Հրաժարում պատմական արդարութեան օրակարգէն եւ նոր Սահմանադրութիւն
Վարչապետ Փաշինեանի մամլոյ ասուլիսը
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Մարտ 26-ին, կառավարութեան նիստէն ետք լրագրողներուն հետ ունեցած է հանդիպում մը, որուն ընթացքին անդրադարձած է շարք մը առանցքային հարցերու։
Ան յայտարարած է, որ իբրեւ Հայաստանի ղեկավար, կը հրաժարի պատմական արդարութեան վերականգնման օրակարգէն՝ շեշտելով արդար իրականութեան հետամուտ ըլլալու անհրաժեշտութիւնը։ Անոր համոզմամբ, պատմական արդարութեան ետեւէն երթալը միայն նոր անարդարութիւններու կը յանգեցնէ եւ ժողովուրդը պէտք է որդեգրէ այս նոր ռազմավարութիւնը:
«Եթէ նոր Սահմանադրութիւնը հանրաքուէով չընդունուի, դարձեալ հանրաքուէ պիտի կազմակերպենք»
Եթէ նոր Սահմանադրութիւնը հանրաքուէով չընդունուի, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան կը յայտարարէ, որ դարձեալ հանրաքուէի պիտի դիմեն։
Պատասխանելով «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի հարցումին՝ Փաշինեան ուղղակիօրէն նշած է, որ խորհրդարանական ընտրութիւններուն ձայներուն երկու երրորդը ապահովելու իշխանութեան ձգտումը կապ ունի նաեւ նոր Սահմանադրութեան ընդունման հետ։
“Այդ կարգին՝ Սահմանադրութիւնը փոխելու համար նորէն հանրաքուէ պիտի ընենք, պիտի երթանք, մեր ժողովուրդին պիտի բացատրենք, պիտի համոզենք, նորէն պիտի խօսինք”,– աւելցուցած է վարչապետը։
Փաշինեան նշած է, որ Անկախութեան հռչակագիրին յղում չընող նոր Հիմնական օրէնք մը անհրաժեշտ է առաջին հերթին Հայաստանին՝ տարածաշրջանին մէջ յարատեւ պետութիւն ունենալու համար: Վարչապետը Անկախութեան հռչակագիրը որակած է ոչ թէ անկախութեան, այլ՝ «հակամարտութեան (կոնֆլիկտի) հռչակագիր»:
Պաքուն կը պահանջէ, որ Սահմանադրութիւնը փոխուի, եւ Հայաստանի Անկախութեան հռչակագիրին յղում չկատարուի։ Փաշինեան աւելի կանուխ յայտարարած էր, որ իր ղեկավարած քաղաքական ուժը համամիտ է, որ նոր Սահմանադրութեան բնագիրին մէջ Անկախութեան հռչակագիրին մասին որեւէ յիշատակում չըլլայ։
Իշխանութիւնը նաեւ յայտարարած էր, թէ մտադիր է սահմանադրական հանրաքուէն կազմակերպել խորհրդարանական ընտրութիւններէն ետք, թէեւ յստակ թուական չէր ճշդուած։ Նախագիծը նախ պէտք է վաւերացուի խորհրդարանին կողմէ, եւ ասոր համար պարզ մեծամասնութիւնը բաւարար չէ. անհրաժեշտ է երեսփոխանական ձայներուն երկու երրորդը։
2023-ի Սեպտեմբերեան դէպքերը Արցախի մէջ
Անդրադառնալով 2023-ի աշնան Արցախի մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւններուն՝ Փաշինեան նշած է, որ Անվտանգութեան խորհուրդի ուսումնասիրութիւնները ցոյց կու տան, թէ հոն առկայ զէնք-զինամթերքին 80-90 տոկոսը չէ օգտագործուած, եւ մինչեւ վերջ կռուելու պնդումները չեն համապատասխաներ իրականութեան:
Ան մեղադրած է Արցախի նախկին ղեկավարութեան որոշ ներկայացուցիչները քաղաքական լուծումներու խոչընդոտման եւ իշխանափոխութեան իրականացման մէջ, ինչ որ, ըստ իրեն, արագացուցած է սեպտեմբերեան դէպքերը: Վարչապետը նաեւ խստիւ դատապարտած է «ցեղասպանութիւն» եզրին շահագործումը՝ կոչ ընելով դադրեցնելու այդ մրցավազքը եւ կեդրոնանալու Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ խաղաղութեան հաստատման վրայ: Ան չէ բացառած ապագային յաւելեալ տուեալներու գաղտնազերծումը՝ հերքելու համար մինչեւ վերջ դիմադրած ըլլալու մասին «առասպելները»:
Ազգային անվտանգութեան նոր ռազմավարութիւն
Վարչապետը յայտարարած է նաեւ, որ Հայաստան կ’աշխատի Ազգային անվտանգութեան նոր ռազմավարութեան մը վրայ, քանի որ ներկայիս գործող փաստաթուղթը մեծ մասամբ կորսնցուցած է իր այժմէականութիւնը:
«Սառեցուած պատերազմ», ոչ թէ խաղաղութիւն
Ամենայն հաւանականութեամբ հակադարձելով Ռոբերտ Քոչարեանի վերջերս ըրած յայտարարութեան, թէ իր պաշտօնավարման օրօք պատերազմ չէ եղած, Փաշինեան շեշտած է, որ մինչեւ 2020 թուական Հայաստան խաղաղութիւն չէ ունեցած, այլ՝ սառեցուած պատերազմ: Ան նշած է, որ պատերազմի յետաձգումը տեղի ունեցած է ի հաշիւ երկրի ինքնիշխանութեան ու զարգացման, եւ 2016-ին արդէն սպառած էին այդ յետաձգման բոլոր միջոցները:
Վարչապետը նաեւ դատապարտած է հայ ժողովուրդը եւ յատկապէս արցախցիները «պանդուխտի» կարգավիճակի մէջ պահելու միտումները: Անոր համոզմամբ, վերադարձի մասին շարունակական խօսակցութիւնները կը խանգարեն մարդոց խաղաղ կեանք մը կառուցելը եւ արդիւնք են կայսերական, ապահայկական քաղաքականութեան մը, որուն նպատակն է թոյլ չտալ Հայաստանի՝ որպէս անկախ պետութիւն կայացումը: ■
