ՔՊ-ն Ազգային ժողովի նախագահի թեկնածու ընտրած է Ռուբէն Ռուբինեանը
Ազգային ժողովի նախագահի թեկնածու ընտրուած է Ռուբէն Ռուբինեանը. այս մասին «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան վարչութեան Յունիս 25-ի նիստէն ետք լրագրողներուն յայտնած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը:
“Քննարկումէն ետք, փակ-գաղտնի քուէարկութեամբ Ազգային ժողովի նախագահի թեկնածու ընտրուեցաւ Ռուբէն Ռուբինեանը”,– յայտարարած է վարչապետ Փաշինեանը:
Լրագրողներուն հետ զրոյցի ընթացքին Ռուբէն Ռուբինեանն ալ շեշտած է. “Շոյուած եմ արդիւնքէն, եւ վստահութիւնը ինծի համար շատ պարտաւորեցնող է: Չեմ կրնար ըսել, որ բան մը պէտք է աւելի լաւ ընեմ, քան նախորդ նախագահը կամ միւս թեկնածուները: Ես կը կարծեմ, որ պարոն Սիմոնեանը Ազգային ժողովի շատ լաւ նախագահ եղած է, իսկ պարոն Կոնջորեանը՝ խմբակցութեան փայլուն ղեկավար”:
Ազգային ժողովի նախագահի աթոռին համար կը պայքարէին երեք թեկնածուներ՝ խորհրդարանի ներկայի նախագահ Ալէն Սիմոնեանը, փոխնախագահ Ռուբէն Ռուբինեանը եւ խմբակցութեան ղեկավար Հայկ Կոնջորեանը։
Հայ-թրքական բանակցութիւններուն մէջ Հայաստանի բանագնաց Ռուբէն Ռուբինեանին «Ազատութիւն» լրասփիւռը հարց տուած է, թէ քանի որ ինք ներգրաւուած է հայ-թրքական գործընթացին մէջ, արդեօք հաւանակա՞ն է, որ հոս որեւէ բան փոխուի։ Ռուբինեան պատասխանած է. “Չեմ գիտեր, չեմ մտածած, որովհետեւ 5 վայրկեան առաջ կայացուեցաւ այդ որոշումը, 5 վայրկեանի մէջ ժամանակ չունեցանք այդ հարցին անդրադառնալու”:
Իսկ փոխնախագահի թեկնածու ընտրուած են Հայկ Կոնջորեանն ու Վահագն Ալեքսանեանը
«Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան վարչութեան Յունիս 29-ի նիստին ալ փակ-գաղտնի քուէարկութեամբ Ազգային ժողովի փոխնախագահներու պաշտօններուն համար ընտրուած են Հայկ Կոնջորեանն ու ՔՊ-ի փոխնախագահ Վահագն Ալեքսանեանը. լրագրողներուն հետ զրոյցի ընթացքին այս մասին յայտարարած է վարչապետ Փաշինեանը:

Խորհրդարանի երկու փոխնախագահներու պաշտօններուն կը յաւակնէին նաեւ Եւրոպական համարկման եւ պետաիրաւական հարցերու մնայուն յանձնաժողովներու նախագահներ Արման Եղոյեանն ու Արուսեակ Ջուլհակեանը, ինչպէս նաեւ երեսփոխան Ալխաս Ղազարեանը:
Ազգային ժողովի երրորդ փոխնախագահը, ըստ օրէնքի, պէտք է ըլլայ ընդդիմութեան ներկայացուցիչ:
