Յունիս 18-ի՝ Զօրավար Տը Կօլի կոչին առթիւ
Ordre de la Libération
Մայիս ամսուան ընթացքին, Ֆրանսայի Գաննի շարժանկարի փառատօնին հայ դերասան Սիմոն Աբգարեան, Զօրավար Տը Կօլի դերակատարութեամբ, մեծ գնահատանքի եւ ծափահարութիւններու արժանացաւ։ Հպարտութի՜ւն։
Հպարտութիւն է նաեւ գիտնալ, որ պատերազմի ընթացքին հայերը չվարանեցան հետեւելու Զօրավար Տը Կօլին՝ նոյնիսկ մինչեւ մահ։
1940 Յունիս 18. Լոնտոնէն Զօրավար Տը Կօլը իր համբաւաւոր կոչը կ’ուղղէ Ֆրանսայի եւ այլուր գտնուող ֆրանսացիներուն եւ համակիրներուն։ Այդ կոչով Տը Կօլը իր մօտ կը կանչէր բոլոր անոնք, որոնք կ՚ուզէին պայքարիլ Ֆրանսայի ազատագրութեան համար։ Կոչին պատասխանեցին կամաւորներ, զինուորներ, գունդեր եւ քաղաքներ։ Նոյն տարին, Զօրավար Տը Կօլ անոնց համար ստեղծեց «Ordre de la Libération»-ը, որ ունի մէկ տիտղոս՝ «Compagnon de la Libération» (Ազատագրութեան Ընկեր)։ 1036 հոգի կ՚արժանանայ այդ տիտղոսին, որոնց շարքին պէտք է աւելցնել նաեւ գունդեր եւ քաղաքներ։ 1967-ին փարիզեան «Hôtel national des Invalides»-ին մէջ կը բացուի «Ordre de la Libération» թանգարանը, ուր երկու պատերու վրայ կը յիշատակուին այդ 1036 առաջին հերոսներուն անունները եւ կը ցուցադրուին անոնց դիմանկարները։ Անոնց մէջ կը գտնենք երկու հայեր՝ Ռոժէ Սէֆէրեան (կոչեալ Տը Ռովլէն) եւ Ալեքսանտր Տէր Սարգիսոֆ։

Ռոժէ ՍԷՖԷՐԵԱՆ (կոչեալ ՏԸ ՌՈՎԼԷՆ/DE RAUVELIN)
Ծնած է 1915 Դեկտեմբեր 16-ին Գլիսոն քաղաքին մէջ (Լուար-Աթլանթիք նահանգ)։ Հայրը՝ Արշակ, Պոլիսէն է, իսկ մայրը՝ Ժերմէն, Պրեթանյէն։ Նախնական ուսումը ստանալէ ետք, Փարիզի մէջ կ՚ուսանի գրականութիւն եւ փիլիսոփայութիւն։ 1939-ին զօրակոչի կ՚ենթարկուի եւ մաս կը կազմէ 32-րդ ձիաքարշ դաշտային հրետանային գունդին։ 1940-ին կը ստանայ Հետամուտի (Aspirant) աստիճան։
Նոյն տարին կը մասնակցի Տէօնքէրքի պարպումին։ Զինք նաւով կ՚ուղարկեն դէպի Մատակասքար։ Նախընտրելով Ֆրանսայի ազատագրութեան պատերազմը, եւ ոչ թէ պարտադրուած զինադուլը, Հարաւային Ափրիկէի ճամբուն վրայ ծով նետուելով փախուստ կու տայ։ Ընդառաջելով Տը Կօլի կոչին՝ 1940 Հոկտեմբերին Տուրպան քաղաքին մէջ կը զինուորագրուի Ազատ Ֆրանսայի համար։ Ռոժէ Տը Ռովլէն կեղծանունով մաս կը կազմէ Ֆրանսական Ազատ Ուժերուն (FFL)։ Սուրիոյ Դամասկոս քաղաքին մէջ կը նշանակուի տեղակալի կցորդ։ Լիպիոյ ճակատամարտին՝ որպէս 4-րդ գունդի հրետանային սպայ, 1942 Յունուարէն մինչեւ Յունիս քաջութեամբ եւ եռանդով կը կռուի՝ ցուցաբերելով պաղարիւն ղեկավարութիւն։
1942 Յունիս 10-ին Պիր-Հաքէմի ճակատամարտին, երբ կը ղեկավարէր իր գունդը, պայթումներու հետեւանքով ծանրօրէն կը վիրաւորուի եւ կը փոխադրուի Եգիպտոսի Սոլոմ քաղաքի անգլիական զինուորական հիւանդանոցը։ Յունիս 13-ին կը կնքէ իր մահկանացուն։ Որպէս պատմական յիշեցում՝ նշենք, որ այս ճակատամարտին հայերը տուած են 9 զոհ։ Ան կը թաղուի անգլիական ռազմական գերեզմանատան մէջ։

Արժանացած է «Ֆրանսայի համար զոհուած»-ի կոչումին։
Արժանացած է հետեւեալ շքանշաններուն՝
• Պատերազմի Խաչ (1939-1945)՝ արմաւենիով
• Պատուոյ Լեգէոնի Ասպետ
• Ազատագրութեան Ընկեր՝ 1943 Մայիս 11-ի հրամանագրով
Ալեքսանտր ՏԷՐ ՍԱՐԳԻՍՈՖ
Ծնած է 1911 Դեկտեմբեր 14-ին, Փարիզի 13-րդ թաղամասին մէջ։ Նախնական ուսումը ստանալէ ետք, կը յաճախէ Սէն Սիր զինուորական դպրոցը եւ կ՚աւարտէ որպէս ենթատեղակալ (Sous-lieutenant)։ 1934-ին կը միանայ բանակին։ 1939-ին սպայ Տէր Սարգիսոֆը կը նշանակուի ծառայելու Ալժէի մէջ։ 1940-ին, մերժելով զինադուլը, կը միանայ «Ազատ Ֆրանսա» շարժումին։ 1940 Յուլիսին անցնելով Անգլիա՝ մաս կը կազմէ Ֆրանսական Ազատ Ուժերուն (FFL)։ Կը վերադառնայ Ակատիր, ուր իր գաղտնի աշխատանքներուն պատճառով կը ձերբակալուի ու կը փոխադրուի Ֆրանսա։ Երեք տարուան ծանր բանտարկութենէ ետք, վերջապէս կը յաջողի փախչիլ եւ կ՚անցնի Ճիպրալթար, ապա՝ Ալժէ։

1944 Նոյեմբերին մաս կը կազմէ Վոժի (Vosges) շրջանի 13-րդ Օտար Լեգէոնին (13e DBLE) եւ կը մասնակցի Արտէնի ճակատամարտին։ 1945-ին քաջաբար կը մասնակցի ալզասեան բուռն բախումներուն, իսկ պատերազմի վերջին օրերուն՝ ալպեան Massif d’Authion-ի վերագրաւման կռիւներուն։
Պատերազմը կ՚աւարտէ հարիւրապետի աստիճանով։
Նոյեմբեր 1945-ին Ալեքսանտր Տէր Սարգիսոֆը կը հեռանայ բանակէն եւ որպէս մատակարար կը նշանակուի Ֆրանսայի հեռաւոր նահանգներուն (անդրծովեան տարածքներուն) մէջ։ Կը գործէ Հնդկաչինի եւ Ափրիկէի զանազան երկիրներուն մէջ։ Վերադառնալով Ֆրանսա՝ կը հաստատուի Նիս, ուր կը կնքէ իր մահկանացուն 1981 Հոկտեմբեր 17-ին։ Թաղուած է նոյն քաղաքին մէջ։
Արժանացած է հետեւեալ շքանշաններուն՝
• Պատերազմի Խաչ (1939-1945)՝ արմաւենիով
• Պատուոյ Լեգէոնի Ասպետ
• Դիմադրութեան Շքանշան
• Ազատագրութեան Ընկեր՝ 1946 Յունիս 20-ի հրամանագրով
Յարգանքով յիշենք անոնց եւ միւսներուն քաջութիւնն ու զոհողութիւնը։
Հրանդ Նորշէն ■
Յ.Գ. – Հակառակ պաշտօնական աղբիւրներու մէջ կատարուած պրպտումներուն՝ ցարդ Ռոժէ Սէֆէրեանէն որեւէ լուսանկար չէ գտնուած։
______
Hôtel des Invalides
129, Rue de la Grenelle – 75007 PARIS
