Վենետիկ — Մխիթար Սեբաստացիի մահուան 277-ամեակը

ՄԽԻԹԱՐ ՍԵԲԱՍՏԱՑԻ 350

ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՄԻԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆԸ Կ՚ՈԳԵԿՈՉԷ ՄԽԻԹԱՐ ՍԵԲԱՍՏԱՑԻԻ ՄԱՀՈՒԱՆ 277−ԱՄԵԱԿԸ ՍՈՒՐԲ ՂԱԶԱՐԻ ՄԷՋ

Կիրակի, Ապ­րիլ 26-ին, Մխի­թարեան Միաբա­նու­թիւնը նշեց հիմ­նա­դիրին՝ Մխի­թար Աբ­բա­հօր մա­հուան 277-ամեակը, ձեռ­նարկով մը, որ տե­ղի ու­նե­ցաւ Սուրբ Ղա­զարի պատ­մա­կան գրա­դարա­նի դահ­լի­ճէն ներս, յա­ւարտ Սուրբ պա­տարա­գի։ Ոգե­կոչու­մը կը կա­տարուի Աբ­բա­հօր ծննդեան 350-ամեակի յո­բելի­նական տա­րուան ծի­րէն ներս։ 

Իր բաց­ման խօս­քին մէջ, Տ. Լե­ւոն արք. Զէ­քիեան մէջ­բե­րեց Հա­յաս­տա­նի ծա­նօթ լե­զուա­բան Գէորգ Ջա­հու­կեանի (1920-2005) գնա­հատա­կանը Միաբա­նու­թեան հիմ­նա­դիրին մա­սին. «Ինչքան հե­ռանում ենք Մխի­թար Սե­բաս­տա­ցու ժա­մանակ­նե­րից, եւ խո­րանում այդ ժա­մանակ­նե­րի անա­չառ քննու­թեան մէջ, նրա կեր­պա­րը այնքան մե­ծանում է մեր աչ­քե­րի առաջ»։ Սրբա­զան Հայ­րը նաեւ յու­շեց Աբ­բա­հօր մա­սին ու­րիշ դրուագ մը, երբ հայ­րե­նի ազ­գա­յին գոր­ծիչ Ալեք­սան Կի­րակո­սեանը օրուան վար­չա­պետ Անդրա­նիկ Մար­գա­րեանի հետ խօ­սակ­ցութեան ըն­թացքին Մխի­թարին մա­սին անդրա­դար­ձած էր ըսե­լով, որ «նա հո­գեւոր հայ­րե­նիք կեր­տեր է, երբ այս տա­րած­քում հայ­կա­կան պե­տակա­նու­թիւն չկար»։

Լե­ւոն ար­քե­պիս­կո­պոս աւել­ցուց. «Մխի­թար Աբ­բա­հայր ոչ միայն հայ­կա­կան մե­ծու­թիւն է… այլ նաեւ հա­մաք­րիստո­նէական եւ հա­մամարդկա­յին չա­փանի­շով մե­ծու­թիւն է Մխի­թար Աբ­բա­հայր, եւ ասի­կա նոր աս­պա­րէզ մըն է, որ կը բա­ցուի մեր առ­ջեւ եւ մաղ­թենք, որ մեր յա­ռաջի­կայ տա­րինե­րուն, տաս­նա­մեակ­նե­րուն, հա­րիւ­րա­մեակ­նե­րուն, յանձնա­ռու­թիւն ըլ­լայ ասի­կա»։

Սրբա­զան հօր խօս­քէն ետք, միաբան վար­դա­պետ­նե­րը եւ նո­րըն­ծա­ները եր­գե­ցին Մխի­թար Սե­բաս­տա­ցիի Մա­րիամ Աս­տուածած­նին նուիրած շա­րակա­նը. 

«Ան­ճա­ռին խո­րան,

Բա­նին բնա­կարան,

Գո­վեալ Մա­րիամ սրբու­հի,

Դու վարդ ան­թա­ռամ…»

Ապա խօսք առաւ Հ. Հա­մազասպ վրդ. Քէ­շիշեան, որ Մխի­թար Աբ­բա­հօր հա­մապար­փակ կեն­սագրա­կան մէկ պատ­կե­րը ներ­կա­յացուց յետ գրա­բար լե­զուով նե­րածա­կանի. 

«Այ­սօր, գու­մա­րեալք ի միասին ընդ յար­կաւ տանն Մե­ծին Մխի­թարայ, ցնծա­լից ու­րա­խու­թեամբ եւ հրճուանօք, տօ­նախմբեմք զՅո­բելեան յեր­կինս ծննդեան Ծա­ռային Աս­տուծոյ եւ Երա­նաշ­նորհ Հիմ­նադրին մե­րոյ Մխի­թարայ Աբ­բա­յի, որ կա­տարեաց զըն­թացս կե­նաց իւ­րոց յայսմ աշ­խարհի՝ ծա­ռայե­լով Փրկչին եւ լու­սա­ւորե­լով զՀայ­կազնեայ ազգն նմեր աս­տուածա­յին բա­նիւք եւ իմա­ցական եւ հայ­րեանա­ւանդ ժա­ռան­գութեամբք Հարցն մե­րոց։ Ար­դա­րեւ նա եղեւ լու­սա­ճաճանչ աստղն որ ցո­լացոյց ի խա­ւարա­մած հայ­րե­նիս՝ զլոյս սրբու­թեան եւ գի­տու­թեան եւ կանգնեաց զազ­գա­կիցս իւր զի կեց­ցեն աս­տուածա­հաճոյ վա­րուք եւ ազ­գօ­գուտ գոր­ծովք՝ զհետ լի­նել բար­ւոյն եւ ճշմար­տին»։

(«Այ­սօր, միաս­նա­բար հա­ւաքուած Մեծն Մխի­թարի տան հո­վանիին տակ, ցնծա­լից ու­րա­խու­թեամբ եւ հրճուան­քով կը տօ­նախմբենք Աս­տուծոյ Ծա­ռային եւ մեր Երա­նաշ­նորհ Հիմ­նա­դիրին՝ Մխի­թար Աբ­բա­հօր երկնա­յին ծննդեան յո­բելեանը։ Ան այս աշ­խարհի վրայ իր կեան­քի ըն­թացքը ամ­բողջա­ցուց՝ ծա­ռայե­լով Փրկի­չին եւ լու­սա­ւորե­լով մեր հայ­կազնեան ազ­գը՝ աս­տուածա­յին խօս­քով ու մեր Հայ­րե­րու իմա­ցական եւ հայ­րե­նաւանդ ժա­ռան­գութեամբ։

Ար­դա­րեւ, ան եղաւ այն լու­սա­ճաճանչ աստղը, որ մեր խա­ւարա­մած հայ­րե­նիքին մէջ ցո­լացուց սրբու­թեան ու գի­տու­թեան լոյ­սը եւ ոտ­քի կանգնե­ցուց իր ազ­գա­կից­նե­րը, որ­պէսզի ապ­րին աս­տուածա­հաճոյ վար­քով եւ ազ­գօ­գուտ գոր­ծե­րով՝ հե­տամուտ ըլ­լա­լով բա­րիին ու ճշմա­րիտին»)։

Կեն­սագրա­կան տուեալ­նե­րէն զատ, Հ. Հա­մազասպ անդրա­դար­ձաւ նաեւ Մխի­թար Սե­բաս­տա­ցիի (1676-1749) սրբա­կեն­ցաղ վար­քին եւ իր բա­ցառիկ դա­տողու­թեան. “Խո­հեմու­թեամբ զար­դա­րուած՝ ամէն ինչ կշռա­դատող եւ հե­տեւա­բար հաս­տա­տակամ եւ զգու­շա­ւոր, միշտ մի­ջին ճամ­բան կ՚ընտրէր”։ Հիմ­նա­դիր Աբ­բա­հայ­րը «խո­նար­հա­միտ անձ էր, որ գի­տէր հրա­մայել հա­մեստ եւ բա­րեշ­նորհ կեր­պով, եւ քաղցրա­համ­բոյր վե­րաբե­րու­մով»։ 

Մխի­թարի բե­ղուն եւ նուաճումնե­րով ու ապ­րումնե­րով հա­րուստ կեան­քին մէջ, Հ. Հա­մազասպ առանձնա­ցուց Աս­տուածա­մօր տե­սիլ­քը, Սե­ւանա­վան­քի մէջ, 1693-ին, իբ­րեւ իր կեան­քը իմաս­տա­ւորող գլխա­ւոր դէպ­քը։ Տասնվե­ցամեայ Մխի­թար սար­կա­ւագը, Սե­ւանի Ս. Աս­տուածա­ծին եկե­ղեց­ւոյ մէջ, «եր­կա­րաշունչ աղօթքնե­րէ վերջ… յոգ­նա­բեկ՝ քու­նի կ՚անցնի Աս­տուածա­մօր պատ­կե­րին դի­մաց»։ Աս­տուածա­մայ­րը իրեն կը յայտնուի երա­զին մէջ ու կ՚ըսէ. “Այն կ՚ու­զեմ ինչ դուն կ՚ուզես, եւ այն միայն կը խնդրեմ ինչ որ դուն գի­տես որ ին­ծի օգ­տա­կար է եւ կ՚ու­զես տալ”, Տի­րամայ­րէն ստա­նալով խնդրան­քի գո­հաց­ման խօսք։ “Աս­տուածա­մօր տե­սիլ­քը կը դրոշ­մէ Մխի­թարի ամ­բողջ կեան­քը, աննկուն կամ­քը, ան­խոնջ աշ­խա­տան­քը եւ հաս­տա­տուն հա­ւատ­քը։ Աս­տուածա­մօր խօս­քին զօ­րու­թեամբ՝ Մխի­թար հիմ­նած է իր միաբա­նու­թիւնը, որ առ այ­սօր կը գո­յատե­ւէ մի­միայն ամե­նասուրբ Կոյ­սի » «Եղի­ցի»-ով”։

Ան­խոնջ եւ վե­հանձն նուիրու­մի կեան­քը, ինչպէս նաեւ նե­ղու­թիւններ ու եր­կա­րատեւ հի­ւան­դութիւն մը Մխի­թար Սե­բաս­տա­ցին բո­լորո­վին կը հիւ­ծեն, ու «1749-ի Ապ­րի­լի սկիզ­բը վերջնա­կանօ­րէն ան­կո­ղին կը գա­մուի եւ վեր­ջին օծումն ու հո­գեւոր մխի­թարու­թիւննե­րը ստա­նալէ ետք՝ կ՚աւան­դէ հո­գին 27 Ապ­րիլ 1749-ին»։

Հ. Հա­մազասպ իր խօս­քը աւար­տեց յու­շե­լով Միաբա­նու­թեան հիմ­նա­դիրէն մէջ­բե­րումներ, զա­նոնք աւար­տե­լով այս խօս­քով. “սկիզ­բէն ի վեր, ինչպէս ես, այս Միաբա­նու­թիւնն ալ սահ­մա­նուած է Հայ ժո­ղովուրդի մշա­կու­թա­յին ծա­ռայու­թեան եւ Աս­տուծոյ փառքին”։

ԹՂԹԱԿԻՑ ■