ՓԱՐԻԶ/Դասախօսութիւն — Վերլուծելով Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը

PHOTO-2026-04-28-12-40-25

Կայծ Մինասեանի դասախօսութիւնը՝ Հայ կաթողիկէներու Սուրբ Խաչ մայր տաճարի սրահին մէջ

Ապրիլ 18-ին, Ֆրան­սա­յի հայ կա­թողի­կէնե­րու «Սուրբ Խաչ» միու­թիւնը, նոյնանուն մայր տաճարի սրահին մէջ, կազ­մա­կեր­պած էր Կայծ Մի­նասեանի դա­սախօ­սու­թիւնը՝ «Հ.Յ.Դ.-ն. բա­րոյա­կանու­թիւն եւ քա­ղաքա­կանու­թիւն, կամ առ­կա­խուած տեսլականը» խո­րագրով։ Բուն նիւ­թը կը կեդ­րո­նանար հե­տեւեալ հար­ցադրու­մին վրայ. իրա­կանու­թեան մէջ ի՞նչ գի­տենք Հայ Յե­ղափո­խական Դաշ­նակցու­թեան մա­սին։ Կու­սակցու­թի՞ւն մըն է ան, շար­ժո՞ւմ մը, թէ՞ աւե­լի ընդգրկուն հաս­կա­ցողու­թեամբ՝ ու­րոյն ինքնու­թիւն մը։ Սա, իւ­րա­յատուկ ճամ­բորդու­թեան մը հրա­ւէրն էր՝ վե­րատե­սու­թեան են­թարկե­լու այս կազ­մա­կեր­պութեան ան­ցած ու­ղին՝ ընդմէ­ջէն անոր ակունքնե­րուն, ըն­կե­րաբա­նու­թեան, քա­ղաքա­կան ու­ղեգծին, գա­ղափա­րական հո­սանքնե­րուն եւ ար­մատնե­րուն։ Մէկ խօս­քով՝ Հ. Յ. Դաշ­նակցու­թեան պատ­մութեան քննա­կան վեր­լուծումը։

Կայծ Մի­նասեան հե­ղինակ է շարք մը աշ­խա­տու­թիւննե­րու, որոնց շար­քին է 2002 թուակա­նին լոյս տե­սած «Հայ­կա­կան պա­տերազմ եւ ահա­բեկ­չու­թիւն» գիր­քը, ուր եր­կա­րօրէն կ՚անդրա­դառ­նայ Հ. Յ. Դաշ­նակցու­թեան։ Հե­ղինա­կը խո­րապէս կը հե­տաքրքրուի Հ. Յ. Դ.-ի պատ­մութեամբ. կու­սակ­ցու­թիւն մը, որուն շար­քե­րուն մաս կազ­մած է ինք՝ նախ­քան հոն­կէ հե­ռա­ցուիլը։ Հ. Յ. Դ.-ի պատ­մութեան նուիրուած անոր պրպտումնե­րը կ՚ընդ­գրկեն 40 տա­րուան աշ­խա­տանք, ըն­թերցումներ, ղե­կավար­նե­րու ու հա­մա­կիր­նե­րու հետ հան­դի­պումներ եւ զրոյցներ։ Ան կ՚ընդգրկէ նաեւ խո­ր ու­սումնա­սիրու­թիւններ՝ օտար­նե­րու գոր­ծե­րու կամ նախ­կին ղե­կավար­նե­րու սկզբնաղ­բիւր­նե­րու, ինչպէս՝ Լո­ռիս-Մե­լիքո­վի, Խոս­րով Թիւ­թիւնճեանի, Անդ­րա­նիկ Ծա­ռու­կեանի, Շա­հան Նա­թալիի, Յով­հաննէս Քա­ջազ­նունիի…։ Ան աշ­խա­տած է նաեւ ֆրան­սա­կան, ամե­րիկեան, անգլիական, ռու­սա­կան, գեր­մա­նա­կան, խորհրդա­յին եւ յետխորհրդա­յին պաշ­տօ­նական ար­խիւնե­րուն վրայ։

Դա­սախօ­սու­թեան ըն­թացքին Մինասեան յի­շեցուց, թէ այ­սօր շա­տեր այս կազ­մա­կեր­պութեան հետ կը պա­հեն կապ մը, որ կ՚առնչուի պատ­մութեան ու յի­շողու­թեան։ Պատ­մութիւ­նը իրա­ւունք մըն է։ Պատ­մութիւ­նը պա­տաս­խա­նատւու­թիւն մըն է։ Ան կը պատ­մէ փաս­տեր։ Յի­շողու­թիւնը տար­բեր բան է. ան պար­տա­կանու­թիւն մըն է, տար­բեր տե­սակի փո­խան­ցում մը։ Եւ յա­ճախ, երբ խօս­քը Հ. Յ. Դ.-ի մա­սին է, հա­յերը կը տե­ղաւո­րուին յի­շողու­թեան ծի­րէն ներս՝ փո­խան­ցուածը վե­րար­տադրե­լու տրա­մաբա­նու­թեամբ, այլ ոչ թէ պատ­մութեան։ Հե­տեւա­բար, բա­նախօ­սին նպա­տակն էր վեր­լուծել այս ան­ցեալն ու ժա­ռան­գութիւ­նը՝ հասկնա­լու հա­մար այս կազ­մա­կեր­պութեան եր­կա­րակե­ցու­թեան ու տո­կու­նութեան գաղտնի­քը, անոր զօ­րաւոր եւ տկար կէ­տերը։ Կազ­մա­կեր­պութիւն մը, որ բուռն բա­նավէ­ճեր կը յա­ռաջաց­նէ եւ մին­չեւ օրս կը մնայ քա­ղաքա­կան գլխա­ւոր դե­րակա­տար մը Սփիւռքի, եւ աւե­լի նուազ չա­փով՝ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պետու­թեան մէջ։

Այս կազ­մա­կեր­պութեան պատ­մութիւ­նը կը սկսի անոր հիմ­նադրու­թեան հիմք ծա­ռայած սկզբունքնե­րու ու­սումնա­սիրու­թեամբ, որոնք առաջ քա­շուած են հիմ­նա­դիր­նե­րուն՝ Քրիս­տա­փորի, Ռոս­տո­մի եւ Զա­ւարեանի կող­մէ. երեք անձնա­ւորու­թիւններ, որոնք ու­նէին տար­բեր կազ­մա­ւորում ու տա­րբեր քա­ղաքա­կան հա­մոզումներ։ Ըստ Մի­նասեանի՝ ժա­մանակն է ան­դին անցնե­լու ֆե­տայի­ներու կե­ցուածք ըն­դունած, քա­րացած լու­սանկար­նե­րէն, որոնք կար­ծէք կը մարմնա­ւորեն կանգ առած ժա­մանակ մը։ Բա­նախօ­սը առա­ջար­կեց ժա­մանա­կի մէջ ճամ­բորդու­թիւն մը՝ պատ­մե­լու հա­մար, թէ ի՛նչ է իրա­կանու­թեան մէջ այս կազ­մա­կեր­պութիւ­նը, որ­պէսզի լա­ւագոյնս հասկնանք մենք զմեզ այ­սօր՝ թէ՛ հա­ւաքա­բար, թէ՛ ան­հա­տապէս։

Պատ­մութիւ­նը կը սկսի ԺԹ. դա­րավեր­ջին, երբ կայսրու­թիւննե­րը կ՚եռա­յին, կրօ­նական փոք­րա­մաս­նութիւննե­րը ար­մա­տական փո­խակեր­պումներ կ՚ապ­րէին արա­գօրէն զար­գա­ցող աշ­խարհի մը մէջ, ուր առ­կայ էր ազ­գայ­նա­կա­նու­թեան վե­րելք, լու­սա­ւոր­չա­կան գա­ղափար­ներ, ըն­կերվա­րու­թեան զար­թօնք եւ այլն։ Քա­ղաքա­կան ծրա­գիրի իմաս­տով հա­յերը զե­րոյէն կը սկսէին։ Ինքնաշ­խա­տու­թեամբ կազ­մա­ւորուած Քրիս­տա­փոր Մի­քայէ­լեան կը յե­նուէր եր­կու հիմ­նա­սիւ­նե­րու վրայ։ Նախ՝ ռու­սա­սիրու­թիւնը (որ կը նա­խոր­դէր հայ յե­ղափո­խական շար­ժումին), որուն շնոր­հիւ ան կրնար ըմբռնել ռու­սա­կան բա­նակի կայ­սե­րական ծա­ւալու­մը Ռու­սաստա­նի սահ­ման­նե­րէն ան­դին։ Երկրորդ՝ անար­դա­րու­թիւնը, որ կը սնու­ցա­նէր հայ­կա­կան ու ներ­հայ­կա­կան բա­նավէ­ճը. Օս­մա­նեան թէ Ռու­սա­կան կայսրու­թիւննե­րուն մէջ հայերու կրած անար­դա­րու­թիւննե­րը, որոնք զիրենք հարուածած էին հա­ւա­քա­բար եւ ան­հա­տապէս՝ քա­ղաքա­կան, տնտե­սական, հար­կա­յին ու կրօ­նա­կան մար­զե­րուն մէջ, անար­դա­րու­թիւններ՝ բա­ռին ամե­նալայն իմաս­տով։

Այս եր­կու քա­ղաքա­կան հիմնասիւներն են, որոնք կը յա­րատե­ւեն մեր պատ­մութեան ամբողջ տե­ւողու­թեան՝ մին­չեւ այ­սօր։ Արե­ւելա­հայաս­տա­նը Ռու­սաստա­նի եր­կա­րաձ­գումն էր Կով­կա­սի մէջ ռու­սե­րու յայտնուելէն ի վեր, ինչ որ կ՚ար­տա­ցոլէր իր սահ­մաննե­րէն դուրս ծա­ւալե­լու Ռու­սաստա­նի կա­րողու­թիւնը։ Հա­յերու դժբախ­տութիւ­նը այն էր, որ անոնք կը գտնուէին երեք մրցա­կից կայսրու­թիւննե­րու ծայ­րա­մասե­րուն. Օս­մա­նեան, Ռու­սա­կան եւ Պարսկա­կան։ Կայսրու­թեան բուն տրա­մաբա­նու­թիւնը այնպէս է, որ կեդ­րո­նը պէտք է ըլ­լայ խա­ղաղ, իսկ ծայ­րա­մասը՝ բռնու­թեամբ լի։ Ին­չո՞ւ։ Որով­հե­տեւ կայսրու­թիւնը սահ­մաններ չու­նի, այլ ու­նի միայն ճա­կատ­ներ։ Հե­տեւա­բար, բռնու­թիւնը հա­սարա­կական մար­մի­նէն դուրս կը մղուի եւ կը ծա­ւալի դէ­պի ար­տա­քին եզ­րեր։ Հա­յաս­տա­նը այսպէսով կը յայտնուի ծայ­րա­յեղ հա­կա­մար­տութիւննե­րու տա­րածաշրջա­նի մը մէջ, այն երեք կայսրու­թիւննե­րու խաչ­մե­րու­կին, որոնք կը բա­խին յա­ջոր­դա­կան մա­կըն­թա­ցու­թիւննե­րով ու տե­ղատւու­թիւննե­րով՝ մերթ ի նպաստ մէ­կուն, մերթ միւ­սին։ Ճիշդ այս խառ­նակ մի­ջավայ­րին մէջ է, որ կը ծնի հայ յե­ղափո­խական շար­ժումը։ Շատ արագ, Դաշ­նակցու­թիւնը կը ստեղ­ծէ իր անդրկայ­սե­րական ցան­ցը, որ Ռու­սաստա­նէն կը տա­րածուի Թուրքիա, Թուրքիայէն՝ Իրան, Իրա­նէն՝ Սու­րիա, Սու­րիայէն՝ Յու­նաստան եւ այսպէս շա­րու­նակ՝ հաս­նե­լով մին­չեւ Ֆրան­սա, Միացեալ Նա­հանգներ, Ար­ժանթին, Աւստրա­լիա եւ Գա­նատա։

Կայծ Մի­նասեան յատ­կա­պէս ծան­րա­ցաւ Հ. Յ. Դ. հիմ­նա­դիր եր­րորդու­թեան առա­ջին դէմ­քին՝ Քրիս­տա­փոր Մի­քայէ­լեանի վրայ. խորհրդան­շա­կան ու առեղ­ծուածա­յին կեր­պար մը, ինքնաշ­խա­տու­թեամբ կազ­մա­ւորուած գոր­ծիչ մը, որ իր խոր դրոշ­մը ձգած է այս կա­ռոյ­ցի հիմ­նադրու­թեան վրայ։ Ըլ­լա­լով մեծ ըն­թերցա­սէր՝ ան ծա­նօթ էր Քան­թի, Պերկսո­նի, Տիւրքհայ­մի, Հե­կելի, Տե­քար­թի, Սփի­նոզա­յի, Մարքսի, ինչպէս նաեւ այնպի­սի ռուս հե­ղինակ­նե­րու գոր­ծե­րուն, ինչպէս Փիոթր Լաւ­րո­վը, Նի­քոլայ Չեր­նի­շեւսքին, Ալեք­սանտր Հեր­ցե­նը եւ Սեր­կէյ Նե­չաեւը։ Ան յա­ճախ կը մէջ­բե­րէ զա­նոնք, որով­հե­տեւ հասկցած էր, որ խօս­քը զէնք է։ Հարկ է նաեւ ընդգծել, որ ան նա­խապէս մաս կազ­մած էր ռու­սա­կան «Նա­րոտ­նա­յա Վո­լիա» (Ժո­ղովուրդի կամք) շար­ժումին. կազ­մա­կեր­պութիւն մը, որ կը քա­րոզէր գիւ­ղա­ցիու­թեան ազա­տագ­րումն ու պաշտպա­նու­թիւնը՝ բռնի մի­ջոց­նե­րով։ Քրիս­տա­փոր Մի­քայէ­լեանի յե­ղափո­խական մտա­ծումնե­րը կը խտաց­նեն անոր քա­ղաքա­կան փի­լիսո­փայու­թիւնը։ Պէտք է շեշ­տել նաեւ, որ ստեղծման օրե­րուն կու­սակցու­թիւնը կը կո­չուէր «Հայ Յե­ղափո­խական­նե­րու Դաշ­նակցու­թիւն»։ Այսպէս, սկիզ­բէն Քրիս­տա­փորի դրոշ­մը զգա­լի է։ Անոր հա­մար կա­րեւո­րը նոր քա­ղաքա­կան կու­սակցու­թիւն մը ստեղ­ծե­լը չէր. ան դէմ էր քա­ղաքա­կան կու­սակցու­թիւննե­րուն եւ իր գրու­թիւննե­րուն մէջ չէր ակ­նարկեր անոնց։ Ին­չո՞ւ։ Որով­հե­տեւ ան նկա­տած էր, որ հա­յերու մէջ ար­դէն կա­յին եր­կու կու­սակցու­թիւններ կամ գու­ցէ փոքր գաղտնի ըն­կե­րու­թիւններ, եւ կը գտնէր, որ ատի­կա չա­փազանց էր ու անի­մաստ. պէտք էր հա­մախմբել եւ մէկ­տե­ղել բո­լորը։

Կայծ Մի­նասեան այս դաշ­նակցա­յին հաս­կա­ցողու­թիւնը կ՚աղեր­սէ ու­րարտա­կան դա­րաշրջա­նի հին կա­ռավար­ման հա­մակար­գին հետ, որ կ՚են­թադրէր ապա­կեդ­րո­նացած հա­մադաշ­նութե­նական (confédérale) վար­չա­կարգ մը, կա­տարե­լապէս յար­մա­րած Հա­յաս­տա­նի քաոսա­յին եւ ան­հարթ աշ­խարհագ­րութեան՝ իր հո­վիտ­նե­րով ու լեռ­նե­րով։ Հ. Յ. Դ.-ի հիմ­նա­դիր­նե­րուն մի­ջեւ իս­կա­պէս գո­յու­թիւն ու­նէր բա­խում մը՝ ապա­կեդ­րոն ու դաշ­նակցա­յին հա­մակար­գի պաշտպան­նե­րուն եւ կեդ­րո­նաձիգ իշ­խա­նու­թեան կողմնա­կից­նե­րուն մի­ջեւ։ Քրիս­տա­փոր կը բա­նակ­ցէր հնչա­կեան­նե­րուն հետ՝ զա­նոնք վերստին Հ. Յ. Դ.-ի մէջ ներգրա­ւելու հա­մար (քա­նի որ անոնք ալ մաս­նակցած էին հիմ­նադրու­թեան), եւ նոյ­նիսկ պատ­րաստ էր փո­խելու անուանու­մը՝ զայն կո­չելով «Հայ Յե­ղափո­խական Ըն­կերվա­րական­նե­րու Դաշ­նակցու­թիւն»։

Ըստ Կայծ Մի­նասեանի՝ Քրիս­տա­փոր Մի­քայէ­լեան տրա­մախօս (dialecticien) մըն էր, որ յա­ջողե­ցաւ ստեղ­ծել այնպի­սի հա­մակարգ մը, որ ի վի­ճակի էր իւ­րացնե­լու հայ հա­սարա­կու­թեան բո­լոր հա­կասու­թիւննե­րը։ Անոր հա­մար գո­յու­թիւն չու­նէր ռու­սա­կան կամ թրքա­կան Հա­յաս­տան, արե­ւելեան կամ արեւմտեան Հա­յաս­տան, յա­ռաջդիմա­կան­ներ կամ պահ­պա­նողա­կան­ներ։ Ան այս հա­կասու­թիւննե­րու զան­գուածին մարմնա­ւորումն էր եւ կը կրէր միաժա­մանակ յա­ւակ­նոտ եւ իրա­տես քա­ղաքա­կան ծրա­գիր մը։ Որքան կարելի էր՝ կը պահ­պա­նէր ընդհան­րա­կան մօ­տեցումներ՝ գի­տակ­ցե­լով խօս­քի ար­ժէ­քին եւ այս տրա­մախօ­սու­թեան տի­րապե­տելու անհրա­ժեշ­տութեան։ Հայ հա­սարա­կու­թեան մէջ ան կ՚առանձնաց­նէ հինգ կողմնա­ցոյց-ու­ղե­ցոյցներ. Խա­չատուր Աբո­վեանը՝ հե­ղինակ «Վէրք Հա­յաս­տա­նի»-ին, որ ոչ-գրա­բար առա­ջին գործն էր. Մի­քայէլ Նալ­բանդեանը, որ կը շփուէր 1848-ի յե­ղափո­խական­նե­րուն հետ եւ մի­ջազ­գա­յին տա­րողու­թիւն կու տար հայ­կա­կան քա­ղաքա­կան զար­գա­ցու­մին. Խրի­մեան Հայ­րիկը՝ հո­գեւո­րակա­նը, որ կը յար­մա­րէր քա­ղաքա­կանու­թեան եւ կը հսկէր, որ եկե­ղեցին մնայ պատ­մութեան ըն­թացքին մէջ՝ շա­րու­նա­կելով իր ազ­դե­ցու­թիւնը բա­նեց­նել հայ կեան­քին եւ ինքնու­թեան կերտման վրայ. Րաֆ­ֆին՝ մեծ վի­պասա­նը, որ կը բե­րէր յու­զա­կան եւ վե­րերկրա­յին երան­գը՝ կա­պելով քա­ղաքա­կանն ու կրօ­նակա­նը. եւ վեր­ջա­պէս Գրի­գոր Արծրու­նին՝ «Մշակ» թեր­թի գլխա­ւոր խմբա­գիրը, որ կը մարմնա­ւորէր գործնա­պաշտ եւ ազա­տական կող­մը։ Ասոնք են Քրիստափոր Միքայէլեանի հինգ ուղենիշերը, որոնցմով ան իր էութեան մէջ կը խտացնէ հայկական բոլոր հակասութիւնները։

Պատ­մա­կա­նօ­րէն, յե­ղափոխական շար­ժում­նե­րը եռա­բա­նու­թիւն մը կը կազ­մեն. առա­ջինը Ար­մենա­կան կու­սակ­ցու­թիւնն է, որ գա­ւառա­կան էր, կեդ­րո­նացած՝ Վա­նի շուրջ եւ կը հա­կէր դէպի միա­պե­տութիւն. ան կը ներ­կա­յաց­նէ թէզը։ Երկրոր­դը Հնչա­կեան կու­սակցու­թիւնն է՝ ըն­կերվա­րական, մի­ջազ­գայնա­կան, մարքսիս­տա­կան եւ այլն. ան հա­կաթէզն է։ Իսկ եր­րորդը՝ Հ. Յ. Դ.-ն, այս եր­կուքին հա­մադ­րութիւնն է (synthèse)։ Ճիշդ այս հա­մադ­րութիւնն է, որ Քրիս­տա­փոր պի­տի ստեղ­ծէր։ Այս պատ­ճա­ռով ալ ան կը մեր­ժէ կեդ­րո­նանալ ըն­կերվա­րու­թեան, Ռու­սա­հայաս­տա­նի կամ Մեծ Հա­յաս­տա­նի գա­ղափար­նե­րուն վրայ՝ նա­խընտրե­լով իր ու­շադրու­թիւնը պա­հել Թրքա­հայաս­տա­նի վրայ, ինչ որ թոյլ կու տայ իրեն խու­սա­փիլ բազ­մա­թիւ խու­թե­րէ։

Հե­տեւա­բար, Հայ Յե­ղափո­խական Դաշ­նակցու­թիւնը Ռու­սաստա­նի մէջ ծնած, Թիֆ­լի­սի մէջ հիմ­նուած շար­ժում մըն է, որուն նպա­տակն էր ազա­տագ­րել Թրքա­հայաս­տա­նը։ Սա­կայն զու­գա­հեռա­բար, առ­կայ էր նաեւ պայ­քա­րը անար­դա­րու­թիւննե­րու դէմ։ Թէեւ ձա­խակող­մեան գոր­ծիչ՝ Քրիս­տա­փոր եր­բեք յղում չէր կա­տարեր ըն­կերվա­րու­թեան. ան նախ եւ առաջ կը խա­ղար բո­լոր հա­կադ­րութիւննե­րու մի­ջեւ օղա­կի դե­րը։ Ին­չո՞ւ խու­սա­փիլ ըն­կերվա­րու­թե­նէն։ Որով­հե­տեւ հայ յե­ղափո­խական­նե­րու այս դաշ­նակցու­թեան մէջ ընդգրկուած էին շարք մը գոր­ծա­րար­ներ, յատ­կա­պէս Կոս­տանդին Խա­տիսեանը՝ Պա­քուի եւ Թիֆ­լի­սի մե­ծահա­րուստնե­րէն մէ­կը, որուն եղ­բայրը՝ Ալեք­սանտր Խա­տիսեանը, 1919-ին պի­տի դառ­նար Հա­յաս­տա­նի վար­չա­պետ։ Ամ­փո­փելով. դաշ­նակցա­յին բա­նաձե­ւը կը խու­սա­փէր այնպի­սի եզ­րոյթնե­րէ, որոնք կրնա­յին վա­նել կամ նե­ղաց­նել ազ­դե­ցիկ բե­ւեռ­նե­րը. ոչ մէկ ըն­կերվա­րու­թիւն, ինչ որ պի­տի հա­րուա­ծէր հա­րուստնե­րը, դրա­մատէր խաւն ու աջա­կող­մեան­նե­րը, եւ ոչ մէկ ակ­նարկու­թիւն Մեծ Հա­յաս­տա­նին, ինչ որ պի­տի ան­հանգստաց­նէր Ռու­սաստա­նը։ Անոր կա­ռու­ցո­ղական մօ­տեցու­մը ըն­կե­րաբա­նական տե­սան­կիւնէն թոյլ կու տար իրեն յա­ռաջա­նալ հանգրուան առ հանգրուան։

Իր ժա­մանա­կի փի­լիսո­փանե­րը եւս ձգած են իրենց դրոշ­մը։ Քրիս­տա­փոր կրած է Քան­թի դաշ­նակցա­յին փի­լիսո­փայու­թեան ազ­դե­ցու­թիւնը՝ ուղղուած յա­ւեր­ժա­կան խա­ղաղու­թեան, ինչպէս նաեւ Հե­կելի, որուն մօտ կը յայտնուի պատ­մութեան ող­բերգա­կան հաս­կա­ցողու­թիւնը, որ ներքին արձագանգ կը գտնէր Քրիստափորին յատուկ «պատմական դժբախտութեան» հասկացողութեան մէջ։

Իբ­րեւ ամ­փո­փում՝ Մի­նասեան կը մատ­նանշէ եր­կու մեծ սկզբունքնե­րը, որոնք կազ­մած են Հ. Յ. Դ.-ն. նախ՝ տնտեսական ազատագրումը, հետեւաբար այն, ինչ որ մարդը ունակ է ընելու տարածութեան մէջ (աշխարհագրութիւն), այսինքն՝ չափորոշիչ շրջանակը (պետութիւ՞ն, թէ՞ դաշնակցութիւն), ապա նաեւ քաղաքական ազատագրումը, հետեւաբար՝ նուազագոյն կամ առաւելագոյն ծրագիրը, ուրկէ ալ կը բխի այն գաղափարը, թէ մարդը ի՛նչ կրնայ ընել ժամանակի մէջ (պատմութիւն)։ Ին­չո՞ւ այս բանաձեւումը։ Պար­զա­պէս կա­րելի եղա­ծին չափ մեծ թի­ւով մար­դիկ հա­մախմբե­լու հա­մար։ 

Կայծ Մի­նասեան նաեւ ներ­կա­յացուց ար­տա­քին չորս հո­սանքնե­րու ազ­դե­ցու­թիւնը, որոնք գո­յու­թիւն ու­նէին Հ. Յ. Դ.-ի ստեղ­ծումէն առաջ եւ մաս­նակցե­ցան անոր հիմ­նադրու­թեան. առա­ջինը կրօնն է, քրիս­տո­նէու­թիւնը, որուն հետ կա­պը ան չխզեց, երկրոր­դը՝ ռու­սա­կան նա­րոտ­նի­կու­թիւնը (populisme russe) եւ պայ­քա­րը անար­դա­րու­թիւննե­րու դէմ, եր­րորդը՝ մարքսիզ­մը, եւ վեր­ջա­պէս ազա­տակա­նու­թիւնը՝ իր արեւմտեան հա­կու­մով ու դրա­մատի­րական բե­ւեռով։ Հ. Յ. Դ.-ի հիմ­նադրու­թեան հիմք ծա­ռայած այս չորս հա­մընդհա­նուր հո­սանքնե­րու եւ եր­կու գլխա­ւոր շար­ժիչ սկզբունքնե­րու խա­չաձե­ւու­մէն պի­տի ծնէր այն համակարգը, որ Հ. Յ. Դ.-ին թոյլ պի­տի տար ապա­հովե­լ իր եր­կա­րակե­ցու­թիւնը, դի­մանա­լժա­մանա­կի փոր­ձութեան եւ ար­մա­տաւո­րուիլ աշ­խարհի չորս ծա­գերուն։

Վեր­ջա­պէս, Հա­յաս­տա­նի 1991-ի ան­կա­խու­թիւնը Հ. Յ. Դ.-ն կը դնէ մե­ծագոյն մար­տահրա­ւէրի մը դի­մաց, նկա­տի ու­նե­նալով, որ ան չկրցաւ տի­րանալ իշ­խա­նու­թեան, եւ անոր ժո­ղովրդա­կանու­թիւնը կը մնայ ամե­նացած մա­կար­դա­կի վրայ։ Ար­դեօք ան դա­ւաճա­նա՞ծ է իր եր­կա­րակե­ցու­թիւնը երաշ­խա­ւորած հիմ­քե­րուն։ Պի­տի կա­րենա՞յ ար­դեօք դի­մագ­րա­ւել վե­րած­նունդի ու ինքնա­նորոգ­ման մար­տահրա­ւէրը։ Ահա այսպի­սի հե­տաքրքրա­կան եւ այժմէական հար­ցադրումներ կը յա­րու­ցէր Կայծ Մի­նաս­եա­նի այս ու­շագրաւ դա­սախօ­սու­թիւնը։

Թ. Շ. ■