուած է մեծ տէ­­րու­­թիւննե­­րու եւ կայսրու­­թիւննե­­րու սահ­­մա­­­նին ու յա­­ճախ զոհ գա­­ցած է անոնց տի­­րակա­­լու­­թեան ու խար­­դա­­­ւանքնե­­րուն։ Ներ­­կայ հանգրուանին եւս, Հա­­յաս­­տան կը գտնուի մի­­ջազ­­գա­­­յին հա­­կամար­­տութիւննե­­րու դժուարին եւ խի­­զախու­թիւն ու խե­լամ­տութիւն պա­հան­ջող ընտրու­թեան մը առ­ջեւ. իրա­վիճակ մը, ուր կայ Եւ­րո­պա — Ռու­սաստան մրցակ­ցութիւ­նը Ուքրաինա­յի պա­տերազ­մին ընդմէ­ջէն, Արեւ­մուտք — Իրան մրցակ­ցութիւն մը՝ Պա­ղես­տի­նի բա­խու­մին մի­ջոցով, եւ Իս­րա­յէլի ու ԱՄՆ-ու՝ Իրա­նի դէմ յար­ձա­կումնե­րը։ Իսկ Ռու­սաստա­նը Հա­յաս­տա­նի հա­մար ռազ­մա­վարա­կան նշա­նակու­թիւն ու­նե­ցող եր­կիր է եւ դաշ­նա­կից։ Միւս կող­մէ, Հա­յաս­տան կը գտնուի Թուրքիոյ նե­ցու­կը վա­յելող Ազեր­պայճա­նի հետ խա­ղաղու­թեան դա­շինք կնքե­լու գոր­ծընթա­ցի մը սե­մին, որ կը ստի­պէ երէ­կուան թշնա­մինե­րուն հետ հաշ­տութիւն կնքել։ Այս ամ­բողջը կը ստեղ­ծէ բարդ հո­գեվի­ճակ մը՝ պատ­մա­կան ող­բերգա­կան էջե­րը չմոռ­նա­լու եւ միաժա­մանակ ապա­գայա­կերտ նոր, առողջ յա­րաբե­րու­թիւններ մշա­կելու առումով։

Ժ. Չ. ■