ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ – Վերանայման կարիք ունեցող խառնաձեւ ընտրական համակարգ մը
Փետրուար 6-8 տեղի պիտի ունենան ընտրութիւնները Ֆրանսահայ ընկերակցութիւնները համակարգող խորհուրդի (CCAF) Անհատներու ժողովին, որ պիտի ընդգրկուի երեք Շրջանային խորհուրդներու պատգամաւորներէն կազմուած CCAF-ի Ազգային խորհուրդին մէջ, ներկայացնելով անոր անդամներուն 25-էն 33 տոկոսը։
Անհատներու ժողովի ընտրութիւններուն համար միայն երկու ընտրական ցանկեր կազմուած են՝ առաջինը՝ «Համախմբել, կառուցել, փոխանցել» խորագրին տակ, երկրորդը՝ «Միասին՝ Հայաստանի համար»։
«Նոր Յառաջ» ընտրութիւններուն մասնակից երկու ցանկերուն ծրագրերը ներկայացուց 2026 Յունուար 3-ի թիւին մէջ։ Եւ երկու ցանկերու պատասխանատուներուն հարցազրոյցի հրաւէր ղրկեց. առ այժմ միայն Ֆրանսուա Տէվէճեանի եւ Օրելի Տեյիրմէնճեանի գլխաւորած խումբը ընդառաջեց հրաւէրին. անոնց հետ հարցազրոյցի պատճէնը լոյս տեսաւ թերթիս Յունուար 17-ի թիւին մէջ։
CCAF-ի կանոնադրութեան բարեկարգումը, որ կը ներկայացուի իբր ժողովրդավարական կարեւոր ձեռքբերում, կը յարուցէ էական հարցադրում մը նոյնինքն կանոնադրական գետնի վրայ։ CCAF-ի Ազգային խորհուրդի ընտրութեան խառնաձեւ դրոյթը ֆրանսահայ հասարակութեան ներկայացուցչութեան անհաւասարութիւն կը ստեղծէ Ազգային խորհուրդէն ներս։ Ինչո՞ւ։ Կազմակերպութիւններու անդամները CCAF-ի մէջ կը ներկայացուին իրենց ընտրեալ ներկայացուցիչներուն կողմէ, երբ անհատապէս ալ կ՚արձանագրուին Անհատներու ժողովի ընտրութիւններուն ու երկրորդ անգամ կը ներկայացուին։ Սա կը ստեղծէ անհաւասարութիւն։ Եւ այս խնդիրը չի վերաբերիր միայն ընտրեալ թեկնածուներուն, այլ Կազմակերպութիւններու ժողովի անդամ կազմակերպութիւններուն բոլոր անդամներուն, որոնք արդէն իրենց կազմակերպութիւններուն կողմէ ներկայացուած են։ Ժողովրդավարական ներկայացուցչական սկզբունքի խախտում մը կայ այստեղ։ Այս կը նշանակէ որ բոլոր անոնք որոնք նոյնիսկ սովորական անդամ են CCAF-ի կազմակերպութիւններու ժողովին, պէտք չէ իրաւունք ունենան մասնակցելու Անհատներու ժողովի ընտրութիւններուն։ Անհատներու ժողովի անդամագրութիւնը պէտք է բաց ըլլայ միայն կազմակերպութիւններու անդամ չեղող անհատներու։
Երկրորդ կարեւոր կէտը. Անհատներու ժողովի ընտրութիւններուն մասնակից երկու խմբակներուն պարագային ալ յստակ չէ Կազմակերպութիւններու ժողովի պատգամաւորներուն եւ Անհատներու ժողովի թեկնածուներուն ներկայացուցած ծրագրերուն միջեւ սահմանը։ Այստեղ մասնաւորապէս շեշտը կը դնենք Անհատներու ժողովին երկու ցանկերուն ներկայացուցած ծրագրերուն վրայ, ուր յստակ չէ թէ Անհատներու ծրագիրը ինչո՞վ կը տարբերի կազմակերպութիւններու ծրագրէն։ Ո՞վ, որո՞ւ եւ ի՞նչ իրաւունք կը պաշտպանէ, անկախ հասարակաց դատերէն ինչպէս՝ Ցեղասպանութեան ճանաչում, ժխտողականութեան, թրքական քարոզչութեան դէմ պայքար…։
Երրորդ էական բացը որ կայ, այն է, որ երկու մրցակից ցանկերու ծրագրերը ոչինչ ունին նիւթականի չափումի. գոյութիւն չունի ծրագրերու պիւտճէի գնահատում։ Որքա՞ն կ՚արժեն այն ծրագրերը, զորս պէտք է իրականացնել, ո՞վ պիտի գանձատրէ, եւ ի՞նչ միջոցներով։
Կայ նաեւ չորրորդ գլխաւոր հարց մը, որ կը վերաբերի ֆրանսահայ համայնքի իւրայատկութեան, լինելութեան. որո՞նք են այն արժէքները զորս պէտք է պաշտանել եւ զարգացնել,– եւ ինչպէ՞ս,– օրինակի համար՝ երկմշակութայնութիւնը, երկլեզւութիւնը, ինչպէ՞ս կը պատկերացուի մշակութային ժառանգութեան պահպանման եւ փոխանցման, նոր ղեկավարներու պատրաստութեան, իգական սեռի ներգրաւման խնդիրներու լուծումը…։ Այս երեւոյթը շեշտուած կերպով անտեսուած է «Միասին՝ Հայաստանի համար» ցանկին խորագրին ընտրութեան մէջ իսկ։ Ըլլալ միասին Հայաստանի համար հասկնալի է, իսկ ի՞նչ ընել ֆրանսահայութեան համար։ Ֆրանսահայութիւնը միայն Հայաստանի՞ համար պէտք է ըլլայ միասին։
Ժ.Չ. ■
