ՇԱՒԻԼ — Ցեղասպանութեան 111-րդ տարելիցը
Շաւիլի նորընտիր քաղաքապետ Թիէրի Պըզանսոն ծաղկեպսակ կը զետեղէ խաչքարին առջեւ։ Ձախին (նկարին մէջ) Ժոնաթան Տընիւի
Ապրիլ 26-ին, Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած կիրակնօրեայ պատարագէն ետք, Շաւիլի մէջ ոգեկոչուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 111-րդ տարելիցը։ Արարողութեան ներկայ էին քաղաքի նորընտիր քաղաքապետ Թիէրի Պըզանսոն, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ ընտրեալներ, որոնց շարքին՝ Շրջանային խորհուրդի անդամ եւ Վալերի Փեքրեսի ներկայացուցիչ Անն-Լուիզ Մեզատիօ։
Հոգեւոր հովիւ Գուրգէն քհնյ Աղաբաբեանի ֆրանսերէն քարոզէն ետք, կազմուեցաւ թափօր մը, որ ուղղուեցաւ դէպի 300 մեթր անդին գտնուող քաղաքի հայկական յուշարձանը։
Հանդիսութիւնը սկսաւ խաչքարին դիմաց Տէր Գուրգէնի աղօթքով, որուն յաջորդեցին երկու երգեր («Գովեա Երուսաղէմ» եւ «Երեւան-Էրեբունի»)՝ եկեղեցւոյ դպրաց դասուն կատարողութեամբ եւ Աստղիկ Տէտէեանի խմբավարութեամբ։ «Լեւոն Շանթ» վարժարանի աշակերտներուն կողմէ արտասանուած բանաստեղծութիւններէն ետք, կատարուեցաւ ծաղկեպսակներու զետեղում։ Ընդհանուր առմամբ տասը ծաղկեպսակ զետեղուեցաւ, որոնց կարգին՝ Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդի, ASCA միութեան (վարժարան), Ֆրանսահայ կապոյտ խաչի (CBAF), Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան, Հայ նախկին ռազմիկներու եւ դիմադրականներու միութեան (ANACRA), ինչպէս նաեւ Շաւիլի քաղաքապետին կողմէ։
Փառերգերու ունկնդրութենէն ետք, կարգը հասաւ ելոյթներուն։ Նախ Շաւիլի Հայ առաքելական եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդի ատենապետուհի Սիլվա Քեթենճեան յուզումով արտասանեց Դանիէլ Վարուժանի «Առկայծ ճրագը», ապա իր խօսքին մէջ շեշտեց մարդկութեան դէմ գործուած այս ոճիրը յիշելու եւ չմոռնալու անհրաժեշտութիւնը։ Շնորհակալութիւն յայտնելով Ֆրանսային՝ վերապրողներուն ապաստան տալուն համար, ան յիշեցուց, որ Ցեղասպանութեան յիշողութիւնը կը պատկանի նաեւ ներկային։ Անդրադառնալով Արցախի 100 հազար հայերու բռնի տեղահանութեան եւ համընդհանուր, ինչպէս նաեւ ԻՒՆԷՍՔՕ-ի լռութեան պայմաններուն մէջ հազարամեայ հայկական մշակութային ժառանգութեան ոչնչացման՝ ան չմոռցաւ նշել նաեւ Պաքուի բանտերուն մէջ արգելափակուած հայ պատանդները։
Խօսքը այնուհետեւ տրուեցաւ Լիլիթ Անտոնեանին, որ Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի դեսպան Արման Խաչատրեանի անունով շնորհակալութիւն յայտնեց Ֆրանսային՝ 2001 թուականին Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալուն համար, միաժամանակ զգօնութեան կոչ ընելով, քանի որ վտանգը տակաւին առկայ է։ Ան ապա յոյս յայտնեց՝ բոլոր միջոցներով զարգացնելու եւ պահպանելու տարածաշրջանի խաղաղութիւնը։
Յաջորդ խօսք առնողն էր ANACRA-ի նախագահ Լեւոն Յովնանեան։ Յիշեցնելէ ետք Ֆրանսայի ամենահին միութիւններէն մէկուն՝ նախկին ռազմիկներու այս կազմակերպութեան 1917-ին հիմնադրութիւնը, ան անդրադարձաւ սերնդափոխութեան հարցին՝ շարունակելու համար յիշատակի պահպանումը, որ պէտք է փոխանցուի սերունդէ-սերունդ, ճիշդ այնպէս, ինչպէս ըրած էր Մելինէ Մանուշեան, զոր՝ բանախօսը մօտէն ճանչնալու բախտն ունեցած է։
Ապա խօսք առաւ Շաւիլի նորընտիր քաղաքապետ Թիէրի Պըզանսոն։ Ան նախ շնորհակալութիւն յայտնեց Տէր Գուրգէնին եւ ոգեկոչման միւս կազմակերպիչներուն։ Ապա յորդորեց բացարձակապէս մերժել մարդկութեան պատմութեան այս սեւ էջին մոռացումը։ «Ձեր բոլորին ընդմէջէն ես կը տեսնեմ ոտքի կանգնած համայնք մը, որ չի վարանիր իրերն իրենց անունով կոչելու եւ լռութիւնը խզելու՝ յիշատակը վառ պահելու համար։ Յիշատակ մը, որ պիտի մնայ նաեւ Շաւիլի պատմութեան անքակտելի մէկ մասը»,– յայտարարեց ան։
2015-ին Կապոյտ խաչի «Տէր Դաւթեան» մասնաճիւղին կողմէ տնկուած ծառին առջեւ կանգ առնելէ ետք, ներկաները ուղղուեցան «Սարգիս Պալապանեան» սրահ, ուր իրենց կը սպասէր եկեղեցւոյ Տիկնանց յանձնախումբին կողմէ պատրաստուած ճոխ հիւրասեղանը։
Հ. Հ. ■
