Վարչապետ Փաշինեանի պաշտօնական այցելութիւնը Գերմանիա 

 

Հայաստան եւ Գերմանիա կը հաստատեն ռազմավարական գործընկերութիւն

Վարչապետ Փա­շինեան Գեր­մա­նիա կա­տարած իր պաշ­տօ­նական այ­ցե­լու­թեան շրջա­նակին մէջ հան­դի­պում ու­նե­ցած է երկրին վար­չա­պետին՝ Ֆրիտ­րիխ Մեր­ցի հետ։ Պեր­լի­նի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած պաշ­տօ­նական դի­մաւոր­ման արա­րողու­թե­նէն ետք, եր­կու ղե­կավար­նե­րը ու­նե­ցած են գլուխ-գլխի զրոյց, որուն յա­ջոր­դած է ընդլայ­նո­ւած կազ­մով հան­դի­պու­մը։

Ռազ­մա­վարա­կան հռչա­կագիր 

Այ­ցե­լու­թեան կա­րեւո­րագոյն իրա­դար­ձութիւ­նը դար­ձած է եր­կու եր­կիրնե­րուն մի­ջեւ «Երկկողմ գոր­ծընկե­րու­թեան ռազ­մա­վարա­կան օրա­կարգ»-ի վե­րաբե­րեալ միացեալ հռչա­կագ­րին ստո­րագ­րութիւ­նը։ Վար­չա­պետ Փա­շինեան այ­ցե­լու­թիւնը որա­կած է «պատ­մա­կան»՝ շեշ­տե­լով, որ հայ-գեր­մա­նական յա­րաբե­րու­թիւննե­րը կը թե­ւակո­խեն ռազ­մա­վարա­կան նոր փուլ մը, որ հիմ­նո­ւած է ժո­ղովրդա­վարու­թեան, մարդկա­յին իրա­ւանց եւ փո­խադարձ վստա­հու­թեան վրայ։

Քննար­կո­ւած են առեւտրատնտե­սական, կրթա­կան եւ մշա­կու­թա­յին հա­մագոր­ծակցու­թեան հար­ցեր։ Կող­մե­րը գո­հու­նա­կու­թեամբ ար­ձա­նագ­րած են յատ­կա­պէս «Թու­մօ» ստեղ­ծա­րար ար­հեստա­գիտու­թեան կեդ­րոննե­րու յա­ջողու­թիւնը Գեր­մա­նիոյ զա­նազան քա­ղաք­նե­րուն մէջ։

Այ­ցե­լու­թիւն Համ­պուրկ եւ տնտե­սական ծրագ­րեր

Պաշ­տօ­նական այ­ցի ծի­րէն ներս, վար­չա­պետը մեկ­նած է նաեւ Համ­պուրկ, ուր հան­դի­պում ու­նե­ցած է քա­ղաքա­պետ Փե­թըր Չեն­չե­րի հետ։ Քննար­կումնե­րու առանցքը կազ­մած են տնտե­սական եւ ներդրու­մա­յին կա­պերու ընդլայ­նումը։

Վար­չա­պետը յայտնած է, որ Համ­պուրկի նա­ւահան­գիստը հե­տաքրքրու­թիւն ցու­ցա­բերած է Գիւմրիի մէջ «չոր նա­ւահան­գիստ» (port sec / dry port) ստեղ­ծե­լու ծրագ­րին նկատ­մամբ։ Ան նաեւ անդրա­դար­ձած է վե­րականգնո­ւող ու­ժա­նիւ­թի ոլոր­տին (արե­գակ­նա­յին ու­ժա­նիւթ եւ կա­նաչ ջրա­ծին)՝ ընդգծե­լով գեր­մա­նական ըն­կե­րու­թիւննե­րու հետ հա­մագոր­ծակցու­թեան եւ ու­ժա­նիւ­թի կու­տակման կա­յան­նե­րու ստեղծման կա­րեւո­րու­թիւնը։

Անդրա­դառ­նա­լով տա­րածաշրջա­նային զար­գա­ցումնե­րուն, Փա­շինեան նշած է Հա­յաս­տա­նի ու Ազեր­պայճա­նի մի­ջեւ վերջնա­կան խա­ղաղու­թեան հաս­տատման պա­րագա­յին ստեղ­ծո­ւելիք նոր տնտե­սական կա­րելիու­թիւննե­րը եւ Թուրքիոյ հետ սահ­մա­նի բաց­ման ակնկա­լիքները։

Հան­դի­պում՝ Համպուրկի հայ հա­մայնքի ներ­կա­յացու­ցիչնե­րուն հետ

Համպուրկի մէջ, Փա­շինեան հան­դի­պում մը ու­նե­ցած է նաեւ տեղ­ւոյն հայ հա­մայնքի ներ­կա­յացու­ցիչնե­րուն հետ:

Հան­դիպման ըն­թացքին վար­չա­պետը անդրա­դար­ձած է Հա­յաս­տա­նի կա­ռավա­րու­թեան առաջ­նա­հեր­թութիւննե­րուն, տնտե­սու­թեան զար­գացման ըն­թացքին, «Իրա­կան Հա­յաս­տան»-ի գա­ղափա­րախօ­սու­թեան, եկե­ղեց­ւոյ վե­րանո­րոգ­ման հրա­մայա­կանին, Հա­յաս­տա­նի ու Ազեր­պայճա­նի մի­ջեւ խա­ղաղու­թեան հաս­տատման, տա­րածաշրջա­նին մէջ տե­ղի ու­նե­ցող գոր­ծընթաց­նե­րուն եւ այլ նիւ­թե­րու: Վար­չա­պետը պա­տաս­խա­նած է նաեւ ներ­կա­ներու հար­ցումնե­րուն:

Փաշինեան մեկնած է Մոսկուա

Աւելցնենք, որ վար­չա­պետը Դեկ­տեմբեր 11-ին ալ աշ­խա­տան­քա­յին այ­ցե­լու­թեամբ մեկ­նած էր Մոս­կո­ւա։ Կը մաս­նակցէր Եւ­րա­սիական միջ­կա­ռավա­րական խոր­հուրդի յա­ջոր­դա­կան նիստին։ ■