Տանըլտ Թրամփ Չորեքշաբթի, Յունուար 14-ին վստահեցուց, որ Իրանի մէջ «սպանդը վերջ կը գտնէ» եւ իշխանութիւնները «չեն նախատեսեր» մահապատիժի ենթարկել ցուցարարները։ Այնպէս կը թուի, թէ այս խօսքերը կը հեռացնեն ամերիկեան ռազմական միջամտութեան հեռանկարը։ Միւս կողմէ, Իրանի Արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի նոյն օրը երեկոյեան հաստատեց, որ իրանեան իշխանութիւնները իրավիճակը «ամբողջովին կը վերահսկեն»։

«Իրանի Մարդկային իրաւանց» (IHR) հասարակական կազմակերպութիւնը Յունուար 14-ին յայտարարեց, թէ իշխանութեան դէմ բողոքի շարժումին սկիզբէն ի վեր Իրանի մէջ սպանուած են առնուազն 3428 ցուցարարներ, աւելի քան 10.000 հոգի ալ ձերբակալուած է։ ԱՄՆ-ու մէջ հաստատուած HRANA իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնը, իր կարգին, խօսեցաւ 2571 զոհի մասին, որոնցմէ 2403-ը՝ ցուցարար, իսկ 147-ը՝ կառավարութեան առընթեր անձեր։

***

Աւելցնենք, որ մինչեւ 10.000 եւ աւելի զոհերու մասին լուրեր ալ կը շրջին, բայց ինչպէս ծանօթ է, Իրան հաղորդակցական առումով ամբողջական մեկուսացման մէջ գտնուելով՝ ո՛չ մէկ տեղեկութեան մասին կարելի է խօսիլ 100%։

«Կանխեցէ՛ք Իրանի վրայ ամերիկեան յարձակումը»

Միւս կողմէ, Թեհրան խնդրած է տարածաշրջանին մէջ ԱՄՆ-ու դաշնակիցներէն «կանխել Իրանի վրայ ամերիկեան յարձակումը»։

“Թեհրան տարածաշրջանի երկիրներուն՝ սկսեալ Սաուտական Արաբիայէն եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններէն մինչեւ Թուրքիա, ըսած է, որ այդ երկիրներուն մէջ գտնուող ԱՄՆ-ու ռազմակայանները պիտի ենթարկուին յարձակման, եթէ ԱՄՆ-ն թիրախաւորէ Իրանը”,– Reuters-ին ըսած է իրանցի բարձրաստիճան պաշտօնեայ մը։

Ան աւելցուցած է, որ Իրանի Արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչիի եւ ԱՄՆ-ու յատուկ դեսպանորդ Սթիւ Ուիթքոֆի միջեւ ուղղակի շփումները կասեցուած են՝ ցոլացնելով աճող լարումը։

Ռեզա Փահլաւիի առնուազն հաճոյակատար յայտարարութիւնը

Իրանի անկեալ Շահին (1979-ին) որդին՝ Ռեզա Փահլաւի, ի սէր երկիր վերադառնալով ստանձնելու իշխանութեան ղեկը՝ ամերիկեան բոլոր պահանջները գոհացնող յայտարարութիւն մը ըրած է։

«Անվտանգութեան եւ արտաքին քաղաքականութեան ոլորտին մէջ Իրանի հիւլէական ռազմական ծրագրին վերջ պիտի տրուի։ Ահաբեկչական խմբաւորումներուն տրամադրուող աջակցութիւնը անմիջապէս պիտի դադրեցուի։

Ազատ Իրանը պիտի աշխատի տարածաշրջանային եւ համաշխարհային գործընկերներուն հետ՝ ահաբեկչութեան, կազմակերպուած յանցագործութեան, թմրեցուցիչներու ապօրինի շրջանառութեան եւ ծայրայեղական իսլամականութեան դէմ պայքարելու համար։

Դիւանագիտութեան մէջ Միացեալ Նահանգներու հետ յարաբերութիւնները պիտի կարգաւորուին եւ մեր բարեկամութիւնը Ամերիկայի ու անոր ժողովուրդին հետ պիտի վերականգնուի։

Իսրայէլի պետութիւնը անմիջապէս պիտի ճանչցուի։ Մենք պիտի ձգտինք Աբրահամի համաձայնագրերու ընդլայնման՝ Կիւրոսի համաձայնագրերուն մէջ՝ միաւորելով ազատ Իրանը, Իսրայէլը եւ արաբական աշխարհը»,– կ՚ըսուի Ռեզա Փահլաւիի յայտարարութեան մէջ։