Ահաբեկչութեան մեղադրանքով արդէն 5 ամիս է բանտը գտնուող Տաւուշի թեմի նախկին առաջնորդ Բագրատ Գալստանեանի բանտարկութիւնը երկարաձգուած է երեք ամիս եւս։
Հակառակ բարձրաստիճան հոգեւորականին ու անոր փաստաբաններուն պնդումներուն, թէ ինքն ու իրեն հետ նոյն օրը ձերբակալուած աւելի քան մէկ տասնեակ անձերու նկատմամբ մեղադրանքները կեղծ են ու զիրենք ազատազրկելու որեւէ հիմք չկայ, դատախազը պնդած է, թէ ան ազատութեան մէջ գտնուելով կրնայ խոչընդոտել քննութիւնը ու խուսափիլ անկէ։
Դատաւորը հիմնաւոր նկատած է մեղադրող կողմին դիմումը ու անփոփոխ ձգած է անոր խափանման միջոցը։