Մերձաւոր Արեւելքի պատերազմը 

Պատերազմ

Դիւանագիտական հակասութիւններ, Իսրայէլի յառաջխաղացք եւ մարդասիրական աղէտ

Մերձաւոր Արե­ւել­քի մէջ ար­դէն եր­րորդ շա­բաթն ըլ­լա­լով շա­րու­նա­կուող պա­տերազ­մը ծան­րա­գոյն հե­տեւանքներ կ՚ու­նե­նայ խա­ղաղ բնակ­չութեան, յատ­կա­պէս մա­նուկնե­րու վրայ։ Ըստ ԻՒ­ՆԻՍԷՖ-ի, հա­կամար­տութեան սկիզ­բէն ի վեր աւե­լի քան 2100 երե­խայ սպա­նուած կամ վի­րաւո­րուած է: ՄԱԿ-ի հո­վանա­ւորած այս կա­ռոյ­ցի փոխտնօ­րէն Թետ Չայ­պա­նի հա­մաձայն՝ ցարդ Իրա­նի մէջ սպա­նուած է 206, Լի­բանա­նի մէջ՝ 118, Իս­րա­յէլի մէջ՝ 4, իսկ Քուէյ­թի մէջ՝ 1 երե­խայ, եւ չի բա­ցառուիր, որ այս թի­ւերը յա­ռաջի­կային աւել­նան: ԻՒ­ՆԻՍԷՖ կոչ կ՚ընէ ան­յա­պաղ դադ­րեցնե­լու ռազ­մա­կան գոր­ծո­ղու­թիւննե­րը եւ ապա­հովե­լու մար­դա­սիրա­կան օգ­նութեան անար­գել մուտքը՝ զգու­շացնե­լով, որ բա­խումնե­րու ընդլայ­նումը աղէ­տալի պի­տի ըլ­լայ մի­լիոնա­ւոր մար­դոց հա­մար։

Մինչ այդ, ռազ­մա­կան ու քա­ղաքա­կան ճա­կատ­նե­րու վրայ հա­կասա­կան զար­գա­ցումներ կ՚ար­ձա­նագ­րուին: Միացեալ Նա­հանգնե­րու նա­խագահ Տա­նըլտ Թրամփ պնդած է, որ Ուա­շինկթը­նի եւ Թեհ­րա­նի մի­ջեւ ար­դիւնա­ւէտ բա­նակ­ցութիւններ կ՚ըն­թա­նան, եւ թէ Իրան հա­մաձայ­նած է հրա­ժարիլ մի­ջու­կա­յին զէնք ու­նե­նալու գա­ղափա­րէն։ Ըստ Թրամ­փի՝ Իրա­նի մէջ «վար­չա­կար­գի փո­փոխու­թիւնը» փաս­տօ­րէն ար­դէն ըն­թացքի մէջ է, քա­նի որ մեծ թի­ւով բարձրաս­տի­ճան պաշ­տօ­նատար­ներ սպա­նուած են։ Ան նշած է, որ բա­նակ­ցութիւննե­րը կը վա­րուին ոչ թէ Իրա­նի նոր գե­րագոյն առաջ­նորդ Մոճ­թա­պա Խա­մենէիի, այլ «շատ խե­լամիտ» ան­ձե­րու հետ։ Որ­պէս բա­րի կամ­քի դրսե­ւորում՝ Թրամփ յայ­տա­րարած է, որ 5 օր կը սա­ռեց­նէ Իրա­նի ելեկտրա­կայան­ներն եւ ու­ժա­նիւ­թա­յին են­թա­կառոյցնե­րը հա­րուա­ծելու ծրագ­րե­րը, սա­կայն զգու­շա­ցու­ցած է, որ բա­նակ­ցութիւննե­րու ձա­խողու­թեան պա­րագա­յին ռմբա­կոծումնե­րը անար­գել պի­տի շա­րու­նա­կուին։

Հա­կառակ ԱՄՆ-ու նա­խագա­հին այս «լա­ւատե­սական» շեշ­տադրումնե­րուն, Սպի­տակ տան մամ­լոյ քար­տուղար Քե­րըլայն Լե­ւիթ ընդգծած է, որ ասոնք դի­ւանա­գիտա­կան զգա­յուն հար­ցեր են եւ թէ Ուա­շինկթըն մա­մու­լի մի­ջոցով չէ, որ բա­նակ­ցութիւններ պի­տի վա­րէ։ Զու­գա­հեռա­բար, Թրամփ Գոնկրէ­սէն կը պա­հան­ջէ յա­ւելեալ 200 մի­լիառ տո­լար յատ­կացնել պաշտպա­նու­թեան ոլոր­տին՝ պատ­ճա­ռաբա­նելով, որ «աշ­խարհը հի­մա շատ լա­րուած է»։ «Սի.Էն.Էն.»-ի աղ­բիւրնե­րուն հա­մաձայն, սա­կայն, նման հսկա­յական գան­ձատրման հաս­տա­տու­մը դժուար պի­տի ըլ­լայ Հան­րա­պետա­կան կու­սակցու­թեան հա­մար։

Իսկ լի­բանա­նեան ճա­կատին վրայ Իս­րա­յէլ կը պատ­րաստուի ընդլայ­նե­լու իր ռազ­մա­կան գոր­ծո­ղու­թիւննե­րը։ Իս­րա­յէլի Պաշտպա­նու­թեան նա­խարար Իս­րա­յէլ Քաց յայ­տա­րարած է, որ իս­րա­յէլեան բա­նակը իր վե­րահսկո­ղու­թեան տակ պի­տի առ­նէ հա­րաւա­յին Լի­բանա­նը՝ մին­չեւ Լի­թանի գետ, զայն վե­րածե­լով անվտան­գութեան (չէ­զոք) գօ­տիի՝ «Հըզ­պալլահ»-ի դէմ մար­տե­րուն զու­գա­հեռ։ Ծայ­րա­յեղա­կան հա­յեացքնե­րով յայտնի Ելեւ­մուտքի նա­խարար Պե­ցալել Սմոթ­րիչ աւե­լի հե­ռու եր­թա­լով պնդած է, որ Լի­թանի գե­տը պէտք է դառ­նայ Լի­բանա­նի հետ Իս­րա­յէլի նոր սահ­մա­նը։ Այս ծի­րին մէջ, իս­րա­յէլեան ու­ժե­րը հա­րուա­ծած եւ քան­դած են գե­տին վրայ գտնուող առանցքա­յին կա­մուրջ մը, որ ըստ Թել Ավի­վի՝ կ՚օգ­տա­գոր­ծուէր զէնք փո­խադ­րե­լու հա­մար։ Նշենք, որ Լի­բանա­նի մէջ շա­բաթ­նե­րէ ի վեր տե­ւող մար­տե­րուն պատ­ճա­ռով ար­դէն շուրջ հա­զար հո­գի սպա­նուած է, իսկ մօ­տաւո­րապէս մէկ մի­լիոն հո­գի ալ տե­ղահա­նուած։

Այս բո­լորին լոյ­սին տակ, հա­կամար­տութեան աւար­տը մօ­տալուտ չի թուիր։ Իրա­նեան «Ֆարս» լրա­տու գոր­ծա­կալու­թիւնը, յղում կա­տարե­լով իր անա­նուն աղ­բիւրնե­րուն, կտրա­կանա­պէս հեր­քած է Տա­նըլտ Թրամ­փի պնդումնե­րը եւ յայտնած, որ Միացեալ Նա­հանգնե­րու հետ որե­ւէ ուղղա­կի կամ անուղղա­կի շփում գո­յու­թիւն չու­նի։ Ըստ իրա­նեան գոր­ծա­կալու­թեան՝ Թրամփ իրա­նեան ելեկտրա­կայան­նե­րը թի­րախա­ւորե­լէ հրա­ժարած է ոչ թէ բա­րեյա­ջող բա­նակ­ցութիւննե­րու պատ­ճա­ռով, այլ անոր հա­մար, որ Թեհ­րան զգու­շա­ցու­ցած է, որ ի պա­տաս­խան պի­տի հա­րուա­ծէ Արեւմտեան Ասիոյ ելեկտրա­կայան­նե­րը։ 

Կող­մե­րու տրա­մագ­ծօ­րէն հա­կասող այս յայ­տա­րարու­թիւններն ու փո­խադարձ սպառ­նա­լիք­նե­րը ցոյց կու տան, որ լա­րու­մի մեղ­մա­ցումն ու խա­ղաղու­թեան հաս­տա­տու­մը դեռ բա­ւական կնճռոտ ճամ­բայ ու­նին հար­թե­լիք:

ՀԱ­ՅԱՍ­ՏԱ­ՆԻ ԿԱ­ՐԵՒՈՐ ԱՋԱԿ­ՑՈՒԹԻՒ­ՆԸ

Հա­յաս­տան ան­ձայն-անշշուկ, մար­դա­սիրա­կան կա­րեւոր օգ­նութիւն կը տրա­մադ­րէ իրան­ցի խա­ղաղ բնա­կիչ­նե­րուն, որոնցմէ շա­տեր երկրին մէջ տի­րող ներ­կայ կա­ցու­թեան հե­տեւան­քով կը կորսնցնեն իրենց տու­ներն ու կը վի­րաւո­րուին:

Այս հար­ցին վե­րաբե­րող բազ­մա­թիւ հար­ցումներ ստա­նալէ ետք, Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խարար Արա­րատ Միր­զո­յեան հրա­պարա­կաւ հաս­տա­տած է. “Հա­յաս­տան, գլխա­ւորա­բար դե­ղորայ­քէ բաղկացող մար­դա­սիրա­կան օգ­նութիւն ցու­ցա­բերած է Իրա­նին, եւ սա շատ բնա­կան բան է”։ Ան աւել­ցուցած է, թէ միշտ չէ, որ Հա­յաս­տան անհրա­ժեշտ կը նկա­տէ նման քայ­լե­րու հրա­պարա­կայ­նա­ցու­մը՝ ընդգծե­լով, որ Երե­ւան պատ­րաս­տա­կամ կը մնայ որե­ւէ կեր­պով օգ­նե­լու ան­մեղ քա­ղաքա­ցինե­րուն: Աւել­ցընենք, սա­կայն, որ Հա­յաս­տա­նի բուն մար­դա­սիրա­կան առա­քելու­թիւ­նը ռումբե­րու տա­րափէն փա­խուստ տուող­նե­րուն տա­րան­ցիկ ճամ­բայ տրա­մա­դ­րելն է։ Պա­տերազ­մի սկիզ­բէն ի վեր, տաս­նեակ ազ­գութիւննե­րէ հա­զարա­ւոր ան­ձեր խոյս տուած են Իրա­նէն՝ հա­տելով Հա­յաս­տա­նի սահ­մա­նը։

*  *  *

Մէկ տա­կառ նաւ­թին գի­նը վերստին ան­ցած է 100 տո­լարի սե­մը։ Հոր­մուզի նե­ղու­ցը, ուրկէ կ՚անցնի հա­մաշ­խարհա­յին նաւ­թի սպառ­ման շուրջ 20 տո­կոսը, կը մնայ փակ։ Հա­կառակ նա­խագահ Տա­նըլտ Թրամ­փի յայ­տա­րարու­թիւննե­րուն յա­ջոր­դած գի­ներու ժա­մանա­կաւոր նուազու­մին՝ ներ­կա­յիս անոնք կրկին աճ ար­ձա­նագ­րած են, իսկ ասիական սա­կարան­նե­րը բա­ցուած են աճով։ Ստեղ­ծուած պայ­մաննե­րուն մէջ, Ճա­փոն յայ­տա­րարած է, թէ հինգշաբ­թի օրուընէ պի­տի սկսի օգ­տա­գոր­ծել իր ազ­գա­յին պա­շար­նե­րը՝ պա­հան­ջարկը գո­հաց­նե­լու նպատակով։ ■

What do you feel about this?