«Սփիւռքի ազգային զօրաշարժի խորհրդաժողով»-ը աւարտած է իր աշխատանքները
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան պաշտօնական կայքէջը՝ ARFD.am-ը Ապրիլ 12-ին հրապարակեց ստորեւ տրուած զեկոյցը, յայտարարելով որ «Սփիւռքի ազգային զօրաշարժի խորհրդաժողով»-ը աւարտած է իր աշխատանքները.
«Սփիւռքի ազգային զօրաշարժի խորհրդաժողովը Փարիզի մէջ աւարտեց իր աշխատանքները
Կիրակի, 12 Ապրիլին, իր աւարտին հասաւ համազգային նպատակներու շուրջ սփիւռքի զօրաշարժին եւ վերաշխուժացման նուիրուած խորհրդաժողովը, որուն վերջին նիստերը կեդրոնացան ռազմավարական առաջադրանքներու եւ գործնական քայլերու որդեգրման վրայ։
Խորհրդաժողովի չորրորդ նիստը, զոր վարեց ամերիկահայ հասարակական գործիչ, գործարար եւ կենսավերլուծաբան Տոքթ. Մխիթար Մուրատեան, համախմբեց միջազգային իրաւունքի, քաղաքականութեան եւ մշակոյթի ոլորտներու առաջատար մասնագէտներ։
Նիստին Ֆրանսայէն մասնակցեցաւ միջազգային իրաւունքի մասնագէտ, IODA նախաձեռնութեան ընդհանուր քարտուղար եւ FIDH-ի նախկին քարտուղար Տոքթ. Ռաֆֆի Գալֆայեան, որ անդրադարձաւ իրաւական հարթակներու վրայ հայութեան դատի հետապնդման հնարաւորութիւններուն։ Անոր կողքին, ԱՄՆ-էն փաստաբան եւ Արցախի ժողովուրդի հիմնարար իրաւունքներու պաշտպանութեան հարցերու յանձնախումբի անդամ Գառնիկ Գէրքոնեան ներկայացուց արցախահայութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան ուղղութեամբ տարուող աշխատանքները, մինչ Պելճիքայէն Եւրոպայի Հայ Դատի Գրասենեակի նախագահ եւ «Europeans for Artsakh» նախաձեռնութեան հիմնադիր անդամ Գասպար Կարապետեան խօսեցաւ եւրոպական քաղաքական շրջանակներէն ներս տարուող լոպիիստական աշխատանքներուն մասին։
Նիստը եզրափակուեցաւ UCLA-ի Հայ լեզուի եւ մշակոյթի «Խաչիկեան» ամբիոնի վարիչ Փրոֆ. Յակոբ Կիւլլիւճեանի ելոյթով, որ շեշտեց ինքնութեան եւ մշակութային զօրաշարժի կարեւորութիւնը։

Յաջորդիւ տեղի ունեցաւ խորհրդաժողովի ամփոփիչ նիստը, որուն ընթացքին նախորդ բոլոր նիստերուն չարծարծուած նիւթերն ու ներկայացուած նոր առաջարկները դրուեցան ընդհանուր քննարկման։ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Տարօն Տէր Խաչատուրեանի համադրողութեամբ, ժողովականները ձեւակերպեցին խորհրդաժողովի հիմնական եզրայանգումները եւ ճշդեցին յառաջիկայ քայլերուն ուղենիշը, նպատակ ունենալով ստեղծել մնայուն եւ ազդու գործակցութեան դաշտ մը սփիւռքեան տարբեր կառոյցներու միջեւ:
Յայտնենք նաեւ, որ խորհրդաժողովը հանդէս պիտի գայ աշխարհասփիւռ հայութեան ուղղուած յատուկ կոչ-յայտարարութեամբ մը, որուն պիտի յաջորդեն քաղաքական, տեղեկատուական եւ համայնքային գործնական նախաձեռնութիւններ»:
Վերեւ նշուած «Կոչ-յայտարարութիւն»-ը՝ ստորեւ.
«Կոչ-յայտարարութիւն Սփիւռքի զօրաշարժի խորհրդաժողովի
Սփիւռքի ազգային զօրաշարժի խորհրդաժողովը կայացաւ 11-12 Ապրիլ 2026-ին, Փարիզի մէջ, Հայաստանէն, Արցախէն եւ Սփիւռքի 26 երկիրներէ ժամանած աւելի քան 150 հեղինակաւոր մտաւորական, քաղաքական, հանրային եւ համայնքային գործիչներու մասնակցութեամբ։
Խորհրդաժողովը հանգամանօրէն քննեց համազգային մարտահրաւէրներու եւ աշխարհաքաղաքական նոր իրողութիւններու պայմաններուն մէջ Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններուն ներկայիս պարզած պատկերը եւ համահայկական օրակարգերու շուրջ զօրաշարժի անհրաժեշտութիւնը։
Խորհրդաժողովի բացման նիստին իրենց ողջոյնի խօսքերը յղեցին Գարեգին Բ. եւ Արամ Ա. Վեհափառները, Արցախի Հանրապետութեան խորհրդարանի նախագահ, Արցախի Հանրապետութեան նախագահի պաշտօնակատար Աշոտ Դանիէլեանը։ Խորհրդաժողովին յաջողութեան մաղթանք փոխանցեց Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեանը:
Չորս կէտերէ բաղկացած օրակարգերուն շուրջ քննարկումներէ վերջ, խորհրդաժողովը կատարեց համապատասխան հաստատումներ, ընդգծեց առաջնահերթութիւններն ու այդ ուղղութեամբ ձեռնարկուելիք քայլերը։
Ա. ՍՓԻՒՌՔԻ ՌԱԶՄԱՎԱՐԱԿԱՆ ԴԵՐԸ ԵՒ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՕՐԱԿԱՐԳԸ
Սփիւռքի դերը հայութեան առջեւ ծառացած հիմնահարցերու լուծման մէջ ունի ռազմավարական կարեւոր նշանակութիւն։ Այսօր, երբ հայկական պետականութիւնը կը գտնուի անվտանգային լուրջ սպառնալիքներու առջեւ եւ կը թիրախաւորուին ազգային ինքնութեան հիմնասիւները, հրամայական է ազգային օրակարգերու շուրջ համահայկական զօրաշարժը։
Ներկայ հանգրուանին, Սփիւռքի քաղաքական օրակարգի առաջնահերթութիւններն են.
– Հայաստանի պետականութեան հզօրացում. Հայաստանի Հանրապետութեան հզօրացման եւ անվտանգութեան ամրապնդման ուղղուած ծրագրային համապարփակ ռազմավարութեան մշակում եւ գործադրում։
– Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչում եւ հատուցում. հակառակ Հայաստանի ներկայ իշխանութիւններու վարած քաղաքականութեան, Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման եւ հատուցման գործընթացը կը մնայ հրամայական։
– Արցախեան հիմնահարց. Արցախի հարցը կը շարունակէ մնալ օրակարգի վրայ՝ ընդգրկելով հետեւեալ գործնական քայլերը.
• Գերիներու անյապաղ ազատ արձակման հարցի հետապնդում։
• Արցախի ժողովուրդի իրաւունքներու պաշտպանութիւն եւ հաւաքական վերադարձի իրաւունքի միջազգայնացում։
• Բռնագրաւուած Արցախի հայկական մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութիւն։
• Արցախի պետական կառոյցներու գործունէութեան լիարժէք աջակցութիւն։
• Արցախի Հանրապետութենէն բռնի տեղահանուած հայրենակիցներու՝ ՀՀ-ի մէջ քաղաքացիական իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ ընկերա-տնտեսական խնդիրներու լուծման ուղղութեամբ աշխատանքներ։
Բ. ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՐԺԷՔՆԵՐՈՒ ԵՒ ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԴԵՐԸ ՍՓԻՒՌՔԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԻՆՔՆՈՒԹԵԱՆ ՊԱՀՊԱՆՄԱՆ ՄԷՋ
Հայկական ինքնութիւնը խարսխուած է Հայոց պատմութեան, Հայց. եկեղեցւոյ, լեզուի, մշակոյթի եւ ազգային արժէքներու վրայ, որոնք սփիւռքահայութեան գոյութեան հիմնական յենասիւներն են։ Ներկայ օրհասական պայմաններուն մէջ, Հայց. եկեղեցին, ինչպէս անցեալին, այսօր եւս կը շարունակէ մնալ ոչ միայն հոգեւոր խարիսխ, այլ նաեւ հայ ժողովուրդի ազգային եւ հոգեւոր ինքնութեան հիմնաքար։
Դատապարտելով ՀՀ իշխանութիւններու սանձազերծած պայքարը հայկական արժէքներու եւ Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ դէմ՝ անհրաժեշտ է նկատի ունենալ հետեւեալ առաջնահերթութիւնները.
– Դիմադրութիւն. ազգային ինքնութեան դէմ ուղղուած որեւէ քայլ եւ գործողութիւն պէտք է արժանանայ կազմակերպուած եւ միասնական հակազդեցութեան։
– Համախմբում. կանխել պառակտումը եւ ստեղծել ամուր համախմբում Եկեղեցւոյ շուրջ։
– Կրթութիւն եւ դաստիարակութիւն. ամրապնդել եւ ընդլայնել սփիւռքահայ կրթական, մշակութային ու հոգեւոր համակարգը՝ ի խնդիր աւելի մեծ թիւով նոր սերունդներու հայեցի ինքնութեան եւ դաստիարակութեան։ Նոր սերունդին մէջ պէտք է զարգացնել ազգային ընդհանուր շահերուն գիտակցելու ու ատոնց տիրութիւն ընելու կամքը։
Գ. ՀԱՅԱՍՏԱՆ–ՍՓԻՒՌՔ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՀԻՄՆԱՀԱՐՑԵՐ ԵՒ ՀՈՐԻԶՈՆՆԵՐ
Ազգային արժէքային համակարգը Հայաստանի Հանրապետութեան եւ ամբողջ հայ ազգի ուժի հիմնական աղբիւրն է: Զայն պէտք է համարել Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններու մշակման եւ համահայկական օրակարգի անփոխարինելի հիմքը: 44-օրեայ, ինչպէս նաեւ Արցախի վերջին պատերազմներէն եւ հայաթափումէն ետք, Հայաստանի իշխանութիւններուն վարած քաղաքականութիւնը սփիւռքահայութեան մէջ ստեղծած է խոր հիասթափութիւն եւ յուսախաբութիւն, որուն հետեւանքով անոր մօտ կը նկատուին հայրենիքէն ներքնապէս հեռանալու մտահոգիչ միտումներ: Խիստ դատապարտելի է ՀՀ ներկայ իշխանութիւններուն կողմէ՝ կազմակերպուած Սփիւռքը անտեսելու, պառակտելու եւ հայրենիքին նկատմամբ անոր զօրակցութիւնը արհամարհելու վնասակար քաղաքականութիւնը: Մտահոգիչ է նաեւ ՀՀ իշխանութիւններու ձեռնածալ մնալը՝ Միջին Արեւելքի գոյութենական վտանգներ ապրող հայկական գաղութներուն նկատմամբ: Առ այդ, Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններու առաջնահերթութիւններն են.
– Հայաստան-Սփիւռք ռազմավարական գործակցութիւն. վերականգնել եւ որակական նոր մակարդակի բարձրացնել համակարգային (ինստիտուցիոնալ) կապերը սփիւռքի հետ։
– Համահայկական կարողականութեան եւ ցանցային հնարաւորութիւններու օգտագործման արդիւնաւէտ գործիքակազմերու ստեղծում. ապահովել Սփիւռքի մասնագիտական մարդուժի առաւելագոյն մասնակցութիւնը պետական զանազան նախագիծերու եւ օղակներու մէջ՝ պատասխանատւութիւններ ստանձնելու հեռանկարով։
– Հայաստան-Սփիւռք միասնական տարածքի ձեւաւորում. քաղաքական, դիւանագիտական, տնտեսական, գիտական, ռազմարդիւնաբերական, տեղեկատուական եւ կրթա-մշակութային միասնական քաղաքականութեան մշակում եւ գործադրում։ Այս իմաստով, մեծ է սփիւռքի մասնագիտական մարդուժին դերը հայկական փափուկ ուժի կիրարկումին մէջ։
– Արեւմտահայերէնը վտանգուած է. արեւմտահայերէնի պաշտպանութեան ու զարգացման գործը կ՚ենթադրէ ոչ միայն Սփիւռքի, այլ նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան ներգործօն դեր:
– Սփիւռքի դերակատարութեան բարձրացում. մասնագիտական քննարկումի նիւթ դարձնել Հայաստանի Հանրապետութեան պետական կառավարման եւ համահայկական հարցերու հետապնդման մէջ սփիւռքահայութեան դերակատարութեան հնարաւոր տարբերակները՝ հասնելու համար համազգային համախոհութեան եւ ՀՀ-ի քաղաքական համակարգէն ներս իրաւական լուծումներու։
Դ. ՍՓԻՒՌՔԻ ԶՕՐԱՇԱՐԺ ԵՒ ՎԵՐԱՇԽՈՒԺԱՑՈՒՄ ՅԱՆՈՒՆ ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ ՆՊԱՏԱԿՆԵՐՈՒ
Համահայկական օրակարգերու նկատմամբ Սփիւռքի միասնականութեան, հզօրացման եւ վերակազմակերպման անհրաժեշտութիւնը աներկբայ է:
Հրամայական է սփիւռքահայութեան համախմբումը համազգային նպատակներու շուրջ, սփիւռքեան կառոյցներու եւ առհասարակ գործելակերպի արդիականացումը, գաղութներու միջեւ ուղղակի համագործակցութիւնը եւ ներուժի հետեւողական ամրապնդումը:
Սփիւռքի վերակազմակերպման գործընթացին մէջ յատկապէս կենսական է երիտասարդութեան լիարժէք ներգրաւումը:
Սփիւռքի զօրաշարժը պէտք է կատարուի ռազմավարական ծրագրերու շուրջ՝ նկատի ունենալով հետեւեալ առաջնահերթութիւնները.
– Աշխարհասփիւռ հայ ժողովուրդի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան հզօրացում՝ իբրեւ մէկ ազգի երկու բաղադրամասեր։
– Ազգային պետութիւն կերտելու գործընթացի սատարում։
– Հայ Դատի եւ համազգային նպատակներու հետապնդում:
Վերոնշեալ հաստատումներու եւ մատնանշուած առաջնահերթութիւններու լոյսին տակ Սփիւռքի ազգային զօրաշարժի խորհրդաժողովը կը շեշտէ, որ ներկայ աշխարհաքաղաքական բարդ պայմաններուն մէջ, Սփիւռքի կենսունակութիւնն ու հզօրութիւնը անքակտելիօրէն կապուած են մայր հայրենիքին։
Մեր միասնականութիւնը պէտք է խարսխուի յաւերժական ազգային արժէքներու եւ պետականութեան ամրապնդման տեսլականին վրայ՝ իբրեւ համընդհանուր օրակարգ։ Հայաստանի, Արցախի եւ հայ ժողովուրդի ազգային-պետական շահերը եւ նպատակները անքակտելի են։
Մենք կը մերժենք ՀՀ ներկայ իշխանութիւններու որդեգրած պառակտիչ եւ վանողական մօտեցումները։
Փոխարէնը, կոչ կ՚ուղղենք ստեղծելու առողջ, համակարգուած եւ հաւասարակշռուած յարաբերութիւններ, որոնք միակ երաշխիքն են հզօրացնելու հայ ազգը եւ անսասան պահելու հայկական պետականութիւնը։ Համազգային պատասխանատւութեան գիտակցութեամբ՝ մեր ներուժը պէտք է ծառայէ բացառապէս համազգային նպատակներու՝ ապահովելով հայութեան անվտանգ եւ երաշխաւորուած ապագան։
Այս նպատակով կ՚ընդգծենք ՀՀ բոլոր քաղաքացիներու,— անկախ իրենց գտնուած վայրէն,— մասնակցութեան կարեւորութիւնը ՀՀ Ազգային ժողովի ընտրութիւններուն, առ այդ կոչ կ՚ընենք, Հայաստանի Հանրապետութեան բոլոր քաղաքացիներուն—ներառեալ արտերկիր գտնուողներուն, իրենց միջոցներով երթալու Հայաստան—մասնակցիլու ընտրութիւններուն։
Անհրաժեշտութիւն է փոխել ՀՀ գործող իշխանութիւններու ապազգային ուղեգիծը եւ հաստատել պետութեան զարգացման ազգային-պետական ուղեգիծ։
ՍՓԻՒՌՔԻ ԶՕՐԱՇԱՐԺԻ ԽՈՐՀՐԴԱԺՈՂՈՎ»
